Հետազօտութիւններ եւ քննական ներգրաւուածութիւն

Հայաստանի մէջ իմացական կարիքները Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին համար կը հանդիսանան աշխատանքի կարեւոր ոլորտ: Բաժանմունքը կը կեդրոնանայ երկրին, եւ աւելի լայն առումով աշխարհասփիւռ հայութեան համար առաջնահերթ կարեւորութիւն ունեցող ընթացիկ խնդիրներու վերաբերող հետազօտութիւններու եւ քննական ​​յանձնառութեան ամրապնդումին վրայ: Բաժանմունքը կ’աջակցի քաղաքականութեան մշակումին ուղղուած հետազօտական ​​ծրագիրներու, կը տրամադրէ էական աջակցութիւն հետազօտական ​​կեդրոններու եւ նպաստ կը յատկացնէ կարեւոր միջազգային հրատարակութիւններու հայերէն թարգմանութեան եւ անոնց տարածման:

Լուրջ, հաւասարակշռուած եւ իրողութիւններու վրայ հիմնուած հետազօտութիւնները, ինչպէս նաեւ հայերէն թարգմանութիւններու միջոցով միջազգային կարեւոր բնագիրներու առկայութիւնը կը հանգի հիմնական ազգային խնդիրներու լուծման, քննական ​​մօտեցումներու ընդլայնման եւ քաղաքականութեան մշակումի ամուր հիմքերու պատրաստման:

Քննական ​​մտածողութիւնը եւ իմացական ստեղծարարութիւնը, յատկապէս հասարակական գիտութիւններու բնագաւառին մէջ, հարկ է որ բարգաւաճի Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մէջ: Այս զարգացումը տեղի պէտք է ունենայ նաեւ հայերէն լեզուով։

Այս հիմնասիւնին տակ նախագիծերը կրնան ներառել, բայց չեն սահմանափակուիր հետեւեալներով.

  1. Հայաստանին եւ հայկական նիւթերու առնչուող ժամանակակից գիտահետազօտական ​​նախագիծեր եւ հրատարակութիւններ (տպագիր եւ ելեկտրոնային) եւ անոնց շրջանառութիւնը:
  2. Տարբեր լեզուներով կարեւոր աշխատութիւններու թարգմանութիւնն ու տարածումը, որոնք մինչ օրս հասանելի չեն հայերէնով:
  3. Միջոցառումներ եւ նախաձեռնութիւններ, ներառեալ խորհրդաժողովներ, խտացուած դասախօսութիւններ, դասընթացքներ եւ ամառնային դպրոցներ, ինչպէս նաեւ այլ համապատասխան կրթական ձեռնարկներ, որոնք կը շեշտեն քննական ​​մտածողութիւնը եւ նորարարութիւնը, յատկապէս, եթէ անոնք ներգրաւեն երիտասարդներ որպէս գործունեայ մասնակիցներ, յստակօրէն առնչուելով քաղաքականութեան մշակման հետ:
  4.  Այլ նախագիծեր, որոնք կը խթանեն քննական ​​մտածողութիւնն ու հետազօտութիւնները ընթացիկ խնդիրներու հետ առնչուած, պարփակելով ռազմավարական կարեւոր նախաձեռնութիւններ Հայաստանի զարգացման համար, ինչպէս նաեւ աջակցութիւն հաստատութիւններու որոնք այս ուղղութեամբ կը գործեն:

Որակեալ գիտական հետազօտութիւնները եւ քննական ​​մտածողութեան գերազանցութիւնը հիմնաքարն են ամուր քաղաքականութեան մշակման: Առանց անոնց, սխալ ըմբռնողութիւններ կ’առաջանան, եւ անհատներ, ինչպէս նաեւ ընկերութիւններ, սխալ որոշումներ կը կայացնեն: Բաժանմունքի 2023-27 թուականներու ռազմավարական ծրագիրի այս հենասիւնը յառաջացաւ վերջին տարիներու աղետալի իրադարձութիւններէն ետք:

Վերջին թարմացում՝ 14 յունիս 2023

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։