Լիբանան այցելութիւն

19 – 25 սեպտեմբեր 2023

17 հոկտեմբեր 2023

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան (այսուհետ՝ ԳԿՀ) Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի տնօրէն՝ Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան, 19-25 սեպտեմբեր 2023-ին այցելեց Լիբանան, ընկերակցութեամբ՝ արեւմտահայերէն ծրագիրներու աւագ պատասխանատու՝ Անի Կարմիրեանին։ Տեղւոյն անոնց միացաւ Լիբանանի ծրագիրներու պատասխանատու՝ Գայիանէ Մածունեան։ Հնգօրեայ աշխատանքային այցը կը հետապնդէր երեք նպատակ՝ այցելել ընթացիկ ծրագիրներու գործընկերներ, ինչպէս՝ դպրոցներ, համալսարաններ եւ համայնքային կազմակերպութիւններ. ներկայացնել Բաժանմունքին տասնամեայ գործունէութեան հաշուետուութիւնը, եւ Բաժանմունքին յառաջիկայ ծրագիրներուն վերաբերեալ խորհրդակցիլ լայն շրջանակի եւ յատկապէս համայնքի երիտասարդութեան հետ:

Դպրոցներ

Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի խմբակը Լիբանանի մէջ այցելեց չորս հայկական վարժարաններ, որոնք կրթական նոր ծրագիրներու մշակումին համար Հիմնարկութենէն ստացած են նպաստներ: ՀԲԸՄ վարժարանները, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճը, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը եւ Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանը կը ստեղծեն արեւմտահայերէնի դասաւանդումին ուղղուած նորարար կրթական ծրագիրներ, որ պիտի գործածուին ո՛չ միայն իրենց հաստատութիւններուն մէջ, այլ՝ տրամադրելի պիտի ըլլան հայկական այլ վարժարաններու:

Տնօրէններու եւ ուսուցչական կազմերու հետ հանդիպումներու ընթացքին քննարկուեցան դպրոցներէն ներս նոր ծրագիրներ նախաձեռնելու եւ իրագործելու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ զանոնք իրենց հաստատութիւններէն դուրս տարածելու հնարաւորութիւնները:

Համայնքային ծառայութեան կեդրոններ

Բաժանմունքը այցելեց գաղութի խոցելի շերտերուն տարբեր ծառայութիւններ մատուցող երեք հիմնական կեդրոններ: Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութիւնը, որ  կը հոգայ երեխաներու եւ չափահասներու հոգեկան առողջութեան, եւ սորվելու տարբեր տեսակի դժուարութիւններ ունեցող երեխաներու ծառայութիւններ կը մատուցէ. ուշադրութեան խիստ կարիք ունեցող երեխաներու յատուկ Զուարթնոց կեդրոնը, ուր կը գտնուի իւրայատուկ «multisensory» սենեակ մը, եւ Ճինիշեան Հաստատութիւնը, որ կ’անդրադառնայ ընկերային հարցերու՝ մասնաւորապէս երիտասարդութեան վերաբերող:

Ուսուցիչներու վերապատրաստութեան ծրագիր

Հիմնարկութիւնը մասնակցեցաւ Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանին (LAU) համագործակցութեամբ իրագործուած ուսուցիչներու վերապատրաստութեան երկամեայ ծրագիրի աւարտական հանդիսութեան: Այս երկօրեայ ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցան վերապատրաստուած 23 ուսուցիչներէն ոմանք, տեղի ունեցան ակադեմիական ելոյթներ, ինչպէս նաեւ ԳԿՀ-ի նախաձեռնած եւ հովանաւորած մանկավարժական գործիքներու մասին ներկայացում: Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ վկայագիրներու բաշխումով:

