Ռազմիկ Փանոսեան (Տնօրէն)

Փետրուար 2013-էն սկսեալ Ռազմիկ Փանոսեան Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի տնօրէնն է։

Ան ծնած է Լիբանան եւ պատանի տարիքին գաղթած է Գանատա։ Ապրած է Գանատայի ֆրանսախօս եւ անգլիախօս շրջաններուն եւ Անգլիոյ մէջ։ Դոկտորականը ստացած է Լոնտոնի LSE համալսարանէն. անոր աւարտաճառը Բրիտանիոյ Political Studies Association-ի կողմէ ստացած է Lord Bryce Միացեալ Թագաւորութեան լաւագոյն համեմատական եւ միջազգային քաղաքականութիւն աւարտաճառ մրցանակը (2001)։ Մագիստրոսը ստացած է Թորոնթոյի Եօրք համալսարանէն իսկ համալսարանական առաջին վկայականը Մոնթրէալի Մըքկիլ համալսարանէն։   

Դասաւանդած է համեմատական քաղաքականութիւն, յետ-Սովետական անցում եւ ժողովրդավարութիւն, ազգայնական հակամարտութիւն, եւ այլ նիւթեր Լոնտոնի School of Oriental and African Studies-ի եւ London School of Economics-ի մէջ։

2004-ին ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու նուիրուած գանատական պետական հաստատութեան մէջ՝ International Centre for Human Rights and Democratic Development, ստանձնած է Ռազմավարութեան, ծրագրումի եւ նախագծումի բաժինի տնօրէնի պաշտօնը։ Ղեկավարած է հաստատութեան Լատին Ամերիկայի, Ափրիկէի, Միջին Արեւելքի եւ Ասիոյ վերաբերող միջազգային ծրագրաւորումը։ Աշխատանքի բերումով ճամբորդած է զանազան երկիրներ, ներառեալ՝ Աֆղանիստան, Չինաստան, Հաիթի, Քոլոմպիա, Եգիպտոս, Մարոք եւ Քոնկո։ 2010-էն 2012-ի միջեւ աշխատած է որպէս միջազգային խորհրդատու, ներառեալ Նիւ Եորք՝ UNDP-ի համար։

Բազմաթիւ դասախօսութիւններ եւ հետազօտութիւններ ներկայացուցած է աշխարհի տարբեր տեղեր. հայկական ազգային ինքնութեան եւ ազգայնականութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու վերաբերեալ զանազան ակադեմական յօդուածներ հրատարակած է։

Ռազմիկ Փանոսեան հեղինակն է՝ The Armenians: From Kings and Priests to Merchants and Commissars (Columbia University Press/Hurst & Co., 2006) գիրքին։

Վերջին թարմացում՝ 19 Մայիսի 2022

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։