2023-ի կրթանպաստներ

11 Սպտ 2023

Ամեն տարի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը տրամադրէ մօտ 1.000.000 եւրոյի համալսարանական զանազան կրթանպաստներ. ասոր մաս կը կազմեն նոր կրթանպաստներ ինչպէս նաեւ նախորդ տարիներէն նորոգուած կրթաթոշակներ։ Ուսանողներու եւ հետազօտողներու համար կրթանպաստի երկու հիմնական ծրագիրներն են՝ «Հայագիտութեան կրթանպաստներ»-ը եւ «Բարձրագոյն կրթութեան նպաստ՝ զարգացող երկիրներու հայ ուսանողներուն համար»։

Այս տարի 260,000 եւրոյի նոր կրթաթոշակներ տրամադրուեցան՝ «Հայագիտութեան կրթանպաստներ» ծրագիրին համար. նպաստները պիտի յատկացուին երեք տարուայ ընթացքին: Բաժանմունքը ստացաւ 51 դիմում, որոնցմէ ընտրուեցան 14-ը՝ Հայաստանէն, Յունաստանէն, Լիբանանէն եւ ԱՄՆ-էն։ Կրթաթոշակները յատկացուեցան չորս դոկտորական, վեց յետ-ընթացաւարտ եւ չորս յետ-դոկտորական մակարդակի ուսանողներու, որոնք իրենց ուսումը պիտի շարունակեն Պելճիքայի, Ֆրանսայի, Փորթուկալի, Շուէտի, Միացեալ Թագաւորութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ: Հետազօտութեան նիւթերէն են՝ հայ գրականութիւն եւ թարգմանութիւն, մարդաբանութիւն, արուեստի պատմութիւն, միջազգային յարաբերութիւններ, արուեստ եւ հնագիտութիւն, պատմութիւն եւ ցեղասպանագիտութիւն:

«Բարձրագոյն կրթութեան նպաստ զարգացող երկիրներու հայ ուսանողներուն համար» ծրագիրին տրամադրուեցան 395.700 եւրոյի նոր նպաստներ, որոնք պիտի յատկացուին երեք տարուայ ընթացքին: Այս տարի Բաժանմունքը աննախադէպ բարձր թիւով դիմումներ ստացաւ, մանաւանդ Լիբանանէն՝ երկրին մէջ տիրող տնտեսական ճգնաժամին պատճառով։ Բաժանմունքը ստացաւ ընդհանուր 400 դիմում, որոնցմէ 38-ին նպաստ յատկացուց։ Կրթաթոշակ ստացողները իրենց ուսումը պիտի շարունակեն յատկապէս Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ։ Մասնագիտութեան նիւթերէն են՝ քաղաքագիտութիւն, համակարգչային գիտութիւն, հիւանդապահութիւն, կենսաբանութիւն, ճարտարագիտութիւն, տնտեսագիտութիւն, հոգեբանութիւն, դեղագործութիւն, քաղաքացիական եւ շրջակայ միջավայրի ճարտարագիտութիւն եւ այլն:

2023-ին Բաժանմունքը յաւելեալ 100.000 եւրոյի կրթաթոշակ յատկացուց Լիբանանէն 41 ուսանողներու՝ «Արտակարգ կրթանպաստ Լիբանանի հայ ուսանողներուն» առիթով։ Վերջինս մէկ անգամուան կրթանպաստ էր, նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տիրող տագնապը եւ ամոքելու հայ ուսանողներու նիւթական ծանր վիճակը։

Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը շնորհաւորէ բոլոր նպաստառուները։

Վերոնշեալ կրթանպաստի երկու ծրագիրերուն դիմումները այժմ փակ են. դիմումնաշրջանը կը վերաբացուի յունուար 2024-ին։ Բաժանմունքին կարճաժամկէտ նպաստներու ծրագիրներուն դիմումները բաց են մինչեւ տարեվերջ՝ «Կարճաժամկէտ գիտաժողովներու եւ ճամփորդական դրամաշնորհներ Հայաստանի ուսանողներուն համար», ինչպէս նաեւ «Հայագիտութեան կարճաժամկէտ հետազօտական դրամաշնորհներ»։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել Բաժանմունքին Նպաստներ եւ կրթանպաստներ էջը։

2023-ի կրթաթոշակներու ամբողջական զեկոյցը յառաջիկային տրամադրելի պիտի ըլլայ մեր կայքէջին վրայ։

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։