Պատմական ակնարկ
Սոյն էջը կը ներկայացնէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին պատմութիւնը եւ անոր գործունէութեան ժամանակագրութիւնը։
Մեր հիմնադիրին մասին
Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեան ծնած է 1869-ին Սկիւտար, Պոլիս։ Յաճախած է Արամեան Ունճեան վարժարանը, ապա Պոլսոյ ֆրանսական դպրոցը եւ ամերիկեան քոլէճը. 14 տարեկանին մեկնած է Եւրոպա ուսումը շարունակելու։
Ամբողջ կեանքին ընթացքին ծաւալած է բարեգործական գործունէութիւն, ներառեալ՝ գրադարանի եւ եկեղեցիի հիմնադրում, դպրոցներու օժանդակութիւն, հիւանդանոցի օգնութիւն. յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է եւ օժանդակած է Միջին Արեւելքի հայութեան։
Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեան իր վերջին տասնըերեք տարիները անցուցած է Լիզպոնի մէջ, ուր մահացած է 1955-ին. անոր աճիւնները ամփոփուած են Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ։
Կիւլպէնկեանի կտակին համաձայն, 1956-ին կը հիմնուի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը, որ մինչ օրս բարեգործական աշխատանքներ կը ծաւալէ՝ արուեստի, կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներուն մէջ։
Կիւլպէնկեանի հարստութիւնը Միջին Արեւելքի քարիւղի պաշարները Արեւմուտքի շահագործման հասանելի դարձնելու աշխատանքին շնորհիւ է։ Իր կեանքին ընթացքին Կիւլպէնկեան արուեստի գործերու մեծ հաւաքածոյ մը կուտակած է, որ հիմքը հանդիսացած է Կիւլպէնկեան թանգարանի ստեղծումին։
Կիւլպէնկեանի կենսագրութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել այս էջը։
Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին մասին
Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը, նախապէս՝ Միջին Արեւելքի Բաժանմունք, հիմնուած է 1956 թուականին։ Բաժանմունքին առաջին պատասխանատուն եղած է Գէորգ Էսաեան՝ Կիւլպէնկեանի փեսան։
Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի պատասխանատու հոգաբարձուն մինչ օրս եղած է ազգութեամբ հայ եւ հիմնադիրին ընտանիքին անդամ: Բաժանմունքի պատասխանատու հոգաբարձուն էր Մարթին Էսաեանը, որ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծոռն է։ Նախորդող հոգաբարձուները եղած են՝ Միքայէլ Էսաեան, Կիւլպէնկեանի թոռը եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան պատուոյ նախագահը, ինչպէս նաեւ Կիւլպէնկեանի եղբօրորդին՝ Ռոպերթօ Կիւլպէնկեանը։
2013-էն սկսեալ, Բաժանմունքին տնօրէնն է Ռազմիկ Փանոսեանը. նախորդ տնօրէններուն շարքին են՝ Ռոպերթօ Կիւլպէնկեան, Կորիւն Քէշիշեան եւ Զաւէն Եկաւեան։ 2012-ին միջանկեալ տնօրէն եղած է Աստղիկ Չամքերթեն։
Բաժանմունքին գործունէութեան կարեւոր նախաձեռնութիւններէն ժամանակագրական կարգով։
1957–1960
1957–58
Կը հիմնուի համալսարանական կրթանպաստներու ծրագիրը, որ կը շարունակուի մինչ օրս. այս ծրագիրին շնորհիւ տասնեակ հազարաւոր հայ ուսանողներ նպաստ ստացած են։
1959–60
