25 Ապրիլ 2015-ին ի՞նչ պիտի ընենք. այս է հարցումը

Ակօսի հարցազրոյցը Ռազմիկ Փանոսեանի հետ
12 դեկտեմբեր 2014

2014-ին Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը յայտարարեց իր հնգամեայ ծրագիրին մասին, որ պիտի կեդրոնանար արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը ապահովելու վրայ։ Բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան այցելեց Հայաստան, Թուրքիա, Լիբանան եւ հայկական Սփիւռքի կարեւոր այլ օճախներ, այցելելու դպրոցները եւ խորհրդակցելու համայնքային տարբեր ղեկավարներու հետ, որմէ ետք ան ամբողջացուց հնգամեայ ծրագիրը։ «Եթէ այս սերունդը լուրջ քայլերու չնախաձեռնէ, արեւմտահայերէնը կը մեռնի» նշեց ան. «մեր նպատակը լեզուն միայն ողջ պահելը չէ, այլեւ երաշխաւորել անոր մշակութային զարգացումը եւ երկարակեցութիւնը»։ 

Թրքերէնով ամբողջական հարցազրոյցը կրնաք կարդալ հոս։

Հարցազրոյցը վարեցին Մարալ Տինք եւ Վահագն Քէշիշեան։

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։