Ռոպերթօ Կիւլպէնկեան

Ռոպերթօ Կիւլպէնկեան (1923-2009) ծնած է Ալճերիա եւ մահացած է Լիզպոն։ Ան Կիւլպէնկեանի եղբօրորդին էր։

1946-ին` 22 տարեկանին, Ռոպերթօ սկսած է աշխատիլ իր հօրեղբօր՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի եւ զարմիկ՝ Գէորգ Էսաեանի հետ քարիւղի եւ տնտեսութեան ճիւղերուն մէջ։ 1956-ին սկսած է աշխատիլ Հիմնարկութեան մէջ, եւ 1964-ին ընտրուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հոգաբարձու մարմինի անդամ, որ Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին, Միջին Արեւելքի Բաժանմունքին եւ Հիմնարկութեան քարիւղի ներդրումներուն պատասխանատուն էր։ Ան մեծ օգուտ բերած է Միջին Արեւելքի հայութեան զարգացումին։

1944-ին Ֆրանսայի մէջ մասնակցած է Դաշնակիցներու յարձակումին, եւ ծանր վիրաւորուած է։ Ստացած է բազմաթիւ շքանշաններ՝ «Ռազմական խաչ», Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ (Հայաստան), Սբ. Ներսէս եւ Վիեննայի Մխիթարեաններու շքանշանը (Աւստրիա)։

Ռոպերթօ Կիւլպէնկեան նաեւ յայտնի պատմաբան էր. 1995-ին Փորթուկալի պատմութեան ակադեմիան հրատարակած է անոր 21 աշխատութիւնները, երեք հատորներով՝ Պատմական ուսումնասիրութիւններ վերնագիրով։ Անոր քրտնաջան աշխատանքը որոշիչ դեր խաղացած է Հիմնարկութեան գործունէութեան առաջին քառասուն տարիներուն ընթացքին։

Updated on 19 may 2022

Cookies settings

Cookies Selection

This website uses cookies to improve your browsing experience, security, and its website performance. We may also use cookies to share information on social media and to display messages and advertisements personalised to your interests, both on our website and in others.