Գէորգ Էսաեան

Գէորգ Էսաեան (1897-1981) Գալուստ Կիւլպէնկեանի փեսան էր. ան ծնած է Պոլիս եւ մահացած է Փարիզ։

Էսաեանները Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հեղինակաւոր դրամավարներ էին (Ամիրաներ): Գէորգ Էսաեանին  մեծ հայրը, Աբրահամ Փաշան, Օսմանեան Կայսրութեան Ելեւմուտքի եւ Մաքսատուրքի նախարարը եղած է։ Էսաեան յաճախած է Կեդրոնական վարժարան եւ ապա Պոլսոյ ամերիկեան քոլէճը։ 1920-ին ամուսնացած է Ռիթա-Սիրվարդ Կիւլպէնկեանի հետ եւ ունեցած են որդի մը՝ Միքայէլ Էսաեան, որ  եղած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հոգաբարձու մարմնի անդամ եւ պատուոյ նախագահ:

Ամբողջ կեանքին ընթացքին սերտօրէն աշխատած է իր աներհօր՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի հետ, ելեւմտական, դիւանագիտական եւ քարիւղի ոլորտներուն մէջ։ Կիւլպէնկեանի մահուընէ ետք Ժօզէ Էնրիքէ տը Աժէրէտօ Փէրտիկաուի հետ կը գործադրէ Կիւլպէնկեանի կտակը՝ հիմնելու Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը։ Մինչեւ իր մահը ծառայած է որպէս Հիմնարկութեան հոգաբարձու մարմինի անդամ եւ խորհրդատու։

Որպէս հոգաբարձու, ան պատասխանատու էր այն բաժանմունքներուն որոնց հիմնադիրը ինքն էր՝ Քարիւղի բաժանմունք (չեղարկուած է), Միջին Արեւելիքի բաժանմունք (վերանուանուած է՝ Հայկական Համայնքներու Բաժանմունք) եւ Ելեւմուտքի բաժանմունք։ Ան ստեղծած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական մշակոյթի գրադարանի հաւաքածոն, որ միջազգային մրցանակներու արժանացած հայկական արուեստի արժէքաւոր գործերու հաւաքածոյ մըն է։

Գէրոգ Էսաեան հազուադէպ համեստ մարդ էր եւ կը նախընտրէր կեդրոնանալ Միջին Արեւելիք մէջ բարեգործութեան, գիտութեան եւ արուեստի զարգացումին վրայ։

Էսաեան արժանացած է շատ մը պատուոյ բարձրագոյն շքանշաններու՝ Քրիստոսի շքանշան (Փորթուկալ), Պատուոյ Լէգէոն (Ֆրանսա), Սբ. Լուսաւորիչի շքանշան (Հայաստան), Սբ. Յակոբոսի եւ Սբ. Գերեզմանի շքանշան (Երուսաղէմ), Կիլիկեան Իշխանի շքանշան (Լիբանան), Մայրիի շքանշան (Լիբանան), Օմիատէյի շքանշան (Սուրիա), Առիւծի եւ արեւի շքանշան (Պարսկաստան), Մեծն Սբ. Գրիգորի շքանշան (Վատիկան), Ռաֆիտեան շքանշան (Իրաք), Հաշիմեան աստղի շքանշան (Յորդանան)։

Վերջին թարմացում՝ 19 Մայիսի 2022

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։