Արեւմտահայերէն լեզու

Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը շօշափելի ներդրումներ կ՚ընէ ապահովելու համար արեւմտահայ լեզուի ու մշակոյթի կենսունակութիւնն ու երկարաժամկէտ կայունութիւնը: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն արեւմտահայերէնը հռչակած է «վտանգուած լեզու»: Բաժանմունքի գործունէութեան առաջին հենասիւնը կ’անդրադառնայ այս մարտահրաւէրին՝ որդեգրելով համապարփակ մօտեցում՝ տարբեր մակարդակներու վրայ: Բաժանմունքը կ’աջակցի մանկավարժական եւ լեզուին առնչուող առաջնակարգ գործիքներու մշակումին, ներդրումներ կը կատարէ ուսուցիչներու զարգացման ծրագիրներու եւ Սփիւռքի հայկական դպրոցներու ուղղութեամբ, կը սատարէ լեզուին վերաբերող թեքնաբանական նորարարութեան, եւ կը խրախուսէ նպատակային հրատարակութիւններն ու թուայնացման նախաձեռնութիւնները:

Մասնաւորապէս, որպէս դրամաշնորհ տրամադրող կազմակերպութիւն, Բաժանմունքը կ’աջակցի ծրագիրներու, որոնք կը ներառեն հետեւեալները, բայց չեն սահմանափակուիր անոնցմով.

  1. Արեւմտահայերէն լեզուի իւրացման ծրագիրներ եւ դասընթացքներ.
  2. Թեքնաբանական նախաձեռնութիւններ եւ լեզուական գործիքներ, ինչպէս ուղղագրիչները.
  3. Մանկավարժական նիւթերու ստեղծում մանուկներու եւ պատանիներու համար.
  4. Ուսուցիչներու զարգացման ծրագիրներ.
  5. Յատուկ կրթութիւն հայ երեխաներու համար.
  6. Նպատակային օժանդակութիւն Սփիւռքի դպրոցներուն եւ դպրոցներու հետ առնչուած ծրագիրներուն.
  7. Հայալեզու գիրքեր մանուկներու եւ պատանիներու համար.
  8. Տարբեր նիւթերով արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ՝ արդի նիւթերու եւ ինքնատիպ ստեղծագործութիւններու շեշտադրումով.
  9. Ելեկտրոնային գրադարաններ եւ լեզուական ժառանգութեան թուայնացում.
  10. Արեւմտահայերէնով լրատուամիջոցներ եւ կայքէջեր, ներառեալ ընկերային եւ հասարակական լրատուամիջոցները, «փոտքասթ»ները եւ ձայնասփիւռը.
  11. Կիրառական ծրագիրներ եւ յաւելուածներ, որոնք կը կենդրոնանան լեզուի եւ անոր առօրեայ օգտագործման վրայ.
  12. Արեւմտահայերէնին վերաբերող հետազօտութիւններ.
  13. Լեզուին առնչուած խնդիրներու վրայ աշխատող կազմակերպութիւններու աջակցութիւն։

Բաժանմունքի ռազմավարութիւնը կը նպատակադրէ ստեղծել աւելի առողջ, գործուն եւ կայուն սփիւռքեան համայնքներ՝ կենսունակ, իւրայատուկ մշակոյթով եւ կրթական համակարգով, ուր լեզուն կեդրոնական է: Այս ռազմավարութեան պարունակին մէջ, Բաժանմունքը կը գործակցի այլազան տարիքային խումբերու հետ եւ կը հովանաւորէ տարբեր տեսակի նախագիծեր: Լեզուին կենսունակութիւնը ապահովելը բազմակողմանի ուղղուածութեան գործընթաց է, որ կը պահանջէ միջամտութիւն մը՝ տարբեր մակարդակներով, բազմաթիւ ոլորտներու մէջ եւ բազմաթիւ գործընկերներու հետ:

Անցնող տարիներուն ընթացքին, Բաժանմունքի աշխատանքը նշուած ոլորտին մէջ արդէն իր որոշակի պտուղը տուաւ: Յառաջիկայ հինգ տարիներուն ընթացքին ձեռքբերումները պիտի առաւել հիմնաւորուին, ընդլայնուին եւ հաղորդուին:

 

Վերջին թարմացում՝ 14 Հունիսի 2023

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։