Պատմական ակնարկ

 

Մեր հիմնադիրին մասին

Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեան ծնած է 1869-ին Սկիւտար, Պոլիս։ Յաճախած է Արամեան Ունճեան վարժարանը, ապա Պոլսոյ ֆրանսական դպրոցը եւ ամերիկեան քոլէճը. 14 տարեկանին մեկնած է Եւրոպա ուսումը շարունակելու։

Ամբողջ կեանքին ընթացքին ծաւալած է բարեգործական գործունէութիւն, ներառեալ՝ գրադարանի եւ եկեղեցիի հիմնադրում, դպրոցներու օժանդակութիւն, հիւանդանոցի օգնութիւն. յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է եւ օժանդակած է Միջին Արեւելքի հայութեան։

Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեան իր վերջին տասնըերեք տարիները անցուցած է Լիզպոնի մէջ, ուր մահացած է 1955-ին. անոր աճիւնները ամփոփուած են Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ։

Կիւլպէնկեանի կտակին համաձայն, 1956-ին կը հիմնուի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը, որ մինչ օրս բարեգործական աշխատանքներ կը ծաւալէ՝ արուեստի, կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներուն մէջ։

Կիւլպէնկեանի հարստութիւնը Միջին Արեւելքի նաւթի պաշարները Արեւմուտքի շահագործման հասանելի դարձնելու աշխատանքին շնորհիւ է։ Իր կեանքին ընթացքին Կիւլպէնկեան արուեստի գործերու մեծ հաւաքածոյ մը կուտակած է, որ հիմքը հանդիսացած է Կիւլպէնկեան թանգարանի ստեղծումին։

Կիւլպէնկեանի կենսագրութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել այս էջը։

 

Մեր մասին

Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը, նախապէս՝ Միջին Արեւելքի Բաժանմունք, հիմնուած է 1956 թուականին։ Բաժանմունքին առաջին պատասխանատուն եղած է Գէորգ Էսաեան՝ Կիւլպէնկեանի փեսան։

Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի պատասխանատու հոգաբարձուն միշտ եղած է ազգութեամբ հայ եւ հիմնադիրին ընտանիքին անդամ: Ներկայիս, Բաժանմունքի պատասխանատու հոգաբարձուն է Մարթին Էսաեանը, որ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծոռն է։ Նախորդող հոգաբարձուները եղած են՝ Միքայէլ Էսաեան, Կիւլպէնկեանի թոռը եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան պատուոյ նախագահը, ինչպէս նաեւ Կիւլպէնկեանի եղբօրորդին՝ Ռոպերթօ Կիւլպէնկեանը։

2013-էն սկսեալ, Բաժանմունքին տնօրէնն է Ռազմիկ Փաոնսեանը. նախորդ տնօրէններուն շարքին են՝ Ռոպերթօ Կիւլպէնկեան, Կորիւն Քէշիշեան եւ Զաւէն Եկաւեան։ 2012-ին միջանկեալ տնօրէն եղած է Աստղիկ Չամքերթեն։

Ահաւասիկ Բաժանմունքին գործունէութեան կարեւոր նախաձեռնութիւններէն մէկ քանին.

