Զարմանազան 2024

23 նոյեմբեր 2023

Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք որ 2024-ին արեւմտահայերէնով ամառնային «Զարմանազան» ճամբարը տեղի պիտի ունենայ թէ՛ Ֆրանսայի, թէ՛ Միացեալ Նահանգներու մէջ։

«Զարմանազան»ը այն վայրն է, ուր Սփիւռքի երեխաները, պատանիները, երիտասարդները, ուսուցիչները եւ ուղեկիցները կը միանան եւ լեզուն հաճոյքով կ՚ապրին։

Ծրագիրը ունի երեք բաղադրիչներ, որոնք սերտօրէն առնչուած են իրարու.

  • 10-էն 17 տարեկան երեխաներու եւ պատանիներու համար նախատեսուած ծրագիր մը (Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ),
  • 18-էն 24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ծրագիր մը (Ֆրանսա),
  • Սփիւռքի արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն ուղղուած համալսարանական ծրագիր մը (Ֆրանսա)։

Պատանիները եւ երիտասարդները պիտի մասնակցին համատարիքային ու բազմատարիքային զանազան աշխատանոցներու, որոնք կ՚ընդգրկեն տեսողական եւ լսատեսողական արուեստներ, արհեստներ, երաժշտութիւն, մարմնային եւ թատերական արտայայտութեան զարգացում, ազատ գրութեան եւ գրական ընթերցումներու նուիրուած նիստեր, խմբային խաղեր, բնութեան մէջ պտոյտներ եւ ճամբորդութիւններ։ 

Բոլոր նիստերուն ու աշխատանոցներուն ընթացքին՝ յարաբերութեան եւ հաղորդակցութեան լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը, մասնագէտ ու տաղանդաւոր ուղեկիցներու ներկայութեամբ։ Առօրեայ կեանքին բոլոր պահերը միասնաբար կը կատարուին ու կ՚ապրուին։

Միացեալ Նահանգներու առաջին ճամբարը տեղի պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ մէջ, 2024-ի Յունիս 7-էն Յունիս 27։ Դիմումները բաց են մինչեւ 2024-ի Յունուար 31, տեղական ժամով իրիկուան 11-ին։

Ֆրանսայի 8-րդ ճամբարը տեղի պիտի ունենայ Ալպեան լեռներուն մէջ, 2024-ի Յուլիս 11-էն Օգոստոս 6։ Դիմումները պիտի բացուին 2023-ի Դեկտեմբեր 10-ին եւ պիտի փակուին 2024-ի Փետրուար 15-ին, Կրինիչի ժամով 23։00-ին։

Անհրաժեշտ է յարգել ժամկէտերը։ Երկու ճամբարներու մասնակիցներուն թիւը սահմանափակ է։

Զարմանազանի դիմելու եւ այլ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք

Զարմանազան 2024

 

Գալով Սփիւռքի արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն ուղղուած խտացեալ ծրագիրին՝ մասամբ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի «Զարմանազան»ին ընթացքին։ Դասընթացքը պիտի շարունակուի առցանց՝ 2024-2025 ուսումնական տարուան ընթացքին, Ինալքոյի (INALCO-Institut National des Langues et Civilisations Orientales) կողմէ եւ պիտի աւարտի վկայագիրով մը։ Ծրագիրը կը վարեն մասնագէտներ, որոնք կ՚առաջարկեն թէ՛ տեսական դասաւանդութիւն մը, թէ՛ ալ վերապատրաստութեան խմբային աշխատանքներ։ Այս ծրագիրին միայն 15 ուսուցիչ կարելի է ընդունիլ։

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը 2017-ին ձեռնարկեց «Զարմանազան» մանկավարժական յայտագիրին, որպէս արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագրին մէկ բաժինը։ Կազմակերպուած է Ֆրանսայի Mille et un mondes ընկերակցութեան եւ Փարիզի INALCO (Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու Ազգային Հիմնարկ)-ին համագործակցութեամբ։ 2024-ին «Զարմանազան»ը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմնի համագործակցութեամբ եւ աջակցութեամբ։

Ֆրանսայի Զարմանազանը վաւերացուած է Կրթութեան եւ Երիտասարդութեան Նախարարութեան կողմէ։

Միացեալ Նահանգներու Զարմանազանը վաւերացուած է Քալիֆորնիոյ Քըրն Գաւառի Բնութեան Առողջապահութեան Բաժանմունքին կողմէ։

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։