Կը հիմնուի «Ձրի կրթաթոշակներ»-ու ծրագիրը, օգնելու որ աշխարհի մէջ տարբեր տեղեր եւ յատկապէս Միջին Արեւելիքի մէջ հայ աշակերտներ հայկական դպրոց յաճախեն։ Այս ծրագիրը շարունակուած է տասնամեակներու ընթացքին եւ նպաստած է հազարաւոր աշակերտներու։ Յաջորդիւ, նպաստներ յատկացուած են նաեւ Միջին Արեւելիքի, Թուրքիոյ, Արժանթինի եւ Ուրուկուէյի մէջ դպրոցներու նորոգութեան եւ կառուցումին։ Մինչ օրս, հայկական դպրոցներու եւ կրթութեան ոլորտի օժանդակութիւնը հիմնական մասը կը կազմէ Բաժանմունքին գործունէութեան։
1959
Կը մեկնարկուի հայագիտական նիւթերու շուրջ գիրքերու հրատարակութեան ծրագիրը։
1960–1970
1960
Պէյրութի մէջ կը կառուցուին բազմաբնակարանային տուներ կարիքաւոր հայերու համար, UNHCR-ի, Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութեան եւ «Swiss Friends of Armenians»-ի հետ համագործակցութեամբ։ Հայ փախստականներու համար նման բնակարաններ կառուցուած են նաեւ Աթէնքի մէջ UNHCR-ի հետ միատեղ։
1960–1970
Բժշկական սարքեր կը նուիրաբերուին Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցին։ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծնողքը, ինչպէս նաեւ ընտանիքի այլ անդամներ, ամփոփուած են հիւանդանոցին բակը։
1988–1990
1988–1989
Աղէտալի երկրաշարժէն ետք, Սովետական Հայաստանի կը ղրկուի մարդասիրական օգնութիւն։ Նիւթական օժանդակութեան կողքին, Հիմնարկութիւնը միջնորդ կը հանդիսանայ Փորթուկալէն Հայաստան ղրկուելիք օգնութեան համար։ 1991-էն սկսեալ, Հիմնարկութիւնը կը շարունակէ օժանդակել անկախ Հայաստանին, կեդրոնանալով քաղաքացիական ոլորտին եւ կրթանպաստներու վրայ, միեւնոյն ժամանակ շարունակելով ի հարկին մարդասիրական օժանդակութիւն յատկացնել։
1990
Բաժանմունքը կը ձեռնարկէ դպրոցներու վերանորոգումի մեծ ծրագիրի մը Լիբանանի մէջ։ Սփիւռքի հայկական դպրոցներու օժանդակութիւնը կը շարունակուի մինչ օրս։
2001–2012
2001
Կը նորոգուի Երուսաղեմի Գալուստ Կիւլպէնկեան Գրադարանը, որ կառուցուած է 1930-ին Կիւլպէնկեանի նուիրատուութեան շնորհիւ. Կիւլպէնկեան Գրադարանը Սփիւռքի կարեւորագոյն գրադարաններէն մէկն է։
2003
Կը հովանաւորուի «Մատենագիրք Հայոց» հայագիտութեան եւ մատենագիտութեան բազմահատոր ձեռնարկը. ծրագիրը շարունակական է, եւ հատորներուն հրատարակութիւնը մինչ օրս կ՚իրականացուի Բաժանմունքին հովանաւորութեամբ։
2003–2005
Նպաստներ կը տրամադրուին հայկական տարբեր դպրոցներու, յատկապէս Միջին Արեւելքի եւ Թուրքիոյ մէջ:
2003–2012
Նպաստներ կը յատկացուին Միջին Արեւելքի հայկական որբանոցներուն, ինչպէս նաեւ այլ կրթական հաստատութիւններու՝ Լիբանանի Զուարթնոց եւ Քահլ կեդրոններուն: Հիմնարկութիւնը կ՚աջակցի նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, եւ Դպրեվանքին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Հայոց Առաջնորդարանին, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան, Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցին եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան:
2004–2006
