Միքայէլ Էսաեան

Միքայէլ Էսաեան (1927-2012) Կիւլպէնկեանի թոռն էր։ Անոր մայրը՝ Ռիթա-Սիրվարդ Էսաեան, Կիւլպէնկեանի դուստրն էր որ ամուսնացած էր Գէորգ Լորիս Էսաեանի հետ։

Ըլլալով Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան նախկին հոգաբարձու, 1992-ին Էսաեան կ՚ընտրուի Հիմնարկութեան պատուոյ նախագահ։

Միքայէլ Էսաեան յաճախած է Հարօու դպրոցը (Լոնտոն) եւ ապա Պալիօլ Քոլէճ (Օքսֆորտ) ուրկէ ստացած է առաջին աստիճանի վկայական հասարակագիտական ուսմանց ոլորտի մէջ, որուն յաջորդած է մագիստրոսի կոչումը։ Հայաստանի Գիտությունների Ազգային Ակադեմիան անոր շնորհած է պատուաւոր դոկտորի կոչում:

1945-էն 1948 կը ծառայէ թագաւորական բանակին մէջ (Պաղեստին 1947-1948), որմէ ետք, 1951-1956 շրջանին ան կ՚աշխատի Իրաքի քարիւղի ընկերութեան մէջ՝ Լոնտոնի եւ Միջին Արեւելքի մէջ։ Վերադառնալով Լոնտոն, 1957-ին ան Middle Temple-ի ատեանին մաս կը կազմէ, եւ 1976-ին կը նշանակուի Թագուհիի Խորհուրդի անդամ։ 1983-ին կ՚ընտրուի Middle Temple-ի փաստաբան, եւ 1987-էն 1988 Ատեանի Գլխաւոր Խորհուրդի անդամ։

Միքայէլ Էսաեան ստացած է բազմաթիւ պատուոյ շքանշաններ՝ Փորթուկալի Վաստակի շքանշան (Հրամանատար), Կիլիկեան Իշխանի շքանշան (Լիբանան) եւ Հենրի Իշխանի Մեծ Խաչ շքանշան (Փորթուկալ):

Վերջին թարմացում՝ 19 Մայիսի 2022

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։