Փորթուկալի 2016ի Ուիքիճամբարը
Գրելու սէրը եւ ամառնային մարզախաղերը բնորոշեցին արեւմտահայերէն երկրորդ Ուիքիճամբարը, որ տեղի ունեցաւ Փորթուկալի Tempo de Aventura երիտասարդական կեդրոնին մէջ (Գատաւալ), 2016ի Օգոստոս 17էն 26ի միջեւ։
Այս տարի, Ուիքիճամբարին խումբը կը բաղկանար 50 երիտասարդներէ եւ 7 վարիչներէ։ Կու գային Աթէնքէն (2 հոգի), Պէյրութէն (8), Պոլիսէն (19), Լիոնէն (4), Մարսէյլէն (2), Փարիզէն (12) եւ Երեւանէն (10)։ Շաբթուան ընթացքին, մասնակիցները յօդուածներ գրեցին ու խմբագրեցին Ուիքիփետիայի (Wikipedia) եւ Ուիքիբառարանի (Wiktionary) համար, բազմազան եւ այլազան նիւթերու շուրջ, սկսլելով Հարի Փոթըրէն, ու ընդգրկելով ճարտարապետութիւն, կենսագրութիւններ, մինչեւ իսկ՝ հովանոցի պատմականը։ Գրական աշխատանքի կողքին, երիտասարդները բացօթեայ զանազան զբաղումներ ունեցան՝ լողացին, թիավարեցին, պարանով սահեցան եւ շատ մը հաւաքական մարզախաղերու մասնակցեցան։
Փորթուկալի Ուիքիճամբարի հիմնական նպատակն էր քաջալերել մասնակիցներուն արեւմտահայերէն գրելն ու խօսիլը իբրեւ ամէնօրեայ արտայայտութեան միջոց։ Բայց կը միտէր նաեւ ընկերային հետաքրքրաշարժ միջավայր մը ստեղծելու, որ ծնունդ տար աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը՝ նոր բարեկամութիւններու։ Բնականաբար՝ մասնակիցները անմիջապէս առցանց խումբ մը ստեղծեցին եւ կանոնաւոր կապ կը պահեն մէկ երկիրէն միւսը։
Թէ՛ Հայկական Համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան եւ թէ՛ արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագիրներու աւագ վարիչ Անի Կարմիրեան քանիցս այցելեցին Ուիքիճամբարը եւ խորապէս տպաւորուեցան մասնակիցներու եռանդով։
Փակման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Օգոստոս 24ին։ Մասնակիցներն ու վարիչները վկայականներ ստացան։ Վերջին օրը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքը դէպի Լիզպոն զբօսապտոյտ մը կազմակերպեց, որուն ընթացքին Ուիքիճամբարի մասնակիցները առիթն ունեցան այցելելու հիմնարկութեան թանգարանը եւ լուսանկարուելու պարտէզին մէջ զետեղուած Գալուստ Կիւլպէնկեանի նշանաւոր արձանին մօտ։
Երբ մեկնելու ժամը եկաւ, մասնակիցները Ուիքիփետիայի համար արեւմտահայերէն յօդուածներ գրելու իրենց պատրաստակամութիւնը պարզեցին։ Ոմանք մինչեւ իսկ իրենց ապրած քաղաքներուն մէջ Ուիքիփետիայի գրական ակումբներ հաստատելու փափաքը յայտնեցին։
Փորթուկալի Ուիքիճամբարին նպատակը միայն յօդուածներու քանակը աւելցնել չէր մրցոյթային մթնոլորտի մը մէջ. շեշտը դրուած էր լեզուական իւրացումի, գրական ձիրքերու զարգացումի, ինքնավստահութիւն ձեռք բերելու եւ հաւաքական մասնակցութեամբ աշխատանք կատարելու վրայ։
«Անսովոր բան մըն է հայերէնի հանդէպ այսպիսի հետաքրքրութիւն եւ ստեղծագործական ոգի տեսնել երիտասարդներու մօտ », ըսաւ Ռազմիկ Փանոսեան։ «Ուիքիճամբարները լեզուն զուարճալի եւ մատչելի կը դարձնեն, փոխանակ զայն վերածելու բեռի մը կամ մասունքի մը», աւելցուց ան։
«Վիքիմետիա Հայաստան»ը հիմնուած է 2013ին։ Ան միջազգային Ուիքիմետիա հիմնարկութեան գործօն անդամ մըն է, որ ճանչցուած է Սուսաննա Մկրտչեանի ղեկավարութեան տակ իր նորարար նախաձեռնութիւններով։ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքը 2015ին սկսաւ աջակցիլ «Վիքիմետիա Հայաստան»ին՝ երիտասարդ հեղինակներու մօտ արեւմտահայերէն գրելու մղումը քաջալերելու հեռանկարով։