Երիտասարդական հաւաք

Բաժանմունքը կազմակերպեց երիտասարդական անպաշտօն հաւաք մը, որուն մասնակցեցան 18-էն 35 տարեկան մօտաւորապէս 50 հոգի. անոնք խօսեցան իրենց մտահոգութիւններուն եւ ձգտումներուն մասին:  Այս հանդիպումը կարեւոր առիթ մըն էր Հիմնարկութեան համար յառաջիկայ հինգ տարուան Լիբանանի ծրագիրներու մշակումի ընթացքին ուղղակի լսելու երիտասարդները եւ անոնց կարծիքները:

Բաժանմունքին ռազմավարական ծրագրաւորումին կիզակէտը պիտի հանդիսանայ երիտասարդութիւնը եւ անոնց ներդրումը:

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հանրային հանդիպում

Հիմնարկութաեն Լիբանան այցի ամենէն նշանակալից ձեռնարկը հանրային հանդիպումն էր, որ տեղի ունեցաւ 22 սեպտեմբեր 2023-ին, Պուրճ Համուտի մէջ: Մօտաւորապէս 70 հոգի ներկայ գտնուեցաւ այս հանդիպումին, որուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով՝ Բաժանմունքը ներկայացուց իր վերջին տասնամեայ գործունէութեան զեկոյցը եւ յառաջիկայ հինգ տարուան համար որդեգրելիք ուղղութիւնը: Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան ներկայացուց մինչ օրս խոստացուածը եւ իրականացուածը, ինչպէս նաեւ Բաժանմունքին հիմնական ծրագիրները: Ան խօսեցաւ Բաժանմունքին նախահաշիւին եւ Հիմնարկութենէն ներս ռազմավարական ծրագրաւորումի մշակոյթին մասին:

Յաջորդաբար՝ Գայիանէ Մածունեան, ներկայացուց Բաժանմունքի Լիբանանի ռազմավարութիւնն ու ծրագիրները իսկ Անի Կարմիրեան խօսեցաւ Բաժանմունքին հիմնական կրթական ծրագիրներուն մասին, ընդգծելով տարբեր գործիքներու կարեւորութիւնը՝ ի նպաստ արեւմտահայերէնի զարգացումին:

Վերջին տասը տարուան ընթացքին, 2014-էն 2023, Լիբանանի ծրագիրներուն եւ կրթանպաստներուն յատկացուած է մօտաւորապէս 4.5 միլիոն եւրօ: Այս գումարը կը կազմէ Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին ընդհանուր նախահաշիւին 18 տոկոսը:

Որպէս վերջին նշում, Դոկտ. Փանոսեան լսարանին փոխանցեց Բաժանմունքին ապագայի տեսլականը՝ «Ամրապնդել հայոց լեզուն, մշակոյթը եւ կրթական ոլորտը Սփիւռքի մէջ, եւ զարգացնել քննական մտածողութիւնն ու հետազօտական մշակոյթը Հայաստանի մէջ»: Այս մէկը կ’ենթադրէ Սփիւռք մը որ ո՛չ միայն կը գոյատեւէ կամ կը պահպանուի, այլ նաեւ կը զարգանայ եւ կը հզօրանայ արեւմտահայախօս կորիզով մը որ մշակոյթ կ’արտադրէ լեզուով. եւ Հայաստան մը, որ աւելի կենսունակ է, բաց ու յառաջադէմ:

Հանդիպումը աւարտեցաւ ներկաներու հարցումներով եւ կարծիքներու փոխանակութեամբ:

Ի հեճուկս երկրին եւ համայնքին դիմագրաւած բոլոր մարտահրաւէրներուն, Լիբանանի հայկական Համայնքը կը շարունակէ մնալ արեւմտահայերէնի եւ հայկական մշակոյթի կարեւոր օրրան մը: ԳԿՀ-ի աշխատանքային հինգօրեայ այս այցելութիւնը անգամ մըն եւս կը հաստատէ Հիմնարկութեան յանձնառութիւնը՝ հայախօս կառոյցներով, դպրոցներով եւ անհատներով օժտուած այս իւրայատուկ համայնքին հանդէպ:

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։