Նախագիծերու նպաստներ
Բաժանմունքին հիմնական նպատակն է ապահովել Սփիւռքի համայնքներու կենսունակութիւնը՝ լեզուի, մշակոյթի եւ ինքնութեան զարգացումի պայմաններ ստեղծելով, ինչպէս նաեւ սատարել Հայաստանի մէջ հետազօտութիւններու եւ քննական մտածողութեան զարգացումին։ Նախագիծերու նպաստի դիմումները բաց են բոլորին. աշխարհագրական եւ ազգութեան սահմանափակումներ չկան։
Դիմումները պէտք է համապատասխանեն Բաժանմունքին գործունէութեան հետեւեալ երեք հիմնասիւներուն՝
Կարեւոր տեղեկութիւններ
Ընդհանուր կանոններ
Նախահաշիւ
Ամերիկաներէն եկող դիմումներուն նախահաշիւը պէտք է ներկայացուի USD-ով, Միացեալ Թագաւորութենէն եկող դիմումները՝ GBP-ով։
Մնացեալ բոլոր դիմումները պէտք է ըլլան EUR-ով, ներառեալ՝ Հայաստանը, Լիբանանը եւ Թուրքիան։
Վերջնաժամկէտներ
Երեք դիմումնաշրջաններուն վերջնաժամկէտներն են՝
30 ապրիլ, 31 օգոստոս եւ 12 դեկտեմբեր։
Իւրաքանչիւր դիմումնաշրջանի նախագիծերու արժեւորումը պիտի ըլլայ վերջնաժամկէտին յաջորդող մէկ ամսուան ընթացքին։
Արդիւնքները կը յայտարարուին՝ մայիսի, սեպտեմբերի եւ յաջորդ տարուայ յունուարի վերջաւորութեան։
Բոլոր դիմողներուն հետ կապ պիտի հաստատուի դիմումին պատասխանը հաղորդելու. կը խնդրենք չգրել նախագիծի մը արժեւորումին ընթացքին մասին հարցնելու։
ԴԻՄՈՒՄԻ ՅՂՈՒՄ