Համաձայնագիր՝ Արեւմտահայերէնի Զարգացման ի Նպաստ
Հոկտեմբեր 28, 2014.- «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութիւնը ստորագրեցին համաձայնագիր մը՝ միասնաբար արեւմտահայերէնի զարգացման սատարելու նպատակով։ Համաձայնագիրը ստորագրեցին Սփիւռքի նախարարը՝ Հրանոյշ Յակոբեան եւ բաժանմունքիս տնօրէնը՝ Ռազմիկ Փանոսեան, որ կը ներկայացնէր Հիմնարկութեան հոգաբարձու մարմնի անդամ Մարթին Էսայեանը։
Այս համաձայնագիրը Հայկական Համայնքներու բաժանմունքի հայերէն լեզուի եւ մշակոյթի զարգացման ուղղուած ծրագիրներուն մաս կը կազմէ, եւ կը լրացնէ այն յանձնառութիւնները, զորս բաժանմունքս ստանձնած է Հայաստանի ուսումնական եւ քաղաքացիական ընկերութեան բնագաւառներուն մէջ։ Առաջին տարին՝ Հիմնարկութիւնը 75.000 եւրոյի (մօտաւորապէս 100.000 տոլարի) նպաստ մը պիտի բերէ այս համաձայնագրին, որ ի զօրու է երեք տարուան համար։ Համաձայնագրի գործունէութեան ծիրը սահմանուած է հետեւեալ կերպով. ա) Օժանդակել նախաձեռնութիւններու, որոնք ձեռնարկուած են Հայաստանի մէջ Արեւմտահայերէն Սորվելու Կրթական Կեդրոնին եւ այլ նմանօրինակ հաստատութիւններու կողմէ. բ) Աջակցիլ կրթաթոշակներու ծրագրի մը, ուղղուած՝ սփիւռքահայ ուսանողներու, որոնք կը փափաքին հայագիտական դասընթացքի մը հետեւիլ Հայաստանեան համալսարանի մը մէջ։
Հիմնարկութիւնը եւ նախարարութիւնը կը նախատեսեն համադրել իրենց փոխադարձ ճիգերը՝ արեւմտահայերէնի ուսուցման նիւթերու (տպագիր եւ ելեկտրոնային) հրատարակութեան եւ տարածման համար, եւ նոյնպէս կը նախասեսեն պարբերաբար զիրար տեղեկացնել իրենց փոխադարձ գործունէութիւններուն մասին։