Լիբանանահայ համայնքին հետ

07 օգոստոս 2020

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հոգաբարձու մարմինի անդամ Պարոն Մարթին Էսաեան երէկ նամակ մը ուղղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որուն մէջ արտայայտեց իր հաստատակամութիւնը օժանդակելու լիբանանահայ համայնքին։ Պէյրութի նաւահանգիստի սարսափելի պայթումին հետեւանքով անմեղ զոհերուն ընտանիքներուն ցաւակցութիւն եւ կարեկցանք արտայայտելէ ետք, Պարոն Էսաեան աւելցուց. «Մենք Լիբանանի հայ համայնքին կողքին ենք, օգնելու որ իրենց կեանքը վերականգնեն, համայնքային կառոյցներն ու հաստատութիւնները վերակառուցեն։ Կը վստահեցնեմ որ պիտի շարունակենք զօրակցիլ հայ համայնքին՝ դիմագրաւելու այս արհաւիրքը»։

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը երկար տարիներու վրայ օժանդակած է Լիբանանի հայ համայնքին, յատկապէս կրթական ոլորտին մէջ։ Վերջերս Հիմնարկութիւնը նաեւ մարդասիրական օգնութիւն ղրկեց Լիբանան, որպէսզի համայնքը կարենայ դիմագրաւել համաճարակը եւ տնտեսական տագնապը։ Օգոստոս 4-ին տեղի ունեցած նաւահանգիստի պայթումին ի պատասխան, Հիմնարկութեան օժանդակութիւնը հայկական դպրոցներուն նիւթական օգնութեան բնոյթ պիտի կրէ։

 

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։