Կորիւն Քէշիշեան

Ծնած է Մալաթիա` 1915-ին եւ մահացած է Լիզպոն՝ 1990-ին։

Քէշիշեան սերտօրէն համագործակցած է Գէորգ Էսաեանի եւ Ռոպերթօ Կիւլպէնկեանի հետ։ Ան կը համարուի Հայկական Բաժանմունքի հիմնադիրներէն մէկը։ Անոր գործունէութիւնը եւ ներուժը ուղղուած էին Միջին Արեւելիքի հայկական դպրոցներու զարգացումին։ 1964-ին մեկնարկած է Հիմնարկութեան Հայերու օգնութեան ծրագիրը։

Ուսանած է Լիբանանի ամերիկեան համալսարանին մէջ։ 1938-ին սկսած է աշխատիլ Իրաքի քարիւղի ընկերութեան մէջ Կիւլպէնկեանի հովանիին տակ, որ տեւած է մինչեւ 1956 երբ ան փոխադրուած է Լիզպոն։ Քէշիշեան Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան առաջին օգնական տնօրէնն էր, իսկ աւելի ուշ՝ Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի տնօրէնը։

Վերջին թարմացում՝ 19 Մայիսի 2022

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։