Նպաստներ եւ կրթանպաստներ
Նպաստներ կը յատկացուին նախագիծերու, որոնք հիմնուած են Բաժանմունքին հնգամեայ ծրագիրին առաջնահերթութիւններուն վրայ. իսկ կրթանպաստներ կը յատկացուին համալսարանականներու եւ հետազօտողներու՝ Բաժանմունքին մշակած կրթանպաստի յստակ ծրագիրներուն համաձայն։
1. ԿՐԹԱՆՊԱՍՏՆԵՐ
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը թարմացուցած է կրթանպաստներու իր ծրագիրը. այսուհետ կրթանպաստները պիտի կեդրոնանան չորս հիմնական բաժիններու վրայ՝ լուսարձակի տակ առնելով հայագիտութեան ոլորտը։
Չորս հիմնական բաժիններն են՝
- Հայագիտութեան ոլորտը ընտրած երիտասարդներու համար երկարամեայ կրթանպաստներ։
- Բարձրագոյն ուսման ուղղուած կրթանպաստներ՝ զարգացող ինչպէս նաեւ տնտեսական ճգնաժամի մէջ գտնուող երկիրներէ հայ ուսանողներու համար։
- Հայագիտութեան ոլորտը ընտրած գիտնականներու համար կարճաժամկէտ կրթանպաստներ։
- Հայաստանի ուսանողներու եւ երիտասարդ գիտաշխատողներու համար կարճաժամկէտ ճամփորդութեան եւ գիտաժողովի մասնակցութեան նպաստներ։
Ասոնց զուգահեռ, Բաժանմունքը կը շարունակէ կրթանպաստ յատկացնել Փորթուկալի մէջ ուսանող հայ համալսարանականներու, ինչպէս նաեւ յատուկ իրավիճակներու մէջ գտնուող ուսանողներու։ Նման դիմումներ կ՚արժեւորուին ըստ առկայութեան։
Կրթանպաստներուն գումարները նախապէս ճշդուած են, որպէսզի դիմողները կարենան աւելի ճիշդ հաշուարկել իրենց նիւթական միջոցները, եւ որպէսզի յաւելեալ թափանցիկութիւն ապահովուի. յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարդալ «Requirements, criteria and conditions» փաստաթուղթը։
դիմել2. ՆՊԱՍՏՆԵՐ
Ա) Նախագիծերու նպաստներ
Բաժանմունքին հիմնական նպատակն է ապահովել Սփիւռքի համայնքներու կենսունակութիւնը՝ լեզուի, մշակոյթի եւ ինքնութեան զարգացումի պայմաններ ստեղծելով, ինչպէս նաեւ սատարել Հայաստանի մէջ հետազօտութիւններու եւ քննական մտածողութեան զարգացումին։ Նախագիծերու նպաստի դիմումները բաց են բոլորին. աշխարհագրական եւ ազգութեան սահմանափակումներ չկան։
Դիմումները պէտք է համապատասխանեն Բաժանմունքին գործունէութեան հետեւեալ հիմնասիւներուն՝
Բոլոր դիմումները պէտք է ըլլան առցանց, Հիմնարկութեան համակարգին միջոցով. որեւէ դիմում ներկայացնելէ առաջ, պայման է ուշադիր կարդալ «Requirements, Criteria and Conditions» եւ «Guidelines» փաստաթուղթերը, որոնք տրամադրելի են անգլերէնով։ Նպաստի դիմում կարելի է կատարել չորս դիմումնաշրջաններու ընթացքին։
Կարեւոր տեղեկութիւններ՝
Տարուայ ընթացքին բաց երեք դիմումնաշրջաններուն վերջնաժամկէտներն են՝ 30 ապրիլ, 31 օգոստոս եւ 13 դեկտեմբերը
Իւրաքանչիւր դիմումնաշրջանի նախագիծերու արժեւորումը պիտի ըլլայ վերջնաժամկէտէն մէկ ամիս ետք՝ մայիսին, սեպտեմբերին եւ յաջորդ տարուայ յունուարին։
Ամերիկաներէն եկող դիմումներուն նախահաշիւը պէտք է ներկայացուի USD-ով, Միացեալ Թագաւորութենէն եկող դիմումները՝ GBP-ով։ Մնացեալ բոլոր դիմումները պէտք է ըլլան EUR-ով, ներառեալ՝ Հայաստանը, Լիբանանը եւ Թուրքիան։
դիմել
Բ) արդ եւս|in view – Արեւմտահայերէնի մշակոյթի ծրագիր – ԴԻՄՈՒՄՆԵՐԸ ԲԱՑ ԵՆ
Այս ծրագիրին նպատակն է խթանել ստեղծագործ միտքերը՝ մշակութային արդիականութիւն մը գոյացնելու եւ արեւմտահայերէնով յղացուած նորաշունչ նախաձեռնութիւններ մշակելու համար։
Դիմումները կրնան կատարուիլ անհատական կամ խմբային, ինչպէս նաեւ ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւններու կողմէ։ Տասնըութ տարեկանէն վեր բոլորը կրնան դիմել։
արդ եւս կը քաջալերէ արեւմտահայերէնով յղացուած գաղափարներու, փորձառութիւններու, եւ տարբեր զգացումներ արտայայտելու ստեղծագործական բազմաբնոյթ դրսեւորումները, ներառեալ՝ բազմա/միջգիտակարգային ծրագիրները, տեսողական արուեստները, նոր գրականութիւնն ու նոր երաժշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կատարողական արուեստները եւ ժամանակակից տեսանիւթերը եւ աւելին։
Առցանց դիմում ներկայացնելէ առաջ, պայման է ուշադիր կարդալ դիմումներու յայտ փաստաթուղթը, որ տրամադրելի է հայերէնով եւ անգլերէնով։
դիմելՄեր գործելաձեւը
Հետեւեալ փաստաթուղթը պատրաստուած է որպէս ուղեցոյց՝ Գալուստ ԿԿիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին գործելաձեւին մասին ընդհանուր պատկերացում կազմելու համար. ներառեալ տեղեկութիւններ նպաստատուութեան սկզբունքներու եւ թափանցիկութեան մասին, թէ ինչպէ՞ս նախագիծեր կ՚ընտրուին ու կը գնահատուին, թէ ի՞նչ են յաջող գործակցութեան մեր սկզբունքները, թէ ի՞նչ ակնկալութիւններ ունինք գործընկերներէ եւ աւելին։
ՄԵՐ ԳՈՐԾԵԼԱՁԵՒԸԿԱՊ
Serviço das Comunidades Arménias
Avenida de Berna, 45-A
1067-001 Lisboa
Portugal
Ել-նամակի հասցէ՝ [email protected]
Հեռաձայնի թիւ՝ +351 217 823 658
Աշխատանքային ժամեր՝ 9:00-էն 13:00 եւ 14:30-էն 17:30 (GMT)