Սփիւռքակեդրոն մօտեցումներ լեզուի կենսունակութեան համար

15 սեպտեմբեր 2017

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան կը զրուցէ Նոր Յառաջ թերթի խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեանի հետ, որուն ընթացքին ան կ՚անդրադառնայ առաջին արեւմտահայերէն ամառնային ճամբարին՝ Զարմանազան, ինչպէս նաեւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ հովանաւորուած ծրագիրներու, որոնք կը միտին ապահովելու արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը։  

Ռազմիկ Փանոսեան կը նշէ որ Սփիւռքի դերը առանցքային է արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը ապահովելու գործին մէջ եւ կը վերահաստատէ Բաժանմունքին յանձնառութիւնը լեզուին պահպանումին եւ զարգացումին ուղղութեամբ:

Հարցազրոյցը ամբողջութեամբ կրնաք կարդալ ստորեւ՝ հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։


Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։