Սփիւռքեան Հեռանկարներ կը յայտարարէ բաց կանչ մը

20 Հլս 2026
Հայկական Սփիւռքը 21-րդ դարուն. հետազօտական բաց կանչ

Սփիւռքեան Հեռանկարներ վերլուծական հարթակը հրապարակած է բաց կանչ մը՝ հետազօտական առաջարկներու համար։ 2025 թուականին հիմնուած Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ, հարթակը հասարակական գիտութիւններու ոլորտին մէջ նոր հետազօտութիւններ կը հրապարակէ՝ կեդրոնանալով Հայկական Սփիւռքի եւ Հայաստանի վրայ, միաժամանակ հանդէս գալով որպէս հանդիպումի վայր՝ առաջնորդներու, քաղաքականութիւն մշակողներու եւ փորձագէտներու: Բերելով սփիւռքեան տեսանկիւն մը, հարթակը կը ձգտի յառաջացնել նորարարական, համաշխարհօրէն ներգրաւուած եւ հայակեդրոն հետազօտութիւն ու ռազմավարական մտածողութիւն։

Այս լայնածաւալ կանչը պիտի յանգի ժամանակակից Հայ Սփիւռքի մասին շարքի մը հրատարակութեան։ Հիմնուելով տասնամեակներու գոյութիւն ունեցող գիտական աշխատանքներու վրայ, նախաձեռնութիւնը կը միտի հասկնալու հետազօտութեան ներկայ վիճակը, նպաստելու նոր գիտելիքի ստեղծումին եւ ամրապնդելու բազմաձայնութիւնը՝ գիտակարգային ու տեսական զանազան տեսանկիւններով։ Այն հիմնական հարցումը, որուն նախաձեռնութիւնը կը փորձէ պատասխանել է՝ ո՞ւր կ՚երթայ Հայ Սփիւռքը 21-րդ դարուն։ Ամբողջական կանչը կարելի է կարդալ հոս։

Կարեւոր թուականներ.

  1. Համառօտ ներածական մը ներկայացնելու վերջնաժամկէտն է՝ 1 սեպտեմբեր 2026։
  2. Որոշումները պիտի հաղորդուին մինչեւ 15 նոյեմբեր 2026։
  3. Յօդուածներու առաջին տարբերակը պէտք է ներկայացուի մինչեւ 31 մարտ 2027։
  4. Տարբերակները քննարկելու աշխատանոց մը (անձամբ եւ/կամ առցանց) տեղի պիտի ունենայ՝ մայիս 2027-ին։
  5. Յօդուածները քննական վերլուծութեան պիտի ենթարկուին 2027-ի ամրան ընթացքին։
  6. Վերջնական յօդուածները պէտք է ներկայացուին մինչեւ 31 յուլիս 2027։
  7. Ընդունուած յօդուածները հրատարակիչի մը պիտի ներկայացուին 2028-ին։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ դիմում ներկայացնելու համար, այցելել Սփիւռքեան Հեռանկաներ կայքէջը։

 

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։