Հայկական Համայնքներու Բաժանմունք – հսկողութիւն եւ ներգործութեան գնահատում
Արտաքին խումբի դիմումի կոչ
Պարունակ եւ նպատակներ
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը (ԳԿՀ), հիմնադրուած՝ 1956 թուականին, միջազգային հաստատութիւն է Փորթուկալի մէջ, որ կը խթանէ անհատներու եւ կազմակերպութիւններու զարգացումը՝ արուեստի, գիտութեան, կրթութեան եւ բարեգործութեան միջոցով. կ՚աշխատի աւելի արդարակշիռ եւ կայուն հասարակութեան համար, երկու սկզբունքներ որոնք առանցքը կը հանդիսանան Հիմնարկութեան 2023-27 ռազմավարական ծրագիրին:
Հիմնարկութեան նպաստամատոյց մարմիններէն է Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը, որ կ՚աշխատի հայերէնի, մշակոյթի, կրթութեան եւ հետազօտութիւններու ոլորտներուն մէջ։ Վերջին տարիներուն Բաժանմունքին աշխատանքը կեդրոնացած եղած է արեւմտահայերէնի կենսունակութեան, Սիւռքի կրթական բարեփոխումներու, համալսարանական կրթաթոշակներու, Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան աջակցութեան, մշակութային նորարարութեան, հասարակագիտական հետազօտութիւններու եւ քննական մտածողութեան զարգացումին վրայ։
Հայկական Բաժանմունքին ներկայի առաքելութիւնն է «Ամրապնդել լեզուն, մշակոյթն ու կրթութիւնը Սփիւռքի մէջ, եւ զարգացնել քննական մտածողութիւնն ու հետազօտական ոլորտը Հայաստանի մէջ»։ Անոր նպատակն է լուծել երկու հիմնարար խնդիր՝ արեւմտահայ լեզուի ու մշակոյթի անկայունութիւնը Սփիւռքի մէջ, եւ ներկայի հարցերու հանդէպ քննական հետազօտութեան բացակայութիւնը Հայաստանի մէջ։
Բաժանմունքին գործունէութիւնը կ՚իրականացուի չորս հիմնասիւներով կամ առանցքային առաջնահերթութիւններով.
- Արեւմտահայերէն լեզու.
- Մշակութային ստեղծագործութիւն եւ զարգացում.
- Հետազօտութիւններ եւ քննական ներգրաւուածութիւն.
- Համալսարանական կրթանպաստներ։
Չորս հիմնասիւներուն կողքին, Բաժանմունքը ունի նաեւ Յատուկ պարագաներու նպաստի ծրագիր, որ կը ծառայէ արձագանգելու անսպասելի զարգացումներու, ինչպէս՝ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու ճգնաժամերու պարագային։ Այս նպաստը տեղ կու տայ ճկունութեան՝ լուծում բերելու յարափոփոխ աշխարհի այժմու կարիքներուն եւ հեռանկարներուն։
Այս պարունակի մէջ, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը կը նախատեսէ համագործակցիլ արտաքին խումբի մը հետ՝ արժեւորելու Բաժանմունքին 2014-էն 2027 ժամանակահատուածի գործունէութիւնը, աշխատանքներուն ներգործութիւնը, բացայայտելու բարելաւումի կէտերը եւ դասեր քաղելու հնարաւորութիւնները:
Այս արտաքին աշխատանքային խմբակը պէտք է աշխատի անկախ եւ համագործակցի Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին աշխատակազմին հետ:
Աշխատանքային կառուցուածք եւ արդիւնքներ
Արտաքին խմբակին աշխատանքը պիտի կառուցուի հետեւեալ քայլերուն համաձայն.
- Այս աշխատանքին մէջ ներառուող նախագիծերու (կեդրոնանալով աւելի մեծածաւալ գործունէութեան վրայ), մեթոդաբանութեան եւ համապատասխան չափանիշներու սահմանում (Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին հետ միասին)՝ յստակեցնելով անհրաժեշտ քանակական եւ որակական տեղեկութիւնները:
- Սահմանուած մեթոդաբանութիւնը ներկայացնող կարճ նախնական զեկոյցի պատրաստում (Արդիւնք 1՝ 2025 թուականի հոկտեմբերի կիսուն):
- Տեղեկութեան հաւաքագրում, համակարգում եւ վերլուծութիւն՝ հիմնուելով վերջին 12 տարիներուն պատմական տուեալներու ինչպէս նաեւ ընթացիկ (2025 – 2027) տուեալներու վրայ։
- Բաժանմունքին պարբերաբար տեղեակ պահելու յանձնառութիւն՝ տեղեկութեան, գնահատումին եւ հաւանական առաջարկութիւններու վերաբերեալ. այս աջակցութիւնը նախատեսուած է իրականացնել նախագիծին ողջ ընթացքին։
- Միջանկեալ զեկոյցի պատրաստում, որ յստակօրէն կը սահմանէ բարելաւումի հնարաւորութիւնները եւ հնարաւոր ռազմավարական վերադիրքաւորումը (Արդիւնք 2՝ 2026 թուականի կէսերուն)։
- Վերջնական զեկոյցի պատրաստում, որ կը սահմանէ իրագործուած նախաձեռնութիւններու հիմնական արդիւնքները եւ ներգործութիւնը (Արդիւնք 3՝ 2027 թուականի կէսերուն)։
Դիմումի պայմաններ եւ չափանիշեր
Հետաքրքրուած թեկնածուները պէտք է իրենց դիմումի առաջարկին մէջ ներառեն հետեւեալ տեղեկութիւնները.
Դիմումներու առաջարկները պէտք չէ գերազանցեն 10 էջը (յաւելուածներու բաժինը չհաշուած)։ Դիմում պէտք է ղրկել [email protected] հասցէին մինչեւ 15 յունիս 2025։
LinkedIn-ի յայտարարութիւնը կարդալ հետեւելով յղումին։
Գնահատումի չափանիշեր
Դիմումներու առաջարկները պիտի համատեղ գնահատուին Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Ծրագրաւորումի եւ Ռազմավարութեան Բաժինին կողմէ: Ընտրութեան չափանիշներն են՝ (i) ընդհանուր առաջարկին որակը, (ii) վերջնական նպատակին հասնելու մօտեցումը/ռազմավարութիւնը, (iii) կազմակերպութեան եւ առաջարկուող խումբի անդամներուն աշխատանքային փորձը, հայկական մշակոյթի եւ համայնքներու մասին գիտելիքները, եւ փորձը, եւ (iv) նախատեսուած ծախսերը եւ առաջարկուող ժամանակացոյցը:
Հիմնարկութիւնը տարբեր առաջարկներու գնահատումը չի բացայայտեր, եւ որեւէ գնահատումի որոշում ենթակայ չէ բողոքարկումի:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար գրել՝ [email protected] հասցէին։
[1] Եթէ խումբի անդամներու փորձը կը համապատասխանէ յստակ առաջադրանքներու, անհրաժեշտ է նշել, թէ ով են իւրաքանչիւր առաջադրանքի թեկնածուները։
[2] Եթէ այս առաջադրանքին համար դիմորդը կ՚առաջարկէ լրացուցիչ բաղադրիչներ, որոնք ըստ դիմողին յաւելեալ արժէք կը բերեն նախագիծի նպատակներուն, ապա անոնք պէտք է նշուին եւ գնահատուին առանձին՝ այլ դիմումներու հետ արդար համեմատութիւն ապահովելու համար։