Թողարկուած է Android համակարգի հայերէն ուղղագրիչը

ՆայիրիՍտեղնը հայերէնի առաջին ամբողջական ստեղնաշար-ուղղագրիչն է՝ հայերէնի երկու լեզուաճիւղերուն եւ բոլոր հայերուն համար։
25 մայիս 2022

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը ներկայացնէ Android համակարգի հայերէն ուղղագրիչը։

iOS-ի ստեղնաշար-ուղղագրիչէն ետք, ահա պատրաստ է նաեւ Android համակարգի ուղղագրիչը, որ արդէն թողարկուած է ու հասանելի իր թարմացուած՝ 2.0 տարբերակով։

Android համակարգի ՆայիրիՍտեղնը կարեւոր դեր ունի հայերէն լեզուն կենսունակ պահելու մէջ. այսպիսով հայերէնը ներկայ պիտի ըլլայ ամենօրեայ, արհեստավարժ եւ ստեղծագործ կեանքի մէջ։

Շնորհակալ ենք  Nayiri.com-ի մասնագէտներուն այս յոյժ կարեւոր եւ անհրաժեշտ գործիքը ստեղծելու համար։ Իր նորագոյն տարբերակով, ՆայիրիՍտեղնը կը գործէ թէ՛ արեւմտահայերէնի, թէ՛ արեւելահայերէնի համար, թէ՛ դասական եւ թէ՛ Հայաստանեան ուղղագրութեամբ։ Ուղղագրիչը կ՚առաջարկէ չորս տարբեր ստեղնաշարեր՝ արեւմտահայերէն, արեւելահայերէն, հնչիւնային եւ գրամեքենայի շարուածքներով։ Իւրաքանչիւր շարուածք ունի ամփոփ եւ ընդարձակ տարբերակներ։

Այսօր կարելի է հայերէն գրել որեւէ գործիքի վրայ եւ որեւէ համակարգի մէջ։

ՆայիրիՍտեղնը արդէն տրամադրելի է եւ անվճար ներբեռնելի Google Play Store-էն։

ներբեռնել ՆայիրիՍտեղնը

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։