Թարգմանիչներու եւ հրատարակիչներու բաց մրցոյթ

16 փետրուար 2024

Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը 2023-ի աւարտին մեկնարկեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար» նախագիծին երկրորդ փուլը, որուն նպատակն է մարդկային ուսմանց եւ հասարակական գիտութիւններու արդի համաշխարհային գրականութիւնը հասանելի դարձնել հայերէն լեզուով։

Վերնագիրներու երկար ցանկ մը կազմուած էր խորհրդատու յանձնախումբի անդամներուն, առաջին փուլին թարգմանիչներուն, խմբագիրներուն և հրատարակիչներուն կողմէ, ինչպէս նաև Հայաստանի համալսարանական համապատասխան բաժանմունքներու դասախօսներու և տնօրէններու առաջարկութիւններուն հիման վրայ: Առաջարկուած 72 վերնագիրներէն տասը գիրք ընտրուեցաւ նախագիծի խորհրդատու մարմինին և Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ: Հիմնարկութիւնը հաստատեց խորհրդատու յանձնախումբին առաջարկութիւնները և այդուհետ պիտի հովանաւորէ այդ տասը գրքերուն հայերէն թարգմանութիւնները:

Թարգմանելի նոր գիրքերուն վերնագիրներն են՝

    1. Benedict Anderson, Imagined Communities: Reflections on the Origin and Spread of Nationalism
    2. John Rawls, A Theory of Justice
    3. Gayatri Chakravorty Spivak, A Critique of Postcolonial Reason: Toward a History of the Vanishing Present
    4. Lawrence Venuti, The Translator’s Invisibility: A History of Translation
    5. Jacques Le Goff, La civilisation de l’Occident médiéval
    6. Ludwig Wittgenstein, Logisch-Philosophische Abhandlung / Philosophische Untersuchungen
    7. Carlo Ginzburg,  Il formaggio e i vermi
    8. William James, Pragmatism
    9. Terry Eagleton, Marxism and Literary Criticism
    10. Edgar Wind, Art and Anarchy.

Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը եւ նախագիծը համակարգող «ԱՐԻ գրականության հիմնադրամ»-ը կը մեկնարկեն երկու բաց մրցոյթ՝ թարգմանիչներու եւ հրատարակիչներու համար։

Թարգմանութեան ընդհանուր պայմաններն են՝
  • Դիմումները կրնան ըլլալ արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն թարգմանութեան համար.
  • Բոլոր թարգմանութիւնները պէտք է ըլլան բնագիր լեզուներէն.
  • Իւրաքանչիւր թարգմանիչ մէկ գիրքի թարգմանութեան դիմում կրնայ ներկայացնել։
Թարգմանութեան դիմումի փաստաթուղթեր՝
  • Բացատրական նամակ՝ նշելով գիրքի ընտրութեան պատճառները եւ զայն թարգմանելու կարողութիւնները.
  • Սեղմակենսագրական եւ թարգմանական աշխատանքային փորձ.
  • Ընտրուած գիրքէն թարգմանական նմուշ (5-էն 7 էջ)։
Հրատարակիչներուն վերաբերող ընդհանուր պայմաններն են՝
  • Հրատարակիչները կրնան մէկէ աւելի գիրք հրատարակելու դիմում ներկայացնել.
  • Հրատարակիչները պէտք է կարենան ընդհանուր ծախսերը ամբողջութեամբ կամ մասամբ հոգալ։
Հրատարակիչներու դիմումի փաստաթուղթեր՝
  • Բացատրական նամակ՝ գիրքի կամ գիրքերու ընտրութեան պատճառները նշելով.
  • Հրատարակութեան ցրւումի եւ ծանուցումի արշաւ։

Հետաքրքրուող թարգմանիչներն ու հրատարակիչները իրենց դիմումները պէտք է ղրկեն հետեւեալ ել-նամակի հասցէին՝ [email protected]. յաւելեալ հարցումներու պարագային կարելի է հեռաձայնել +374 99 05 11 12 թիւին։

Բոլոր դիմումներուն վերջնաժամկէտն է՝ 1 մարտ 2024-ը։

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։