Հովանաւորուած նախագիծեր
Նախագիծերու նպաստներ
Ամեն տարի, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը նպաստներ կը յատկացնէ տարբեր նախագիծերու՝ լեզուի, մշակոյթի, կրթութեան եւ հետազօտութեան ոլորտներուն մէջ։ Իր գործունէութեան եւ բերած օժանդակութիւններուն միջոցով Բաժանմունքը կը փորձէ իր դրական ներգործութիւնը ունենալ հայկական աշխարհին մէջ։
Բաժանմունքի հիմնական նպատակն է ապահովել Սփիւռքի համայնքներու կենսունակութիւնը՝ լեզուի, մշակոյթի եւ ինքնութեան զարգացումի պայմանները ստեղծելով, ինչպէս նաեւ սատարել Հայաստանի մէջ հետազօտութիւններու եւ քննական մտածողութեան զարգացումին։ Հետեւաբար Բաժանմունքը նպաստներ կը յատկացնէ անհատներու եւ ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւններու որոնք նոյն նպատակները կը հետապնդեն եւ Բաժանմունքին հիմնասիւներուն համաձայն գործունէութիւն կը տանին։
Արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը ապահովելու հիմնական առաքելութեամբ, Բաժանմունքը վերջին տասը տարիներուն ընթացքին Սփիւռքի հայկական դպրոցներուն եւ կրթական կառոյցներուն նպաստներ յատկացուցած է եւ կը շարունակէ յատկացնել։ Ժամանակի ընթացքին օժանդակութիւն տրամադրելու ձեւաչափը ենթարկուած է բարեփոխումներու, անցնելով՝ անմիջական պէտքեր հոգացող փոքր նպաստներէն աւելի մեծ տարողութեան նպաստներու, որոնք կը միտին կրթական բովանդակութեան մէջ բարեփոխումներ բերելու։
Ներքոնշեալ ցանկերը ընդհանուր պատկերացում կու տան թէ Բաժանմունքը ի՛նչ նախագիծերու նպաստ յատկացուցած է 2014 թուականէն ի վեր։ Նախագիծերուն թուականները կը համապատասխանեն անոնց հաստատումի թուականներուն եւ ո՛չ իրականացումի կամ աւարտի թուականներուն։ Նախագիծերուն երկիրները կը համապատասխանեն դիմողին նշած վայրին, եւ ոչ անպայման նախագիծին կիրարկումի երկրին։
Մեր Նախագիծերու նպաստ-ի ծրագիրը բաց է բոլորին. աշխարհագրական եւ ազգութեան սահմանափակումներ չկան։ Միակ պայմանն է որ նախագիծերուն նիւթերը վերաբերին հայութեան։
Ահաւասիկ իւրաքանչիւր տարուան նախագիծերու ցանկերը՝
Հրատարակութիւններ
Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը հրատարակութիւններ կը հովանաւորէ իր հիմնադրութեան օրէն. յատկապէս հայալեզու հրատարակութիւններ։
Ահաւասիկ 2014-էն ի վեր հովանաւորուած հրատարակութիւններուն ցանկը՝