«Գալուստ Կիւլպէնկեան» թարգմանական մատենաշար

11 dec 2015

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքը ձեռնարկած է թարգմանական մատենաշարի մը, որուն նպատակն է մարդկային ու ընկերային գիտութիւններու հիմնական բնագիրներ տրամադրելի դարձնել հայերէնով, ինչպէս եւ հայերէն կարեւոր բնագիրներ մատչելի դարձնել այլ լեզուներով։

 

«Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար»ը պիտի կեդրոնանայ 19-րդ դարու վերջերէն մինչեւ մեր օրերը ստեղծուած բնագիրներու վրայ։ Ան պիտի ընդգրկէ թարգմանական չորս բնագաւառներ.

 

  • Օտար լեզուներէ հայերէնի թարգմանութիւններ։ Այս բաժնին թիրախը պիտի հանդիսանան ընկերային/մարդկային գիտութիւններու հիմնարար բնագիրներ, գլխաւորաբար՝ եւրոպական լեզուներէ, որոնք հայերէնի թարգմանուած չեն։ Կալուածներու լայն շարք մը նկատի պիտի առնուի՝ ըստ անոնց (միջ)ճիւղային (interdisciplinary) ներգործութեան։
  • Հայերէնէ օտար լեզուներու թարգմանութիւններ։ Հայ իրականութեան մէջ այժմէական նշանակալից բանավէճերու բնագիրներ թարգմանական ծրագրի կիզակէտը պիտի ըլլան, դարձեալ՝ գլխաւորաբար եւրոպական լեզուներէ։
  • Թրքերէնէ հայերէն թարգմանութիւններ։ Ծրագիրը պիտի կեդրոնանայ Թուրք ժամանակակից ընկերային եւ քաղաքական մտածողութեան ընտրանիի մը վրայ. թարգմանութեան կիզակէտը պիտի ըլլայ՝ խմբագրուած ծաղկաքաղերու կերպարանքով։
  • Հայերէնէ թրքերէն թարգմանութիւններ։ Վերոյիշեալ մօտեցումը պիտի կիրարկուի՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ առկայ կարեւոր բանավէճերու թարգմանութիւններու մատուցումով։

 

Ըստ թարգմանիչներու առկայութեան, թարգմանութիւնները արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն կրնան ըլլալ։ Այս նախաձեռնութեամբ, մեր նպատակն է տուեալ բնագիրները տրամադրելի դարձնել գիտնականներու եւ ուսանողներու՝ գլխաւորաբար Հայաստանի մէջ, մտաւորական խօսոյթի (discourse) յառաջընթացին սատարելու համար։

 

Այս նախաձեռնութիւնը նաեւ պիտի նպաստէ հայերէնի արդիականացման՝ նոր բառապաշարի ընդգրկումով, եւ պիտի ընդլայնէ հայերէնի եւ հայերէնէ թարգմանիչներու թիւը։ Նպատակ ունինք գործիքներ եւ պաշարներ զարգացնելու եւ տարածելու, ինչպէս եւ թարգմանիչներու վարժընթացներու մեր աջակցութիւնը բերելու։

 

Թարգմանելի բնագիրներ յանձնարարելու համար ստեղծուած է մասնագէտներու միջազգային յանձնախումբ մը, որուն անդամներն են.

 

  • Վարդան Ազատեան՝ Երեւանի գեղարուեստի պետական ակադեմիա. Աշոտ Յովհաննիսեանի անուան հումանիտար հետազօտութիւններու ինստիտուտ. դասախօս, Երեւանի ժամանակակից արուեստի ինստիտուտ (Հայաստան)։
  • Շուշան Աւագեան՝ գրական թարգմանիչ եւ դասախօս, Վկայեալ թարգմանութեան ծրագիր, Մարդկային եւ ընկերային գիտութիւններու գոլէճ, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարան (Հայաստան)։
  • Ռէմոն Գէորգեան՝ հետազօտութեան վաստակաւոր տնօրէն, Աշխարհաքաղաքականութեան ֆրանսական հիմնարկ, Փարիզ-VIII համալսարան, Սէն-Տընի (Ֆրանսա)։
  • Արմինէ Իշխանեան՝ դասախօս եւ ընկերային քաղաքագիտութեան ու զարգացման մագիստրոսներու ծրագրի տնօրէն, Լոնտոնի տնտեսագիտութեան եւ քաղաքագիտութեան համալսարան (Մեծն Բրիտանիա)։
  • Յակոբ Կիւլլիւճեան՝ հայագիտութեան դասախօս, Մերձաւոր Արեւելքի լեզուներու եւ մշակոյթներու բաժանմունք, Գալիֆորնիոյ համալսարան, Լոս Անճելըս (ԱՄՆ)։
  • Արտաշէս Մարկոսեան՝ «Արաս» հրատարակչատան նախկին խմբագիր (Թուրքիա)։
  • Սմբատ Յովհաննիսեան՝ դասախօս, Համաշխարհային պատմութեան ամպիոն, պատմութեան բաժին, Երեւանի պետական համալսարան (Հայաստան)։
  • Արա Սանճեան՝ հայոց եւ միջին արեւելեան պատմութեան դասախօս, Հայագիտական Հետազօտութեանց Կեդրոնի վարիչ, Միշիկընի համալսարան, Տիրպորն (ԱՄՆ)։

 

«Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար»ը յատուկ կայքէջ մը պիտի հաստատէ, ուր պիտի հրամցուին թարգմանութիւններու ելեկտրոնային տարբերակներ (ըստ կարելիութեան), նոր եզրոյթներու թարգմանութիւններ, թարգմանական հարցերու քննարկումներ, պաշարներ եւ առիթներ՝ թարգմանիչներու եւ հրատարակիչներու համար, ինչպէս եւ լուրեր՝ նախաձեռնութեան զարգացման մասին։

 

«Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար»ի պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 2016ին, երբ թարգմանուելիք ու հրատարակուելիք բնագիրներու սկզբնական ցանկը յայտարարենք։ 2016ի առաջին ամիսներուն նաեւ պիտի սկսինք ընտրել թարգմանիչներ եւ հրատարակիչներ, որոնց հետ գործակցութիւնը պիտի կայանայ մրցոյթի եւ ուղղակի պատուէրի խառն գործընթացով։

 

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք կապ հաստատել «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքին հետ, գրելով [email protected] հասցէին կամ հեռաձայնելով 351 21 782 3347 թիւին։

 

—————————

 

Յ. Գ. Նկատեցինք, որ մեր անգլերէն մամլոյ հաղորդագրութիւնը արդէն իսկ հայերէն թարգմանուած ու շրջանառութեան մէջ դրուած է։ Թէեւ կը գնահատենք լրասփիւռներու նախաձեռնութիւնը՝ մեր յայտարարութիւնները հայերէնով մատչելի դարձնելու, այս պարագային ցաւով պէտք է մատնանշենք, որ հայերէն տարբերակը, զոր չէինք տեսած հրատարակութենէն առաջ, փաստական կարգ մը սխալներ կը պարունակէ։ Մեր պաշտօնական յայտարարութիւնը վերի բնագիրն է. կը խնդրենք լրասփիւռներէն, որ այս տարբերակը օգտագործեն։

Cookies settings

Cookies Selection

This website uses cookies to improve your browsing experience, security, and its website performance. We may also use cookies to share information on social media and to display messages and advertisements personalised to your interests, both on our website and in others.