Նպաստ կը յատկացուի Arevik CD ROM (Արեւիկ Այբբենարան – Armenian Computer Based Course) նախագիծին, որ հայոց լեզուի եւ գրականութեան առաջին բազմամիջարկ ձեռնարկն էր, երեք տարբեր մակարդակներու համար:
2007–2011
Երեւանի Պետական Համալսարանին դրամաշնորհներ կը տրուին տարբեր հրատարակութիւններու համար։
2008–2010
Լոնտոնի մէջ (SOAS) հայկական ուսումնասիրութիւններու դասընթացին նպաստ կը յատկացուի։
2013–2018
2013
Կը մեկնարկուի Բաժանմունքին հնգամեայ ծրագիրը, որ կը կեդրոնանայ Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի կենսունակութեան եւ կրթական բարեփոխումներու վրայ, ինչպէս նաեւ համալսարանական կրթանպաստներու, Հայաստանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան, հայ-թուրք յարաբերութիւններու, եւ թուային հրատարակութիւններու վրայ։
2014
Հիմնարկութեան մէջ տեղի կ՚ունենայ առաջին «Հայկական մշակոյթի շաբաթ»-ը՝ համերգներով, ցուցահանդէսներով եւ գիտաժողովներով։ Տեղի կ՚ունենայ «Հայերը 2115-ին» սեմինարը սփիւռքահայ ղեկավարներու մասնակցութեամբ։
Նպաստ կը յատկացուի Թուրքիոյ մէջ հայկական ներկայութեան վրայ կեդրոնացող նախաձեռնութիւններու որոնք կը սատարեն քաղաքացիական եւ ակադեմական այն կառոյցներուն որ կ՚արժեւորեն հայոց ներկայութիւնը, պատմութիւնը, մշակոյթն ու լեզուն։
2015
Կը մեկնարկուի Մխիթարեան Միաբանութեան թերթերու եւ հանդէսներու հարուստ ժառանգութեան թուայնացումի ծրագիրը։ Կ՚իրագործուին թուայնացումի այլ ծրագիրներ՝ Յակոբ Օշականի գրաւոր ամբողջ ժառանգութիւնը. Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանի եւ Վլում հարթակներուն վրայ հարիւրաւոր գիրքերու եւ ձայնագիրքերու տեղադրումը, ինչպէս նաեւ Նայիրի կայքէջին վրայ 83 բառարաններու թուայնացումը։
Հայաստանի մէջ մեկնարկը կը տրուի Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշարին, որ հայերէնով տրամադրելի կը դարձնէ հասարակագիտական ու ընկերային գիտութիւններու հիմնական բնագիրներ։ Հայերէնի կը թարգմանուին Մ. Ֆուկոյի, Ե. Սայիդի, Յ. Հաբերմասի, Ս. Դը Բովուարի, Ջ. Ագամբէնի, Ա. Բադիուի, Հ. Արենդթի եւ այլ կարեւոր հեղինակներու գործերը։
2016–2018
Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենան երկու կարեւոր ակադեմական գիտաժողովներ. Երեւանի պետական համալսարանին մէջ՝ Ռուսաստանի հայ Սփիւռքին մասին, իսկ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ՝ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։
2017
Կը սկսի մանուկներու, պատանիներու եւ երիտասարդներու նուիրուած Զարմանազան ամառնային ճամբարը. ի գործ կը դրուին նաեւ արեւմտահայերէնին վերաբերող այլ նախաձեռնութիւններ, ներառեալ մանկավարժական աղբիւրներու կայքէջի ստեղծումը՝ Զնտուկ, մանկապատանեկան գիրքերու հրատարակութիւնը՝ Զարդիս, եւ մանկապատանեկան Երդիք առցանց տեսանիւթերու շարքը: Կ’իրականացուին ուսուցչական վերապատրաստումի ծրագիրներ:
