Աշխատանքը կը շարունակուի, բայց տունէն
Պսակաձեւ ժահրը մեր բոլորին համար ստեղծեց դժուար պայմաններ. ինչպէս բոլոր աշխարհը, Փորթուկալը եւս մատնուած է մեկուսացումի։ Բարեբախտաբար, կացութիւնը այստեղ այնքան ծանր չէ որքան կարգ մը ուրիշ երկիրներ։
Հիմնարկութիւնը գոց է մարտի կէսէն ի վեր, բոլոր համերգները եւ դասախօսութիւնները չեղեալ համարուած են, թանգարանը եւ պարտէզները փակ են հանրութեան, իսկ բոլոր ճամբորդութիւնները յետաձգուած են անորոշ ժամանակով։ Այս մէկը չի նշանակեր որ մենք դադրած ենք աշխատելէ. ընդհակառակը, ծանրաբեռնուած ենք մեր ծրագիրները պատշաճեցնելով այս նոր իրավիճակին, նախաձեռնելով նոր ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ շարունակելով մեր ընթացիկ աշխատանքը՝ նոր դիմումներու գնահատումը, եւ կրթաթոշակներու յատկացումը։
Մեկուսացումի այս պայմաններուն, մեկնարկեցինք երկու նոր նախաձեռնութիւններ, որոնք են՝ «Հայերէնով դասաւանդողներու առցանց ուսուցումի մրցանակը» եւ «ԽՕՍՔ ԱՌ մրցանակը»։ Առաջինը յատուկ է Սփիւռքի մէջ հայերէնով դասաւանդող ուսուցիչներու համար, եւ կը միտի գնահատելու անոնց ջանքերը՝ դասապահերը պատշաճեցնելու այսօրուայ կացութեան եւ վերածելու առցանց ուսուցումի։ Երկրորդը, ուղղուած է Սփիւռքի եւ Հայաստանի բոլոր ստեղծագործ միտքերուն, որոնք կը փափաքին հայերէնով անդրադառնալ ժամանակակից համաշխարհային հիմնահարցերու։ Այս երկու մրցանակները կու գան աւելնալու «Նորարար մշակոյթի ծրագիրին», ուղղուած լիբանանահայ երիտասարդութեան, որուն մեկնարկը տրուեցաւ այս տարուան սկիզբը։ Այս բոլորին առընթեր, մեկնարկեցինք նաեւ Լիբանանի հայկական դպրոցներուն ուղղուած յատուկ կրթական ռազմավարութիւն եւ ծրագիր մը. այս ծիրէն ներս, կը համագործակցինք որոշ դպրոցներու հետ, հովանաւորելու անոնց կրթական ծրագիրները։
Հիմնարկութիւնը Հայաստան ղրկեց 50.000 տոլարի նուիրատուութիւն մը, որպէս օժանդակութիւն ժահրի դէմ պայքարին։ Սերտօրէն գործակցելով Սփիւռքի Յանձնակատարին, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի զանազան կազմակերպութիւններու հետ, նպաստին շնորհիւ, կենսական անձնական պաշտպանութեան սարքեր եւ այլ բժշկական պիտոյքներ տրամադրուեցան Հայաստանի առաջին գիծի բուժաշխատողներուն։
Մեր ընթացիկ գործունէութիւնը կը շարունակուի զանազան առումներով, որոնց շարքին են՝ համալսարանական կրթաթոշակները (դիմումները բաց են, հակառակ որ դիմողներուն քանակը զգալիօրէն նուազած է այս ամիս)։ Հիմնարկութեան Հոգաբարձու մարմինը Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ ծրագիրը հաստատեց երկու եկող տարիներուն համար։ Պօղազիչի համալսարանի Հայկական յատուկ դասաւանդումի ծրագիրը պատրաստութեան մէջ է յառաջիկայ համալսարանական տարուան համար։
Ընկերային գիտութիւններու ոլորտէն կարեւոր գիրքերու դէպի հայերէն թարգմանական աշխատանքը կը շարունակուի Հայաստանի մէջ (Ֆուկոյի եւ Ագամբենի գիրքերը մարտ ամսուն արդէն հրատարակուեցան, իսկ ուրիշներ պատրաստ են հրատարակութեան), ինչպէս նաեւ արեւմտահայ գրականութեան (վերա)հրատարակչական աշխատանքները. Զ. Որբունիի, Կ. Փօլատեանի, Ն. Սարաֆեանի եւ Յ. Օշականի գիրքեր արդէն իսկ լոյս տեսած են։ Զարդիս մատենաշարի մանկապատանեկան գրականութեան թարգմանութիւնները կը շարունակուին Սփիւռքի մէջ։
Շատեր մեզ կը դիմեն գիտնալու թէ Հիմնարկութիւնը արեւմտահայերէնով ի՞նչ նախաձեռնութիւններու օժանդակած է, որպէսզի անոնցմէ օգտուին այս տնակալման պայմաններուն ընթացքին։ Ահաւասիկ քանի մը առաջարկներ. Բարեւ Արեւի երեխաներու տեսերիզները եւ աշխատանքային տետրերը, Փոքրիկ եւ Փթիթ կայքէջերը, digilib.am եւ Vlume հարթակներու թուային եւ ձայնային գիրքերը, Աղուոր Բաներ կայքէջը, Թումոյի վերջերս հրատարակած «Մաշտոց՝ ոչ այնքան ճշգրիտ պատմութիւն» շարանկարը։ Կը քաջալերենք նաեւ որ գրէք, խմբագրէք եւ հարստացնէք Wikipedia-ի արեւմտահայերէն նիւթերը, որ այժմ ունի լեզուական յատուկ նշանը՝ hyw։ Վերջապէս, գոյութիւն ունի հայերէն բառարաններու եւ ուղղագրիչներու Նայիրի կարեւոր կայքէջը։ Ասոնք արեւմտահայերէնին վերաբերող Հիմնարկութեան օժանդակած ծրագիրներէն մի քանին են։ Յառաջիկայ ամիսներուն շատ մը ուրիշ ծրագիրներ ալ պիտի իրականան։
Ժահրին հետեւանքով, ստիպուած եղանք չեղեալ համարել քանի մը կարեւոր միջոցառումներ, որոնք տեղի պիտի ունենային Լոնտոնի, Երեւանի, Փարիզի եւ Աթէնքի մէջ։ Որոշ աշխատանքներ վերածեցինք առցանց ձեւաչափերու, ինչպէս օրինակ չափահասներու գրելու աշխատանոցը։ Հարկ եղաւ նաեւ Զարմանազան 2020-ի արեւմտահայերէնի մանուկներու, պատանիներու եւ երիտասարդ չափահասներու խտացեալ ծրագիրը ձեւափոխել ու վերածել առցանց նոր տարբերակի մը, հիմնուելով Զարմանազանի ստեղծագործ եւ նորարար մօտեցումներուն վրայ. ծրագիրը, այս պայմաններուն, կնքուեցաւ «Զարցանց 2.0» անունով։
Հակառակ ժահրին ստեղծած այս դժուար պայմաններուն եւ անոր պարտադրած աշխատանքային պատշաճեցումին, Հայկական Բաժանմունքը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ հովանաւորելով եւ նախաձեռնելով ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ օժանդակելով գործընկերներու իրենց աշխատանքներուն մէջ։
Այցելեցէք Բաժանմունքին կայքէջը, հետեւելու մեր նորութիւններուն եւ տեղեակ ըլլալու այս նախաձեռնութիւններուն։
Ռազմիկ Փանոսեան
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի տնօրէն
27 Ապրիլ 2020