Կրթանպաստներ

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը թարմացուցած է կրթանպաստներու իր ծրագիրը. այսուհետ կրթանպաստները պիտի կեդրոնանան չորս հիմնական բաժիններու վրայ՝ լուսարձակի տակ առնելով հայագիտութեան ոլորտը։

Չորս հիմնական բաժիններն են՝

  1. Հայագիտութեան ոլորտը ընտրած երիտասարդներու համար երկարամեայ կրթանպաստներ։ 
  2. Բարձրագոյն ուսման ուղղուած կրթանպաստներ՝ զարգացող ինչպէս նաեւ տնտեսական ճգնաժամի մէջ գտնուող երկիրներէ հայ ուսանողներու համար։ 
  3. Հայագիտութեան ոլորտը ընտրած գիտնականներու համար կարճաժամկէտ կրթանպաստներ։ 
  4. Հայաստանի ուսանողներու եւ երիտասարդ գիտաշխատողներու համար կարճաժամկէտ ճամփորդութեան եւ գիտաժողովի մասնակցութեան նպաստներ։ 

Ասոնց զուգահեռ, Բաժանմունքը կը շարունակէ կրթանպաստ յատկացնել Փորթուկալի մէջ ուսանող հայ համալսարանականներու, ինչպէս նաեւ յատուկ իրավիճակներու մէջ գտնուող ուսանողներու։ Նման դիմումներ կ՚արժեւորուին ըստ առկայութեան։

Կրթանպաստներուն գումարները նախապէս ճշդուած են, որպէսզի դիմողները կարենան աւելի ճիշդ հաշուարկել իրենց նիւթական միջոցները, եւ որպէսզի յաւելեալ թափանցիկութիւն ապահովուի. յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարդալ «Requirements, criteria and conditions» փաստաթուղթը։

Վերջին թարմացում՝ 11 Փետրվարի 2025

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։