Զաւէն Եկաւեան

Զաւէն Եկաւեան ծնած է Հալէպ, 1943-ին։ Ան հայագէտ է եւ լեզուաբան։ Ուսանած է լեզուաբանութիւն Սորպոնի համալսարանին մէջ, եւ միաժամանակ աւարտած Փարիզի Արեւելեան Լեզուներու եւ Գիտութիւններու Ազգային Հիմնարկը (Institut National des Langues et Civilisations Orientales) 1963 թուականին։ Հետագային խորացած է հայագիտութեան մէջ եւ աւարտած է Երեւանի Պետական համալսարանը, 1964-էն 1971 ապրելով Խորհրդային Հայաստան։ 1972-էն 1984 եղած է Փարիզի Cité Universitaire-ի Հայ Ուսանողներու Տան տնօրէն։ Իսկ 1984-էն 2011 եղած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի տնօրէն։ Եկաւեան հրատարակած է բազմաթիւ հայագիտական ուսումնասիրութիւններ եւ նախաձեռնած է Մատենագիրք Հայոց մատենաշարը։ Ան նպաստած է Միջին Արեւելիքի մէջ հայկական դպրոցներու շինութեան եւ վերանորոգումին, ինչպէս նաեւ նեցուկ կանգնած է հայոց լեզուի ուսուցիչներու եւ մանկավարժներու։

Վերջին թարմացում՝ 19 Մայիսի 2022

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։