Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը կը յայտարարէ երեք նոր ծրագիր Լիբանանի համար

10 փետրուար 2020

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը կը յայտարարէ երեք նոր ծրագիր Լիբանանի համար

  • ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՆՊԱՍՏԻ ԾՐԱԳԻՐ
  • ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
  • ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՕԺԱՆԴԱԿ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ ԾՐԱԳԻՐ

2019-ին Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը (այսուհետ ԳԿՀ) մշակեց յատուկ ռազմավարութիւն մը ուղղուած Լիբանանի հայկական դպրոցներուն եւ կրթական ծրագիրներուն, մասնաւոր ուշադրութիւն դարձնելով արեւմտահայերէնի դասաւանդումին եւ լեզուն փոխանցելու միջոցներու վրայ (ամբողջական ռազմավարութիւնը կարդալ հոս՝ հայերէն տարբերակ եւ անգլերէն տարբերակ)։ Այս պարունակին մէջ է որ ԳԿՀ-ն մշակած է Լիբանանի հայկական դպրոցներուն դիմակայած կրթական մարտահրաւէրները թիրախաւորող երեք նոր ծրագիրներ։ Անոնք կը վերաբերին դպրոցներուն, ուսուցիչներուն եւ նոյնինքն լեզուին։

Առաջին ծրագիրը կը հանդիսանայ «Հայկական Դպրոցներու Նպաստի Ծրագիր»-ը։ ԳԿՀ-ն կը հաւատայ որ բարենորոգումի եւ կենսական փոփոխութիւններ բերելու նախաձեռնութիւնը պէտք է գայ նոյնինքն դպրոցէն. այսինքն անիկա պէտք է հիմնուի դպրոցին պահանջքներուն եւ զարգացումի հեռանկարներուն վրայ։ Դպրոցի վարչութիւնը եւ անձնակազմը, ուսուցիչները ներառեալ, աւելի լաւ կրնան ախտորոշել իրենց պահանջքները, եւ սերտօրէն համագործակցելով կրնան մշակել ծրագիր մը որ միտի այդ յատուկ պահանջքները հոգալու եւ հետեւաբար իսկական բարեփոխումներ իրականացնելու։ ԳԿՀ-ն կը գիտակցի որ վերանորոգումի եւ բարեկարգումի ջանքեր յաճախ չեն յաջողիր, տրուած ըլլալով որ դպրոցները կը դժուարանան ռազմավարական ուղեգիծ մը կազմելու եւ առաւել եւս զայն կիրարկելու մէջ, նիւթական միջոցներու չգոյութեան պատճառով։ Հետեւաբար, ԳԿՀ-ն նիւթական միջոցներ պիտի հայթայթէ այն դպրոցներուն, որոնք յստակ ծրագիրներու ճամբով ձգտին իրենց մանկավարժական համակարգի բարեփոխումին, հասնելու շօշափելի վերանորոգումի մը, որ պիտի բարելաւեն դպրոցները եւ արեւմտահայերէնի ուսուցումը։

ԳԿՀ «Հայկական Դպրոցներու Նպաստի Ծրագիր»-ը կը միտի դպրոցներուն ընձեռելու կարելիութիւնը որ մշակեն հիմնական ծրագիր մը, որ վերաբերի ամբողջ դպրոցին, այսինքն անոր ներքին կազմակերպական կամ կրթական հարցերուն։ Այս նոր նպաստին շնորհիւ դպրոցները պիտի կարենան կիրարկել դասաւանդումի նորարար միջոցներ, կամ նոր կրթական մտածողութեան մը վրայ հիմնուած մօտեցումներ։

