Զարմանազանը վերածուեցաւ Զարցանց 2.0-ի
Զարմանազան՝ հայերէն լեզուի մանկավարժական ամառնային ծրագիրը տեղի պիտի չունենայ այս տարի, ինչպէս որ նախատեսուած էր, պսակաձեւ ժահրին պատճառած համաճարակին հետեւանքով։
Բայց չի նշանակեր որ ամբողջովին ջնջուեցաւ։ Զարմանազանը ձեւ ու կերպարանք փոխեց, դարձաւ “Զարցանց 2.0”։
Զարցանց 2.0-ն Զարմանազանին տեղը պիտի չգրաւէ անշուշտ։ Պիտի ստեղծէ առցանց տարածք մը, որուն սահմաններէն ներս մասնակիցները ամէն օր պիտի հաղորդակցին, պիտի փոխանակեն, մնալով ամէն մէկը իր ամէնօրեայ շրջանակին մէջ, ապահով ու պատսպարուած։
“Զարմանազան”ին “Զար”ը փոխ առնելով եւ զայն “ցանց”ին կապելով (որ կը համապատասխանէ անգլերէն web-ին), Զարցանց 2.0-ն կը միախառնէ Զարմանազանի ոգին եւ 2020 տարւոյն մասնաւոր պարագաները։ Զարցանց 2.0 նոր “ծրագրաւորում”ի մը արդիւնքը պիտի ըլլայ, որուն միջոցաւ մասնակիցները պիտի խաղան, պիտի զուարճանան, պիտի սորվին, պիտի փոխանակեն, այս ամբողջը՝ արեւմտահայերէն, արտադասարանային մթնոլորտի մը մէջ, լիովին օգտուելով հաղորդակցութեան նորագոյն արհեստագիտական միջոցներէն, իր նմանը չունեցող առցանց տեսադաշտի մը հորիզոնէն ներս։
Ճիշդ ինչպէս Զարմանազանի պարագային, Զարցանց 2.0-ի կազմակերպիչն է Հազար ու մէկ աշխարհ ընկերակցութիւնը, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հետ սերտ գործակցութեամբ։ Տեղի պիտի ունենայ ուրեմն առցանց, 18-էն 24 տարեկաններուն համար՝ Յուլիս 9-էն մինչեւ Օգոստոս 8, իսկ 10-էն 17 տարեկաններուն համար՝ Յուլիս 12 մինչեւ Օգոստոս 7։ Մասնակիցները պիտի ըլլան արդէն իսկ Զարմանազան 2020-ին արձանագրուածները, ընդամէնը 67 հոգի, որոնց պէտք է աւելցնել ուղեկիցները եւ կազմակերպիչ կորիզին անդամները։ Այդ 67 մասնակիցները հետեւեալ երկիրները կ՚ապրին. Արժանթին, Գանատա, Թուրքիա, Լիբանան, Հայաստան, Մեծն Բրիտանիա, Միացեալ Նահանգներ, Յունաստան, Պելճիքա, Փորթուկալ եւ Ֆրանսա։
Աշխատանոցներու կարգին առաջարկուած են՝ երաժշտութիւն, ստեղծագործական առումով գիր ու գրականութիւն, ընթերցում, գծագրութիւն, նկարչութիւն, ձեռային աշխատանք, խոհարարութիւն, ձայնասփիւռի յայտագիրի մը եւ թերթի մը պատրաստութիւն, ինչպէս նաեւ զանազան նիւթերու շուրջ վիճաբանութիւններ։ Պաստառին առջեւ ներկայութենէն անդին զբաղումները մասնաւորապէս պիտի քաջալերուին ու հրահրուին։
Զարցանց 2.0-ն իր նմանը չունեցած եւ չունեցող փորձառութիւն մը պիտի հանդիսանայ։ Մասնակիցներուն առիթը պիտի ընծայէ իրենց աշխարհագրական տարբերութիւններուն անդրադառնալու եւ հաղորդակցութեան ու ստեղծագործութեան նոր ու յառաջադէմ ձեւեր զարգացնելու, այս ամբողջը՝ հայերէն լեզուով, թուային խողովակներու ընդմէջէն։ Այսպէսով՝ պիտի համախմբէ, բայց հեռուէն։
Դժբախտաբար, Սփիւռքի մէջ գործող հայերէնի ուսուցիչներուն ուղղուած խտացեալ յայտագիրը, որ տեղի կ՚ունենար Զարմանազանին հետ զուգահեռաբար, Փարիզի Արեւելեան Լեզուներու եւ Քաղաքակրթութիւններու Ինստիտուտին (Ինալքոյին) հետ գործակցութեամբ, այս տարի ջնջուեցաւ։ Այդ յայտագիրը հիմնուած է ուսուցիչներուն եւ Զարմանազան ճամբարի մասնակիցներուն միջեւ եռանդուն փոխներգործութեան մը վրայ։ Հասկնալի է, որ այդ փոխներգործութեան պայմանները կարելի պիտի չըլլար վերստեղծել առցանց։