Առաջնահերթութիւններ եւ գործունէութիւն
Բաժանմունքին հիմնական նպատակն է ապահովել Սփիւռքի համայնքներու կենսունակութիւնը՝ լեզուի, մշակոյթի եւ ինքնութեան զարգացումի պայմանները ստեղծելով, ինչպէս նաեւ սատարել Հայաստանի մէջ հետազօտութիւններու եւ քննական մտածողութեան զարգացումին։
Հետեւաբար Բաժանմունքը կը կեդրոնանայ արեւմտահայերէնի եւ մշակութային ստեղծագործութեան վրայ, ինչպէս նաեւ քննական մտքի զարգացումին, որոնք անհրաժեշտ են կայուն եւ բարգաւաճող համայնքներու համար։ Ասոնց առընթեր, Բաժանմունքը տարեկան հարիւրաւոր կրթանպաստներ կը յատկացնէ համալսարանականներու, ներդրում ունենալով ապագայի մտաւորականներու, գիտնականներու եւ ղեկավարներու կայացումին։
Արեւմտահայերէն լեզու
Սատարել ուսուցիչներու զարգացումի ծրագիրներու, նորարարական կրթական գործիքներու ստեղծումին, հայերէն սորվելու ծրագիրներու, օժանդակել Սփիւռքի հայկական դպրոցներուն, հովանաւորել հրատարակութիւններ (թուային եւ տպագիր) եւ լեզուի հետ կապուած թեքնաբանական գործիքներ եւ ծրագիրներ։
կարդալ աւելինՄշակութային ստեղծագործութիւն եւ զարգացում
Որպէս ընկերային վերափոխումի գործիք, մշակոյթին տալ կեդրոնական դիրք սատարելով մշակութային մեր իրականութեան մէջ իսկական դրական փոփոխութիւն բերող գործիչներու։ Ներշնչելու մարդիկ եւ համայնքներ, որպէսզի անոնք փորձընկալեն, վերաիմաստաւորեն եւ տարածեն մշակոյթ մը՝ թարմ գաղափարներու կիրարկումով։
կարդալ աւելինՀետազօտութիւններ եւ քննական ներգրաւուածութիւն
Հովանաւորել հայկական աշխարհին համար առաջնահերթ կարեւորութիւն ունեցող արդի հիմնահարցերու վերաբերեալ հետազօտութիւններ, եւ սատարել քննական մտածողութեան եւ ներգրաւուածութեան զարգացումին՝ ախտորոշելով և աջակցելով Հայաստանի մէջ քաղաքականութեան մշակումի ուղղուած հետազօտական նախագիծերու, տրամադրելով հաստատութենական օժանդակութիւն հետազօտական կեդրոններու եւ հովանաւորելով միջազգային կարեւոր հրատարակութիւններու հայերէնի թարգմանութիւնը:
կարդալ աւելինՀամալսարանական կրթանպաստներ
Օժանդակել հայ ուսանողներու, հայագիտութեան մէջ մասնագիտացողներու եւ հետազօտողներու՝ զարկ տալու յատկապէս այժմէական հայագիտական նիւթերու ուսումնասիրութեան։
կարդալ աւելին
Նկարազարդում՝ Նունէ Խիւդավերդեանի։