Կը մեկնարկուի հայերէնի ամբողջական ուղղագրիչի եւ արեւմտահայերէնի ելեկտրոնային ազգային շտեմարանի ծրագիրը։ Android եւ iOS համակարգերու ուղղագրիչները արդէն հասանելի են եւ անվճար ներբեռնելի։ Յաջողութեամբ կ՚ամբողջացուին նաեւ թեքնաբանութեան վերաբերող այլ ծրագիրներ, ներառեալ՝ Արեւմտահայերէնի ծառադարանը, որ կենսական գործիք մըն է Բնական լեզուի մշակումի ոլորտին մէջ։
2018
Կը մեկնարկուի Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ ծրագիրը, որ աշխարհի տարբեր երկիրներու հայկական համայնքներուն հանրային կարծիքը ուսումնասիրող գիտահետազօտական աշխատանք մըն է:
2019–2024
2019
2014-2018-ի հնգամեայ ծրագիրը կը վերահաստատուի 2019-2023-ի շրջանին համար, կրելով որոշ բարեփոխումներ։ Տարբերութիւնը կիրարկումի ձեւաչափն է, որ կը միտի ապահովելու աւելի՛ թիրախաւորուած աշխատանք եւ խորունկ ազդեցութիւն, հիմնուելով Բաժանմունքին առաջնահերթութիւններուն եւ հիմնական գործունէութեան վրայ։
Բաժանմունքը կը հրապարակէ իր Լիբանանի ռազմավարութիւնը, որ կը բաղկանայ ընդգրկուն ծրագիրէ մը. ռազմավարութիւնը կը ներառէ աշխատանք հայկական դպրոցներուն հետ, ուսուցիչներու վերապատրաստումի մասնագիտական ծրագիր, թիրախաւորուած կրթանպաստներու յատկացում եւ արեւմտահայերէնով մշակութային նորարարութեան ծրագիր։
Բաժանմունքը կազմակերպչական մեծ աշխատանք կը տանի Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ, որ կը կայանայ ամբողջ Հիմնարկութեան մակարդակով. տեղի կ՚ունենան բազմազան միջոցառումներ:
2020
Պսակաձեւ ժահրի ժամանակ, Բաժանմունքը կը մնայ գործունեայ՝ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելով Հայաստանի եւ Լիբանանի։ Աւելին. քայլ պահելով աշխարհին հետ, եւ ի պատասխան տնակալումի պարտադրանքին, կը մեկնարկուին տարբեր նորարարական ծրագիրներ եւ մրցոյթներ՝ Խօսք առ մրցանակը եւ Հայերէնով դասաւանդողներու առցանց ուսուցումի մրցանակ։
2021
Հայկական Բաժանմունքը կը մեկնարկէ նոր ծրագիր մը՝ «արդ եւս» որ միակ նպաստի ծրագիրն է արեւմտահայերէնով յառաջադէմ մշակութային կիրարկութեան համար։ Ամեն տարի մինչեւ 10 նախագիծի նպաստ կը յատկացուի որ մշակութային գործիչներ եւ դրական ներգործութիւն բերողներ կարենան մշակոյթի միջոցով ընկերային առաջընթաց, կլիմայի պաշտպանութիւն եւ ժողովրդավարական մօտեցումներ ապահովել: Ծրագիրը շարունակական է։
2022–2023
Բաժանմունքը Արտակարգ կրթանպաստի ծրագիր կը մշակէ Լիբանանի հայ համալսարանականներուն համար երկրին մէջ տիրող տնտեսական ճգնաժամին բերումով։ Քառասունմէկ արտակարգ կրթանպաստ կը յատկացուի Հիմնարկութեան արդէն իսկ գոյութիւն կրթանպաստներու առընթեր։
2023
Մարդասիրական օգնութիւն կը ղրկուի Միջին Արեւելք, ի պատասխան աւերիչ երկրաշարժին` վնասուած համայնքային կառոյցներու շինարարութեան եւ տեղւոյն հայկական վարժարաններու նիւթական կարիքները հոգալու նպատակով։
Բաժանմունքը «Առաջատար թեքնաբանութիւնը եւ հայերէն լեզուն» երկօրեայ աշխատաժողովը կը կազմակերպէ Թումոյի հետ համագործակցութեամբ ուր ներկայ էին աշխարհի տարբեր տեղերէ աւելի քան քսան մասնագէտներ՝ ախտորոշելու ոլորտին ներկայ պահանջքները եւ ստեղծելու անհրաժեշտ գործիքները՝ լեզուի կիրարկութիւնը աւելի ընդլայնելու եւ անոր կենսունակութիւնը ապահովելու համար։
