Առաջնահերթութիւններ եւ գործունէութիւն
Բաժանմունքին հիմնական նպատակն է ապահովել Սփիւռքի համայնքներու կենսունակութիւնը՝ լեզուի, մշակոյթի եւ ինքնութեան զարգացումի պայմանները ստեղծելով, ինչպէս նաեւ սատարել Հայաստանի մէջ հետազօտութիւններու եւ քննական մտածողութեան զարգացումին։
Արեւմտահայերէն լեզու
Գործունէութեան առաջին հիմնասիւնն է արեւմտահայերէնը՝ ապահովելու համար արեւմտահայ լեզուի ու մշակոյթի կենսունակութիւնը:
ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Մշակութային ստեղծագործութիւն եւ զարգացում
Երկրորդ հիմնասիւնը մշակոյթն է. որպէս ընկերային վերափոխումի գործիք՝ առաջընթացի, կլիմայի պաշտպանութեան ու ժողովրդավարութեան եւ հայալեզու յառաջադէմ կիրարկութեան համար:
ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հետազօտութիւններ եւ քննական ներգրաւուածութիւն
Երրորդ հիմնասիւնը իմացական կարիքներն են՝ կեդրոնանալով քննական մտածողութեան եւ ներգրաւուածութեան զարգացումին եւ արդի հիմնահարցերու վերաբերեալ հետազօտութիւններու վրայ։
ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Համալսարանական կրթանպաստներ
Չորրորդ հիմնասիւնը կրթանպաստներն են՝ կեդրոնանալով հայ ուսանողներու եւ հայագիտութեան ոլորտին զարգացումին վրայ։
ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Նկարազարդում՝ Նունէ Խիւդավերդեանի։