Յանուն կենսունակ ապագայի

Հայկական աշխարհին մէջ ամրապնդել լեզուն, մշակոյթը եւ քննական մտածողութիւնը

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ լեզուի, մշակոյթի, կրթութեան եւ հետազօտութեան ոլորտներուն մէջ։ Իր գործունէութեան եւ  օժանդակութիւններուն միջոցով Բաժանմունքը կը փորձէ իր դրական ներգործութիւնը ունենալ հայկական աշխարհին վրայ։ Իր նիւթական ու քաղաքական անկախութեան բերումով եւ իր առաջնահերթութիւններուն, գործընկերներու ցանցին, նորարարական ծրագիրներուն եւ մարդասիրական աշխատանքին ճամբով՝ Հիմնարկութիւնը կը ձգտի բարեփոխումներ բերելու մասնաւորաբար սփիւռքահայ կեանքին մէջ։ Բաժանմունքը ապաքաղաքական է եւ կ՚առաջնորդուի դրական ազդեցութիւն եւ բարեփոխումներ բերելու սկզբունքով։

Բաժանմունքին հիմնական նպատակն է ապահովել սփիւռքի համայնքներու կենսունակութիւնը՝ լեզուի, մշակոյթի եւ ինքնութեան զարգացումի պայմանները ստեղծելով, ինչպէս նաեւ սատարել Հայաստանի մէջ հետազօտութիւններու եւ քննական մտածողութեան զարգացումին։

Հետեւաբար Բաժանմունքը կը կեդրոնանայ արեւմտահայերէնի եւ մշակութային ստեղծագործութեան վրայ, ինչպէս նաեւ քննական մտքի զարգացումին, որոնք անհրաժեշտ են կայուն եւ բարգաւաճող համայնքներու համար։

Ասոնց առընթեր, Բաժանմունքը տարեկան հարիւրաւոր կրթանպաստներ կը յատկացնէ համալսարանականներու, ներդրում ունենալով ապագայի մտաւորականներու, գիտնականներու եւ ղեկավարներու կայացումին։ 

Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին առաջնահերթութիւններն ու գործունէութիւնը կ՚ամփոփուին հետեւեալ կէտերուն մէջ.

    1. Արեւմտահայերէն լեզու.
    2. Մշակութային ստեղծագործութիւն եւ զարգացում.
    3. Հետազօտութիւններ եւ քննական ներգրաւուածութիւն.
    4. Համալսարանական կրթանպաստներ։

Հայկական Բաժանմունքը իր աշխատանքը կը կեդրոնացնէ հոն ուր կրնայ էապէս յաւելեալ արժէք մը բերել։ Բաժանմունքին առանձնայատկութիւնը իր սփիւռքակեդրոն մօտեցումն է միեւնոյն ժամանակ անդրադառնալով հայկական աշխարհի երկուութեան՝ Հայաստան եւ Սփիւռք:

Բաժանմունքին անմիջական շահառուներուն մաս կը կազմեն դպրոցականները, մտաւորականները, քաղաքացիական հասարակութեան ոլորտի կազմակերպութիւնները եւ համալսարանները։ Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի երիտասարդութեան վրայ՝ յատկապէս լեզուի կենսունակութեան ծրագիրներու պարունակին մէջ: Բաժանմունքին նախաձեռնութիւնները կը թիրախաւորեն աշխարհասփիւռ հայերը, որոնք հետաքրքրուած են Սփիւռքի լեզուով ու մշակոյթով, որոնք կը ջանան պահպանել իրենց հայկական ինքնութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնք որոնք կը փափաքին նպաստել Հայաստանի մէջ բաց եւ ժողովրդավար հասարակութեան մը գոյացումին:

Գործունէութեան այս առաջնահերթութիւնները հիմնուած են Բաժանմունքին նոր հնգամեայ ծրագիրին վրայ։

Updated on 03 march 2023

Cookies settings

Cookies Selection

This website uses cookies to improve your browsing experience, security, and its website performance. We may also use cookies to share information on social media and to display messages and advertisements personalised to your interests, both on our website and in others.