Մարթին Էսաեան (Հոգաբարձու)

Մարթին Սարգիս Էսաեան Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի ծոռն է։

2005-էն սկսեալ ան Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հոգաբարձու է եւ իր հօրմէն՝ Միքայէլ Էսաեանէն, ստանձնած է Հիմնարկութեան Անգլիոյ մասնաճիւղի եւ Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի պատասխանատուութիւնը։ Մարթին Էսաեան նաեւ հոգաբարձու է Լոնտոնի Սբ. Սարգիս բարեսիրական հիմնադրամին, որ հիմնուած է Գալուստ Կիւլպէնկեանի կողմէ. կառոյցին նպատակն է սատարել այն երկու կառոյցներուն որոնք հիմնադրուած են Կիւլպէնկեանի կողմէ՝ Լոնտոնի Սբ. Սարգիս Եկեղեցին եւ Երուսաղէմի Կիւլպէնկեան գրադարանը։

Մարթին Էսաեան ուսանած է Իթոն Քոլէճ (1972-1977), ապա Քէմպրիճի համալսարան (ճարտարագիտութիւն՝ Էմանուէլ Քոլէճ, 1978-81) եւ Հարվըրտի համալսարան (MBA, 1986-88)։ 1981-էն 1986 Լոնտոնի մէջ աշխատած է IBM ընկերութեան համար որպէս թեքնաբանական համակարգերու ճարտարագէտ, օգնելով որ մեծ ընկերութիւններ մշակեն եւ իրագործեն թեքնաբանական լուծումներով ծրագիրներ։

Հարվըրտէն ետք, աշխատած է Boston Consulting Group-ի հետ (1988-2003), նաեւ որպէս բաժնետէր։ Մասնագիտացած է ելեւմտական ծառայութիւններու մէջ եւ աշխատակցած է Անգլիոյ, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի շատ մը ելեւմտական կարեւոր հաստատութիւններու համար։ Ղեկավարած եւ խորհրդատուական ծառայութիւններ մատուցած է Եւրոպական ելեւմտական հաստատութիւններու մէջ ամենայաջող բարեփոխումի ծրագիրներուն համար։

Updated on 19 may 2022

Cookies settings

Cookies Selection

This website uses cookies to improve your browsing experience, security, and its website performance. We may also use cookies to share information on social media and to display messages and advertisements personalised to your interests, both on our website and in others.