Փորթուկալը պատուոյ հիւպատոս կը նշանակէ Հայաստանի մէջ
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքը հաճոյքով կը նշէ, որ Փորթուկալի կառավարութիւնը՝ դեսպան Մարիօ Կոտինիօ տէ Մաթոսի միջոցով, պրն. Սամուէլ Սամուէլեանը պատուոյ հիւպատոս նշանակած է Հայաստանի մէջ։ Հայկական Համայնքներու բաժանմունքը կը շնորհաւորէ պրն. Սամուէլեանը իր նշանակումին առիթով եւ յաջողութիւն կը մաղթէ իր պաշտօնավարութեան մէջ։ Կը յուսանք գործակցիլ պրն. Սամուէլեանի հետ փոխադարձ շահեկանութիւն ներկայացնող նախաձեռնութիւններու կապակցութեամբ, ինչպէս եւ Փորթուկալի ու Հայաստանի կապերը ուժեղացնելու ուղղութեամբ.