Համալսարանական կրթանպաստներ

1956 թուականէն սկսեալ աշխարհասփիւռ հայ եւ հայագիտական ոլորտի ​​ուսանողներու համալսարանական կրթաթոշակներ տրամադրելը եղած է Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի հիմնական գործունէութիւններէն մէկը: Ղեկավար պաշտօններ ստանձնող շատ ականաւոր հայեր կրթաթոշակ ստացած են Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութենէն, երբ տակաւին համալսարանական ուսանողներ էին: Այս կրթաթոշակներուն շնորհիւ հազարաւոր ուսանողներ ամբողջ աշխարհի տարածքին յաջողած են բարձրագոյն կրթութիւն ստանալ:

Կրթաթոշակները իրենց էութեամբ արդարակշռութեան գործիքներ են: Անոնք հնարաւորութիւն կու տան արժանի ուսանողներուն օգտուելու բարձրագոյն կրթութեան հնարաւորութիւններէն եւ արդիւնաւորելու իրենց ողջ ներուժը: Ամեն տարի Բաժանմունքը մէկ միլիոն եւրօ կրթաթոշակ կը տրամադրէ: Ան կը կեդրոնանայ հայագիտութեան ընթացաւարտ (graduate) մակարդակին վրայ՝ միաժամանակ գումար տրամադրելով Նախ-ընթացաւարտ (undergraduate) հայ ուսանողներուն՝ զարգացող երկիրներու մէջ մասնագիտանալու համար որեւէ նիւթի մէջ: Ան կը տրամադրէ  նաեւ կարճաժամկէտ հետազօտական ​​եւ ճամփորդական դրամաշնորհներ:

Հայագիտութեան վրայ շեշտադրումը (ընդհանուր սահմանումով) կը բխի այն իրողութենէն, որ համաշխարհային մակարդակով այս նիւթին վերաբերեալ հետազօտութիւններու տրամադրուող նպաստները շատ քիչ են, յատկապէս ժամանակակից նիւթերու վերաբերեալ: Նախ-ընթացաւարտի (undergraduate) մակարդակով, կեդրոնացումը դրուած է այն երկիրներուն վրայ, ուր չկան պետական ​​նպաստներ եւ հնարաւորութիւններ համալսարանական ուսանողներու համար, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ:

Բաժանմունքը կրթանպաստներ կը տրամադրէ հետեւեալ չորս ծրագիրներուն ընդմէջէն՝

  1. Հայագիտութեան ընթացաւարտ աստիճանի կրթանպաստներ.
  2. Հայագիտութեան համար կարճաժամկէտ հետազօտական ​​դրամաշնորհներ.
  3. Բարձրագոյն կրթութիւն՝ զարգացող երկիրներու հայ ուսանողներուն համար (գլխաւորապէս՝ ընթացաւարտութեան թեկնածու).
  4. Կարճաժամկէտ գիտաժողովներու եւ ճամփորդական դրամաշնորհներ Հայաստանի ուսանողներուն եւ երիտասարդ հետազօտողներուն համար (բոլոր նիւթերուն վերաբերող):

Աւելին, որոշ պարագաներու կրթաթոշակներ կը տրուին նաեւ Փորթուկալի մէջ ուսանող հայ համալսարանականներու։

Կրթաթոշակներու գումարները կը տարբերին՝ ըստ ուսման աստիճանին եւ վերոնշեալ կրթանպաստի ծրագիրին: Ընդհանրապէս, փոքր դրամաշնորհներ տալու փոխարէն, ինչ որ ուսանողին ընդհանուր նախահաշիւին վրայ աննշան բաժին մը կը կազմէ, Բաժանմունքը կը տրամադրէ թիւով աւելի քիչ կրթաթոշակներ, բայց աւելի մեծ գումարներ յետ-ընթացաւարտ (post-graduate) ուսման համար: Նախ-ընթացաւարտի գումարները աւելի փոքր են, որպէսզի հնարաւորինս շատ ուսանողներ օգտուին անկէ: Ամեն տարի մօտաւորապէս 150 նոր կրթաթոշակներ՝ տարբեր չափերով, կը տրուին 15-20 երկիրներու մէջ:

ԴԻՄԵԼ
Վերջին թարմացում՝ 24 Փետրվարի 2023

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։