Մեր մասին
Յանուն կենսունակ ապագայի
Հայկական աշխարհին մէջ ամրապնդել լեզուն, մշակոյթը եւ քննական մտածողութիւնը.
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ լեզուի, մշակոյթի, կրթութեան եւ հետազօտութեան ոլորտներուն մէջ։ Իր գործունէութեան եւ օժանդակութիւններուն միջոցով Բաժանմունքը կը փորձէ իր դրական ներգործութիւնը ունենալ հայկական աշխարհին վրայ։ Իր նիւթական ու քաղաքական անկախութեան բերումով եւ իր առաջնահերթութիւններուն, գործընկերներու ցանցին, նորարարական ծրագիրներուն եւ մարդասիրական աշխատանքին ճամբով՝ Հիմնարկութիւնը կը ձգտի բարեփոխումներ բերելու մասնաւորաբար սփիւռքահայ կեանքին մէջ։ Բաժանմունքը ապաքաղաքական է եւ կ՚առաջնորդուի դրական ազդեցութիւն եւ բարեփոխումներ բերելու սկզբունքով։
Բաժանմունքին հիմնական նպատակն է ապահովել սփիւռքի համայնքներու կենսունակութիւնը՝ լեզուի, մշակոյթի եւ ինքնութեան զարգացումի պայմանները ստեղծելով, ինչպէս նաեւ սատարել Հայաստանի մէջ հետազօտութիւններու եւ քննական մտածողութեան զարգացումին։
Պատմական ակնարկ
Մեր հիմնադիրին մասին
Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեան ծնած է 1869-ին Սկիւտար, Պոլիս։ Ամբողջ կեանքին ընթացքին ծաւալած է բարեգործական գործունէութիւն, ներառեալ՝ գրադարանի եւ եկեղեցիի հիմնադրում, դպրոցներու օժանդակութիւն, հիւանդանոցի օգնութիւն. յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է եւ օժանդակած է Միջին Արեւելքի հայութեան։
Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեան իր վերջին տասնըերեք տարիները անցուցած է Լիզպոնի մէջ, ուր մահացած է 1955-ին. անոր աճիւնները ամփոփուած են Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ։
Կիւլպէնկեանի կտակին համաձայն, 1956-ին կը հիմնուի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը, որ մինչ օրս բարեգործական աշխատանքներ կը ծաւալէ՝ արուեստի, կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներուն մէջ։
Մեր մասին
Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը, նախապէս՝ Միջին Արեւելքի Բաժանմունք, հիմնուած է 1956 թուականին։ Բաժանմունքին առաջին պատասխանատուն եղած է Գէորգ Էսաեան՝ Կիւլպէնկեանի փեսան։
Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի պատասխանատու հոգաբարձուն միշտ եղած է ազգութեամբ հայ եւ հիմնադիրին ընտանիքին անդամ: Ներկայիս, Բաժանմունքի պատասխանատու հոգաբարձուն է Մարթին Էսաեանը, որ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծոռն է։ 2013-էն սկսեալ, Բաժանմունքին տնօրէնն է Ռազմիկ Փաոնսեանը:
կարդալ աւելին
Աշխատակազմ
Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը բաղկանայ ութ աշխատակիցներէ։ Բաժանմունքը կը գտնուի Լիզպոն, Փորթուկալ, եւ ունի ներկայացուցիչ մը Լիբանանի մէջ։
կարդալ աւելին
Կապ
Calouste Gulbenkian Foundation — Armenian Communities Department
Avenida de Berna, 45-A
1067-001 Lisboa
Portugal
Ել-նամակի հասցէ՝ [email protected]
Հեռաձայնի թիւ՝ (+351) 21 782 3658
Աշխատանքային ժամեր՝ 9:00 – 17:30 (GMT)