«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւնը հայաստանեան ծրագրերու խորհրդատու կը նշանակէ դոկտ. Համազասպ Դանիէլեանը
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքը հաճոյքով կը ծանուցանէ, թէ դոկտ. Համազասպ Դանիէլեան նշանակուած է հայաստանեան ծրագրերու խորհրդատու. Դանիէլեան, որ գործի սկսած է Յունուար 1-ին, բաժանմունքին պատուիրակը պիտի ըլլայ։ Անոր պատասխանատուութեան մաս կը կազմեն ծրագրերու պատրաստութիւնը ու հետապնդումը, գործընկերութիւններու զարգացումը, ինչպէս նաեւ մասնակցութիւնը պաշտօնական ու աշխատանքային զանազան ժողովներու։
«Կը փափաքինք աւելի արդիւնաւէտ եւ կանոնաւոր կապ մը հաստատել Հայաստանի ուսումնական, քաղաքացիական ընկերութեան եւ կառավարութեան տարբեր հատուածներու հետ՝ մեր կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական նպատակները իրագործելու համար», ըսաւ Ռազմիկ Փանոսեան՝ Հայկական Համայնքներու բաժանմունքի տնօրէնը։ «Դոկտ. Դանիէլեանի ներկայութիւնը մեծապէս պիտի դիւրացնէ մեր աշխատանքը տեղւոյն վրայ»։
Համազասպ Դանիէլեան աշխատած է որպէս օգնական դասախօս Երեւանի պետական համալսարանի, ինչպէս եւ Հայաստանի այլ առաջնակարգ կրթական հաստատութիւններու մէջ։ Ան իր կրթութիւնը ստացած է քաղաքական գիտութիւններու ճիւղին մէջ, եւ իր ակադեմական հետաքրքրութիւնները կ՚ընդգրկեն Հայաստանն ու Սփիւռքը։ Իր հետազօտական եւ դասախօսական գործունէութեան առընթեր, Դանիէլեան աւելի քան 10 տարուան գործնական փորձառութիւն ունի՝ ժողովրդավարութեան եւ կառավարելիութեան, քաղաքացիական ընկերութեան, համայնքի զարգացման եւ քաղաքացիական կրթութեան ծրագրերու գործադրութեան եւ վերահսկողութեան մէջ։