Support to Armenian Schools in Lebanon
The Calouste Gulbenkian Foundation will contribute a total of 220,000 USD to 17 Armenian schools in Lebanon to help the schools meet the increased teacher salary burden as mandated by a new law passed by the Lebanese parliament.
Please find below the full statement in Armenian:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նպաստը Լիբանանի հայկական վարժարաններուն
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը Լիբանանի հայկական վարժարաններուն 220,000 ամերիկեան տոլար պիտի տրամադրէ 2017-2018 տարեշրջանին։ 2015 թուականին «Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Լիբանանի Հայեցի Դաստիարակութեան Յատուկ Նշանակութեան Յանձնախումբ»ին նախաձեռնութեամբ իրագործուած ինքնագնահատումի ծրագրին մասնակցած 23 վարժարաններէն այսօր 17 հատը կը գործեն, ուստի ասոնց միջեւ պիտի բաժնուի նշանակուած գումարը, ըստ ամէն մէկուն աշակերտութեան թիւին։
Նկատի ունենալով Լիբանանի խորհրդարանին վերջերս վաւերացուցած օրէնքը՝ ըստ որուն բոլոր վարժարանները պէտք է կիրարկեն ուսուցիչներու աշխատավարձերու յաւելումներ եւ գիտակցելով հայկական վարժարաններուն պարտաւորութիւնն ու դժուարութիւնը լիովի գործադրելու այս նոր օրէնքը, Հիմնարկութիւնը կը նախընտրէ իր նպաստը յատկացնել հայերէն լեզուով դասաւանդող ուսուցիչներու ամսականներուն հասանելի յաւելումին։
Գումարին փոխանցումը պիտի կատարուի Ապրիլ ամսուան ընթացքին։