  • 1957-58-ին կը հիմնուի համալսարանական կրթանպաստներու ծրագիրը, որ կը շարունակուի մինչ օրս. այս ծրագիրին շնորհիւ տասնեակ հազարաւոր հայ ուսանողներ նպաստ ստացած են։
  • 1959-60-ին կը հիմնուի «Ձրի կրթաթոշակներ»-ու ծրագիրը, օգնելու որ աշխարհի մէջ տարբեր տեղեր եւ յատկապէս Միջին Արեւելիքի մէջ հայ աշակերտներ հայկական դպրոց յաճախեն։ Այս ծրագիրը շարունակուած է տասնամեակներու ընթացքին եւ նպաստած է հազարաւոր աշակերտներու։ Յաջորդիւ, նպաստներ յատկացուած են նաեւ Միջին Արեւելիքի, Թուրքիոյ, Արժանթինի եւ Ուրուկուէյի մէջ դպրոցներու նորոգութեան եւ կառուցումին։ Մինչ օրս, հայկական դպրոցներու եւ կրթութեան ոլորտի օժանդակութիւնը հիմնական մասը կը կազմէ Բաժանմունքին գործունէութեան։
  • 1959-ին կը մեկնարկուի հայագիտական նիւթերու շուրջ գիրքերու հրատարակութեան ծրագիրը։
  • 1960-ականներուն Պէյրութի մէջ կը կառուցուին բազմաբնակարանային տուներ կարիքաւոր հայերու համար, UNHCR-ի, Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութեան եւ «Swiss Friends of Armenians»-ի հետ համագործակցութեամբ։ Հայ փախստականներու համար նման բնակարաններ կառուցուած են նաեւ Աթէնքի մէջ UNHCR-ի հետ միատեղ։
  • Բժշկական սարքեր կը նուիրաբերուին Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցին, մանաւանդ 1960-70-ականներուն։ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծնողքը, ինչպէս նաեւ ընտանիքի այլ անդամներ, ամփոփուած են հիւանդանոցին բակը։
  • 1988-ի աղէտալի երկրաշարժէն ետք, Սովետական Հայաստանի կը ղրկուի մարդասիրական օգնութիւն։ Նիւթական օժանդակութեան կողքին, Հիմնարկութիւնը միջնորդ կը հանդիսանայ Փորթուկալէն Հայաստան ղրկուելիք օգնութեան համար։ 1991-էն սկսեալ, Հիմնարկութիւնը կը շարունակէ օժանդակել անկախ Հայաստանին, կեդրոնանալով քաղաքացիական ոլորտին եւ կրթանպաստներու վրայ, միեւնոյն ժամանակ շարունակելով ի հարկին մարդասիրական օժանդակութիւն յատկացնել։
  • 1990-ին Բաժանմունքը կը ձեռնարկէ դպրոցներու վերանորոգումի մեծ ծրագիրի մը Լիբանանի մէջ։ Սփիւռքի հայկական դպրոցներու օժանդակութիւնը կը շարունակուի մինչ օրս։
  • 2001-ին կը նորոգուի Երուսաղեմի Գալուստ Կիւլպէնկեան Գրադարանը, որ կառուցուած է 1930-ին Կիւլպէնկեանի նուիրատուութեան շնորհիւ, Կիւլպէնկեան Գրադարանը Սփիւռքի կարեւորագոյն գրադարաններէն մէկն է։
  • 2013-ին կը մեկնարկուի Բաժանմունքին հնգամեայ ծրագիրը, որ կը կեդրոնանայ Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի կենսունակութեան եւ կրթական բարեփոխումներու վրայ, ինչպէս նաեւ համալսարանական կրթանպաստներու, Հայաստանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան, հայ-թուրք յարաբերութիւններու, եւ թուային հրատարակութիւններու վրայ։
  • 2014-ին Հիմնարկութեան մէջ տեղի կ՚ունենայ առաջին «Հայկական մշակոյթի շաբաթ»-ը՝ համերգներով, ցուցահանդէսներով եւ գիտաժողովներով։ Տեղի կ՚ունենայ «Հայերը 2115-ին» սեմինարը սփիւռքահայ ղեկավարներու մասնակցութեամբ։
  • 2014-2018-ի հնգամեայ ծրագիրը կը վերահաստատուի 2019-2023-ի շրջանին համար, կրելով որոշ բարեփոխումներ։ Տարբերութիւնը կիրարկումի ձեւաչափն է, որ կը միտի ապահովելու աւելի՛ թիրախաւորուած աշխատանք եւ խորունկ ազդեցութիւն, հիմնուելով Բաժանմունքին առաջնահերթութիւններուն եւ հիմնական գործունէութեան վրայ։
  • 2014-էն սկսեալ նպաստ կը յատկացուի Թուրքիոյ մէջ հայկական ներկայութեան վրայ կեդրոնացող նախաձեռնութիւններու որոնք կը սատարեն քաղաքացիական եւ ակադեմական այն կառոյցներուն որ կ՚արժեւորեն հայոց ներկայութիւնը, պատմութիւնը, մշակոյթն ու լեզուն։
