«Գալուստ Կիւլպէնկեան» թարգմանական մատենաշար
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքը ձեռնարկած է թարգմանական մատենաշարի մը, որուն նպատակն է մարդկային ու ընկերային գիտութիւններու հիմնական բնագիրներ տրամադրելի դարձնել հայերէնով, ինչպէս եւ հայերէն կարեւոր բնագիրներ մատչելի դարձնել այլ լեզուներով։
«Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար»ը պիտի կեդրոնանայ 19-րդ դարու վերջերէն մինչեւ մեր օրերը ստեղծուած բնագիրներու վրայ։ Ան պիտի ընդգրկէ թարգմանական չորս բնագաւառներ.
Ըստ թարգմանիչներու առկայութեան, թարգմանութիւնները արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն կրնան ըլլալ։ Այս նախաձեռնութեամբ, մեր նպատակն է տուեալ բնագիրները տրամադրելի դարձնել գիտնականներու եւ ուսանողներու՝ գլխաւորաբար Հայաստանի մէջ, մտաւորական խօսոյթի (discourse) յառաջընթացին սատարելու համար։
Այս նախաձեռնութիւնը նաեւ պիտի նպաստէ հայերէնի արդիականացման՝ նոր բառապաշարի ընդգրկումով, եւ պիտի ընդլայնէ հայերէնի եւ հայերէնէ թարգմանիչներու թիւը։ Նպատակ ունինք գործիքներ եւ պաշարներ զարգացնելու եւ տարածելու, ինչպէս եւ թարգմանիչներու վարժընթացներու մեր աջակցութիւնը բերելու։
Թարգմանելի բնագիրներ յանձնարարելու համար ստեղծուած է մասնագէտներու միջազգային յանձնախումբ մը, որուն անդամներն են.
«Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար»ը յատուկ կայքէջ մը պիտի հաստատէ, ուր պիտի հրամցուին թարգմանութիւններու ելեկտրոնային տարբերակներ (ըստ կարելիութեան), նոր եզրոյթներու թարգմանութիւններ, թարգմանական հարցերու քննարկումներ, պաշարներ եւ առիթներ՝ թարգմանիչներու եւ հրատարակիչներու համար, ինչպէս եւ լուրեր՝ նախաձեռնութեան զարգացման մասին։
«Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար»ի պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 2016ին, երբ թարգմանուելիք ու հրատարակուելիք բնագիրներու սկզբնական ցանկը յայտարարենք։ 2016ի առաջին ամիսներուն նաեւ պիտի սկսինք ընտրել թարգմանիչներ եւ հրատարակիչներ, որոնց հետ գործակցութիւնը պիտի կայանայ մրցոյթի եւ ուղղակի պատուէրի խառն գործընթացով։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք կապ հաստատել «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքին հետ, գրելով [email protected] հասցէին կամ հեռաձայնելով 351 21 782 3347 թիւին։
—————————
Յ. Գ. Նկատեցինք, որ մեր անգլերէն մամլոյ հաղորդագրութիւնը արդէն իսկ հայերէն թարգմանուած ու շրջանառութեան մէջ դրուած է։ Թէեւ կը գնահատենք լրասփիւռներու նախաձեռնութիւնը՝ մեր յայտարարութիւնները հայերէնով մատչելի դարձնելու, այս պարագային ցաւով պէտք է մատնանշենք, որ հայերէն տարբերակը, զոր չէինք տեսած հրատարակութենէն առաջ, փաստական կարգ մը սխալներ կը պարունակէ։ Մեր պաշտօնական յայտարարութիւնը վերի բնագիրն է. կը խնդրենք լրասփիւռներէն, որ այս տարբերակը օգտագործեն։