Երկրորդ ծրագիրը կը հանդիսանայ «Ուսուցիչներու Շարունակական Ուսումնառութեան Ծրագիր»-ը. կեդրոնացումը ըլլալով հայերէնով այլազան նիւթեր դասաւանդող բոլոր ուսուցիչներուն վրայ։ Արեւմտահայերէնի դասաւանդումը Լիբանանի մէջ (ինչպէս պարագան է այլուր սփիւռքի մէջ) մեծ եւ բարդ մարտահրաւէրներու եւ դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի այսօր. կը գիտակցինք որ այս մարտահրաւէրները յաղթահարելն ալ բնականաբար նոյնքան բարդ պիտի ըլլայ։ ԳԿՀ-ի համար, այս դժուարութիւններուն լուծումներ գտնելը – Լիբանանի մէջ կամ այլուր – կ՚ենթադրէ աւելի լայն յանձնառութիւն, քան պարզապէս նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելը։ Իր ներդրումները ուղղելով դպրոցներուն ուսուցիչներուն, աշակերտներուն եւ արեւմտահայերէնին, ԳԿՀ-ն առիթը կ՚ընծայէ որ այս մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները որոշ չափով յաղթահարուին, միշտ որպէս առաջնահերթութիւն ունենալով արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կը

Արեւմտահայերէնը նոր սերունդներուն արդիւնաւէտ միջոցներով փոխանցելու համար, անհրաժեշտ է ունենալ ուսուցիչներ՝ որոնք առաջին հերթին զինուած են համապատասխան եւ թարմ մանկավարժական մեթոտաբանութեամբ, որոնք ունին արհեստավարժ հմտութիւններ, եւ կարող են լեզուն դասաւանդել՝ ըլլալով հնարամիտ։ Հիմնարկութիւնը նպատակադրած է ուսուցիչներու համար շարունակական վերապատրաստումի ծրագիրներ հայթայթել, որպէսզի անոնք կարենան քայլ պահել արդի կրթական համակարգին հետ, շարունակ զարգանան եւ ձեռք բերեն լեզուն արդիւնաւէտ միջոցներով փոխանցելու նոր հմտութիւններ։ Ուրեմն ԳԿՀ-ն պիտի հովանաւորէ եւ համագործակցի մասնագէտներու հետ որպէսզի ստեղծուի «Ուսուցիչներու Շարունակական Ուսումնառութեան Ծրագիր»-ը։ Այս ծրագիրին հիմնական նպատակն է հայերէնի եւ ընդհանրապէս մշակոյթի դասաւանդումը ժամանակակից եւ հետաքրքրական դարձնել երիտասարդ սերունդներուն համար։

Երրորդ ծրագիրը կը հանդիսանայ ԳԿՀ-ի «Հայերէնի Օժանդակ Դասընթացքի Ծրագիր»-ը, որ մաս պիտի կազմէ «Ուսուցիչներու Շարունակական Ուսումնառութեան Ծրագիր»-ին եւ ամբողջութեամբ պիտի մատուցուի արեւմտահայերէնով։ Դասընթացքին հիմնական նպատակն է բարելաւել մասնակիցներուն արեւմտահայերէնի լեզուամտածողական իմացութիւնը։ Դասընթացքը մշակելու համար, ԳԿՀ-ն պիտի համագործակցի տեղական ուժերու ինչպէս նաեւ միջազգային մասնագէտներու հետ՝ հիմնական նպատակ ունենալով մասնակիցներուն լեզուական, մշակութային, վերլուծողական եւ քննական մտածողութեան հմտութիւններու զարգացումը՝ արեւմտահայերէնով։

ԳԿՀ «Հայկական Դպրոցներու Նպաստի Ծրագիր»-ին ամբողջական փաստաթուղթը կարդալ հետեւելով այս յղումներուն՝ հայերէն տարբերակ կամ անգլերէն տարբերակ։

ԳԿՀ «Ուսուցիչներու Շարունակական Ուսումնառութեան Ծրագիր»-ին ամբողջական փաստաթուղթը կարդալ հետեւելով այս յղումներուն՝ անգլերէն տարբերակ։

ԳԿՀ «Հայերէնի Օժանդակ Դասընթացքի Ծրագիր»-ին ամբողջական փաստաթուղթը կարդալ հետեւելով այս յղումներուն՝ հայերէն տարբերակ կամ անգլերէն տարբերակ։

 

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։