  • 2015-ին կը մեկնարկուի Մխիթարեան Միաբանութեան թերթերու եւ հանդէսներու հարուստ ժառանգութեան թուայնացումի ծրագիրը։ Կ՚իրագործուին թուայնացումի այլ ծրագիրներ՝ Յակոբ Օշականի գրաւոր ամբողջ ժառանգութիւնը. Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանի եւ Վլում հարթակներուն վրայ հարիւրաւոր գիրքերու եւ ձայնագիրքերու տեղադրումը, ինչպէս նաեւ Նայիրի կայքէջին վրայ 83 բառարաններու թուայնացումը։
  • 2015-ին Հայաստանի մէջ մեկնարկը կը տրուի Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշարին, որ հայերէնով տրամադրելի կը դարձնէ հասարակագիտական ու ընկերային գիտութիւններու հիմնական բնագիրներ։ Հայերէնի կը թարգմանուին Մ. Ֆուկոյի, Ե. Սայիդի, Յ. Հաբերմասի, Ս. Դը Բովուարի,  Ջ. Ագամբէնի, Ա. Բադիուի, Հ. Արենդթի եւ այլ կարեւոր հեղինակներու գործերը։
  • 2016-ին եւ 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենան երկու կարեւոր ակադեմական գիտաժողովներ. Երեւանի պետական համալսարանին մէջ՝ Ռուսաստանի հայ Սփիւռքին մասին, իսկ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ՝ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։
  • 2017-ին կը մեկնարկուի հայերէնի ամբողջական ուղղագրիչի եւ արեւմտահայերէնի ելեկտրոնային ազգային ժողովածոյի ծրագիրը։ Android եւ iOS համակարգերու ուղղագրիչները արդէն հասանելի են եւ անվճար ներբեռնելի։ Յաջողութեամբ կ՚ամբողջացուին նաեւ թեքնաբանութեան վերաբերող այլ ծրագիրներ, ներառեալ՝ Արեւմտահայերէնի ծառադարանը, որ կենսական գործիք մըն է Բնական լեզուի մշակումի ոլորտին մէջ։
  • 2017-ին կը սկսի մանուկներու, պատանիներու եւ երիտասարդներու նուիրուած Զարմանազան ամառնային ճամբարը. ի գործ կը դրուին նաեւ արեւմտահայերէնին վերաբերող այլ նախաձեռնութիւններ, ներառեալ մանկավարժական աղբիւրներու կայքէջի ստեղծումը՝ Զնտուկ, մանկապատանեկան գիրքերու հրատարակութիւնը՝ Զարդիս, եւ մանկապատանեկան Երդիք առցանց տեսանիւթերու շարքը: Կ’իրականացուին ուսուցչական վերապատրաստումի ծրագիրներ:
  • 2018-ին կը մեկնարկուի Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ ծրագիրը, որ աշխարհի տարբեր երկիրներու հայկական համայնքներուն հանրային կարծիքը ուսումնասիրող գիտահետազօտական աշխատանք մըն է:
  • 2019-ին Բաժանմունքը կը հրապարակէ իր Լիբանանի ռազմավարութիւնը, որ կը բաղկանայ ընդգրկուն ծրագիրէ մը. ռազմավարութիւնը կը ներառէ աշխատանք հայկական դպրոցներուն հետ, ուսուցիչներու վերապատրաստումի մասնագիտական ծրագիր, թիրախաւորուած կրթանպաստներու յատկացում եւ արեւմտահայերէնով մշակութային նորարարութեան ծրագիր։  
  • 2019-ին Բաժանմունքը կազմակերպչական մեծ աշխատանք կը տանի Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ, որ կը կայանայ ամբողջ Հիմնարկութեան մակարդակով. տեղի կ՚ունենան բազմազան միջոցառումներ: 
  • Պսակաձեւ ժահրի ժամանակ, Բաժանմունքը կը մնայ գործունեայ՝ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելով Հայաստանի եւ Լիբանանի։ Աւելին. քայլ պահելով աշխարհին հետ, եւ ի պատասխան տնակալումի պարտադրանքին, կը մեկնարկուին տարբեր նորարարական ծրագիրներ եւ մրցոյթներ։
  • Բաժանմունքը կը շարունակէ աշխարհի չորս կողմէն եկող բազմաթիւ համալսարանականներու եւ հետազօտողներու կրթանպաստներ յատկացնել ամեն տարի։

 

 

 

Զրոյց Միքայէլ եւ Մարթին Էսաեանի միջեւ, ուր Միքայէլ կը պատմէ իր մեծհօր մասին։

Վերջին թարմացում՝ 03 մարտ 2023

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։