Հովանաւորուած նախագիծեր եւ տրամադրուած կրթանպաստներ

Նախագիծերու նպաստներ

Ամեն տարի, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը նպաստներ կը յատկացնէ տարբեր նախագիծերու՝ լեզուի, մշակոյթի, կրթութեան եւ հետազօտութեան ոլորտներուն մէջ։ Իր գործունէութեան եւ բերած օժանդակութիւններուն միջոցով Բաժանմունքը կը փորձէ իր դրական ներգործութիւնը ունենալ հայկական աշխարհին մէջ։

Բաժանմունքի հիմնական նպատակն է ապահովել Սփիւռքի համայնքներու կենսունակութիւնը՝ լեզուի, մշակոյթի եւ ինքնութեան զարգացումի պայմանները ստեղծելով, ինչպէս նաեւ սատարել Հայաստանի մէջ հետազօտութիւններու եւ քննական մտածողութեան զարգացումին։ Հետեւաբար Բաժանմունքը նպաստներ կը յատկացնէ անհատներու եւ ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւններու որոնք նոյն նպատակները կը հետապնդեն եւ Բաժանմունքին հիմնասիւներուն համաձայն գործունէութիւն կը տանին։

Արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը ապահովելու հիմնական առաքելութեամբ, Բաժանմունքը վերջին տասը տարիներուն ընթացքին Սփիւռքի հայկական դպրոցներուն եւ կրթական կառոյցներուն նպաստներ յատկացուցած է եւ կը շարունակէ յատկացնել։ Ժամանակի ընթացքին օժանդակութիւն տրամադրելու ձեւաչափը ենթարկուած է բարեփոխումներու, անցնելով՝ անմիջական պէտքեր հոգացող փոքր նպաստներէն աւելի մեծ տարողութեան նպաստներու, որոնք կը միտին կրթական բովանդակութեան մէջ բարեփոխումներ բերելու։

Ներքոնշեալ ցանկերը ընդհանուր պատկերացում կու տան թէ Բաժանմունքը ի՛նչ նախագիծերու նպաստ յատկացուցած է 2014 թուականէն ի վեր։ Նախագիծերուն թուականները կը համապատասխանեն անոնց հաստատումի թուականներուն եւ ո՛չ իրականացումի կամ աւարտի թուականներուն։ Նախագիծերուն երկիրները կը համապատասխանեն դիմողին նշած վայրին, եւ ոչ անպայման նախագիծին կիրարկումի երկրին։

Մեր Նախագիծերու նպաստ-ի ծրագիրը բաց է բոլորին. աշխարհագրական եւ ազգութեան սահմանափակումներ չկան։ Միակ պայմանն է որ նախագիծերուն նիւթերը վերաբերին հայութեան։

Ահաւասիկ իւրաքանչիւր տարուան նախագիծերու ցանկերը՝

2014-ի նախագիծեր 2015-ի նախագիծեր 2016-ի նախագիծեր 2017-ի նախագիծեր 2018-ի նախագիծեր 2019-ի նախագիծեր 2020-ի նախագիծեր 2021-ի նախագիծեր 2022-ի նախագիծեր 2023-ի նախագիծեր

Հրատարակութիւններ

Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը հրատարակութիւններ կը հովանաւորէ իր հիմնադրութեան օրէն. յատկապէս հայալեզու հրատարակութիւններ։

Ահաւասիկ 2014-էն ի վեր հովանաւորուած հրատարակութիւններուն ցանկը՝

Հրատարակութիւններ

 

Կրթանպաստներ

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ուսանողներու կրթանպաստներ կը յատկացնէ 1957 թուականէն ի վեր. Բաժանմունքը տարեկան հարիւրաւոր կրթաթոշակներ կը յատկացնէ համալսարանականներու եւ հետազօտողներու, ներդրում ունենալով ապագայի մտաւորականներու, գիտնականներու եւ ղեկավարներու կայացումին։ Այս կրթանպաստներուն շնորհիւ տարիներու ընթացքին հազարաւոր ուսանողներ կրցած են եւ կը շարունակեն բարձրագոյն կրթութիւն ստանալ:

Ամեն տարի Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը 1.000.000 Եւրոյի համալսարանական զանազան կրթանպաստներ կը տրամադրէ ուսանողներու եւ հետազօտողներու: 

Կրթանպաստներու զեկոյցները հասանելի են հետեւեալ յղումներով՝

2014-2018 կրթանպաստներու հնգամեայ զեկոյց
 
2019-ի կրթանպաստներու զեկոյց
 
2020-ի կրթանպաստներու զեկոյց
 
2021-ի կրթանպաստներու զեկոյց
 
2022-ի կրթանպաստներու զեկոյց
 

2014-2018-ի կրթանպաստ ստացողներու ամբողջական ցանկը կարելի է տեսնել հոս։

2019-ի կրթանպաստ ստացողներու ամբողջական ցանկը կարելի է տեսնել հոս։

2020-ի կրթանպաստ ստացողներու ամբողջական ցանկը կարելի է տեսնել հոս։

2021-ի կրթանպաստ ստացողներու ամբողջական ցանկը կարելի է տեսնել հոս։

2022-ի կրթանպաստ ստացողներու ամբողջական ցանկը կարելի է տեսնել հոս։

Տարեկան զեկոյցներ

Հետեւեալ զեկոյցները քաղուած են Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան տարեկան զեկոյցներէն, որոնք տարեկան դրութեամբ կը հրապարակուին այս էջին վրայ։ Այս զեկոյցները կ՚ամփոփեն Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին գործունէութիւնը՝ ընդհանուր պատկերացում մը տալու նպատակով։ Զեկոյցները առ այժմ հասանելի են անգլերէնով։

2014-ի Տարեկան զեկոյց 2015-ի Տարեկան զեկոյց 2016-ի Տարեկան զեկոյց 2017-ի Տարեկան զեկոյց 2018-ի Տարեկան զեկոյց 2019-ի Տարեկան զեկոյց 2020-ի Տարեկան զեկոյց 2021-ի Տարեկան զեկոյց 2022-ի Տարեկան զեկոյց

 

Վերջին թարմացում՝ 21 մարտ 2024

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։