Արցախի աղէտին հետեւանքները ամոքելու համար, Հիմնարկութիւնը կը մշակէ երեք մասէ բաղկացած ռազմավարութիւն մը. ցուցաբերել հոգեբանական-ընկերային աջակցութիւն, իրականացնել մշակութային ժառանգութեան վերահսկում, եւ կատարել Արցախի ժողովուրդին կրած կորուստներուն վերաբերեալ հետազօտութիւններ։
Մեկնարկեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար» նախագիծին երկրորդ փուլը, որուն նպատակն է մարդկային ուսմանց եւ հասարակական գիտութիւններու արդի համաշխարհային գրականութիւնը հասանելի դարձնել հայերէն լեզուով։ Նոր հեղինակներէն են՝ Քարլօ Գինզբուրգ, Ուիլիամ Ճէյմզ, Թերի Իգըլթոն, Պենետիքթ Անտերսոն, Ճաք Լը Կոֆ, Ճօն Ռոուլզ եւ այլն։
2024
«Բարերարութիւն եւ արդի մարտահրաւէրներ» երկօրեայ հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Լոս Անճելըսի հայ համայնքին հետ, ուր կը ներկայացուի վերջին տասնամեակի Հիմնարկութեան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ տեղի կ՚ունենան նպաստատուութեան, լեզուի, մշակոյթի եւ Հայաստանի շուրջ զրոյցներ:
Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան մէջ իւրայատուկ ցուցահանդէս մը տեղի կ՚ունենայ նուիրուած Հայկական Բաժանմունքի պատմութեան եւ գործունէութեան։ Ցուցահանդէսին թիրախը հիմնարկութեան հարիւրաւոր աշխատակիցները էին իսկ վայրը՝ Հիմնարկութեան կեդրոնական շէնքի 3-րդ յարկի ճաշասրահը, ուր պատերը կ՚օժտուին համադրուած ցուցադրութեամբ մը ուր իւրաքանչիւր պատ կ՚անդրադառնայ մեր գործունէութեան առանցքին գտնուող նիւթի մը՝ կրթաթոշակներու ծրագիրը, արեւմտահայերէնը, մշակոյթի բաժինը, Հայաստանը, մարդասիրական օգնութիւնը, ինչպէս նաեւ հիմնադիրը՝ Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանը։
Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքն ու Կիւլպէնկեան Արուեստի Գրադարանը եւ Արխիւները «Հայերը եւ Երուսաղէմը» ցուցահանդէսը կը կազմակերպեն Հիմնարկութեան մէջ, որ կ՚անդրադառնայ հայերու եւ Երուսաղէմի միջեւ եղած սերտ կապին, ինչպէս նաեւ Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի Սուրբ Քաղաքին հետ անձնական կապին։ Ներկայացնելով այս առաջին եւ ամենահին սփիւռքեան համայնքին պատմութիւնն ու ներկան. համայնք մը որ կը գոյատեւէ հազարամեակէ մը աւելի, ի հեճուկս մեծ փոփոխութիւններու, ցնցումներու եւ պատերազմներու։
Բաժանմունքը Լիզպոնի մէջ կը հիւրընկալէ շրջադարձային ձեռնարկ մը՝ մէկտեղելով Հայկական Սփիւռքի մէջ յարգանք վայելող կարգ մը մտաւորականներ եւ 14 երկիրներէ 36 մասնակիցներ։ «Հաւասարում նորոգ․ սերունդներու զրոյց մը» վերնագիրով եռօրեայ հանդիպումը վերարժեւորեց Սփիւռքի մտաւորական հարուստ ժառանգութիւնը, միաժամանակ խթանելով աշխոյժ զրոյց մը սերունդներու միջեւ։
Բաժանմունքը կը շարունակէ աշխարհի չորս կողմէն եկող բազմաթիւ համալսարանականներու եւ հետազօտողներու կրթանպաստներ յատկացնել ամեն տարի։