«ՀԱՅԵՐԸ 2115ԻՆ» ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՍԵՄԻՆԱՐ

Ղեկավարներ եւ մտաւորականներ կը հաւաքուին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան մէջ՝ հայկական ապագայ ռազմավարութիւնը քննարկելու համար - «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը հայ ղեկավարներու երկօրեայ եզակի սեմինար մը հիւրընկալեց՝ ապագայի տեսիլքով։ Մասնաւոր հրաւէրով կազմակերպուած Հոկտեմբեր 13-14ի հաւաքոյթը բարձր մակարդակի ֆորում մըն էր, ուր ռազմավարական քննարկումներ տեղի ունեցան առանձնացած միջավայրի մը մէջ։
31 oct 2014

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը հայ ղեկավարներու երկօրեայ եզակի սեմինար մը հիւրընկալեց՝ ապագայի տեսիլքով։ Մասնաւոր հրաւէրով կազմակերպուած Հոկտեմբեր 13-14ի հաւաքոյթը բարձր մակարդակի ֆորում մըն էր, ուր ռազմավարական քննարկումներ տեղի ունեցան առանձնացած միջավայրի մը մէջ։

Մասնակիցներուն կիզակէտը հայաշխարհը յուզող ու ձեւաւորող միտումներ էին։ Հայութեան վրայ ներգործող բանալի հարցեր, ինչպէս Թուրքիա, Ռուսաստան, Ատրպէյճան, Վրաստան, Եւրոպա, Միջին Արեւելք, Հայաստան եւ Սփիւռք տեղի ունեցող իրադարձութիւններ, ուրուագծուեցան մասնագէտ համակարգողներու կողմէ։

Քննարկուած հարցերուն շարքին էին Սփիւռքի յարաբերութիւնը Հայաստանի կառավարութեան ու քաղաքացիական ընկերութեան հետ, դիմակայումը Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ, սփիւռքեան համայնքներու պահպանման հեռանկարները եւ ինքնութեան բանաձեւումներ։ Անոնք փոխկապակցուած էին ապագայի հնարաւոր բեմագիրներու հետ, որոնք կը ներառնեն ռուսական ազդեցութիւնը Հայաստանի մէջ, Թուրքիոյ ժողովրդավարական զարգացումը, Ատրպէյճանի հետ պատերազմի սպառնալիքը, միջինարեւելեան հակամարտութիւններուն ներգործութիւնը հայոց վրայ եւ Եւրոպական Միութեան ներքին հոլովոյթները։

Սեմինարին մասնակցող քառասուն անձերը աշխարհասփիւռ հայութեան բոլոր շրջանները կը ներկայացնէին՝ Եւրոպա, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկա, Թուրքիա, Միջին Արեւելք, Ռուսաստան եւ, անշուշտ, Հայաստան։ Սփիւռքի մտաւորական ու համայնքային գլխաւոր միտումները ամբողջութեամբ ներկայ էին։ Որոշ ոչ-հայ մասնագէտներ հրաւիրուած էին որպէս համակարգողներ։

Բոլոր մասնակիցները համաձայն էին, որ ժողովը հիմնական կարեւորութիւն ունէր եւ որ քննարկումները պէտք է շարունակուին կանոնաւոր կերպով։ Առաջարկուեցաւ, որ նախաձեռնութիւնը ժողովներու շարքի մը վերածուի, նման՝ Տաւոսի միջազգային տարեկան հաւաքոյթին, ռազմավարութեան շուրջ վիճելու, գործունէութիւն համադրելու եւ տեղեկութիւններ կիսելու համար։

«Այդպիսի ընտիր եւ այլազան խումբ մը մարդոց մէկտեղումը սենեակի մը մէջ, հայ ժողովուրդի՝ հայրենիքի եւ սփիւռքի ապագան քննարկելու համար, իսկական առանձնաշնորհում մըն էր եւ եզակի փորձառութիւն մը», յայտնեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան հոգաբարձու եւ սեմինարի հիւրընկալողներէն Մարթին Էսայեանը։ «Մասնակիցներէն շատերը պատրաստ են շարունակելու իրենց յանձնառութիւնը եւ շնորհաւորեցին Հիմնարկութիւնը՝ հաւաքոյթը կազմակերպելու կարողութեան համար։ Ժողովը որոշապէս ցոյց տուաւ Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին նոր ուղղութիւնը որպէս դերակատար ու համախմբող, աւելի քան պարզ նուիրատու մը, հայաշխարհի մէջ»։

Սեմինարին արձանագրութիւններուն տեղեկագիրը պիտի հրատարակուի յետագային։

Սեմինարին մասնակիցներն էին՝ Մ. Էսայեան եւ Ռ. Փանոսեան (հիւրընկալներ), Փ. Ագըլեան, Ա. Անտոնեան, Ռ. Արտալճեան, Ն. Աֆէեան, Ճ. Գարասլանեան, Ռ. Գէորգեան, Մ. Գրիգորեան, Ն. Դաւիթեան, Ե. Զօրեան, Խ. Թէօլէօլեան, Ա. Իշխանեան, Ժ. Լիպարիտեան, Ք. Խաչիկեան, Ֆ. Մ. Կէօչէք, Ճ. Հիւզ, Ս. Ղազարեան,  Օ. Ղազարեան, Ե. Ճէրէճեան, Ռ. Մարկոսեան, Վ. Ս. Մարքէս, Ս. Միրոնիւք, Վ. Յովսէփեան, Ա. Նալճը, Ա. Չալապեան, Վ. Չեթերեան, Հ. Չիլինկիրեան, Հ. Չոպոյեան, Գ. Պարտագճեան, Պ. Պուսեթօ, Ա. Ջիլաւեան, Ս. Սամուէլեան, Ս. Սիմոնեան, Խ. Տէր Ղուկասեան, Տ. Տինք, Ս. Փանոսեան, Վ. Փափազեան, Թ. տէ Վաալ, Ռ. Վարդանեան։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հետաքրքրուողները կրնան գրել [email protected] հասցէին կամ հեռաձայնել +351 21 782 3429 թիւին։

Cookies settings

Cookies Selection

This website uses cookies to improve your browsing experience, security, and its website performance. We may also use cookies to share information on social media and to display messages and advertisements personalised to your interests, both on our website and in others.