Հովանաւորուած նախագիծեր եւ տրամադրուած կրթանպաստներ
Ամեն տարի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը հրապարակէ իր հովանաւորած նախագիծերուն ցանկերը եւ կրթաթոշակներու տարեկան զեկոյցները։
Այս էջը կը ներկայացնէ Բաժանմունքին տուեալ տարուան գործունէութիւնը, ներառեալ բոլոր հովանաւորուած նախագիծերուն մասին ամփոփ տեղեկութիւններ։
Կրթանպաստներու զեկոյցները կը ներառեն կրթաթոշակի իւրաքանչիւր ենթաբաժինին համար յատկացուած գումարները եւ կրթաթոշակառուներուն ցանկերը։
Հոս կը հրապարակուին նաեւ բովանդակ Հիմնարկութեան տարեկան զեկոյցներուն այն մասերը որոնք Հայկական Բաժանմունքին կը վերաբերին։
Նախագիծերու նպաստներ
Հայկական Բաժանմունքը նպաստներ կը յատկացնէ տարբեր նախագիծերու որոնք դրական ներգործութիւն ունին հայկական աշխարհին մէջ. հոս կրնաք ծանօթանալ նախագիծերու ցանկին։
Յաւելեալ տեղեկութիւններ
Կրթանպաստներ
Բաժանմունքը տարեկան հարիւրաւոր կրթաթոշակներ կը յատկացնէ համալսարանականներու եւ հետազօտողներու. կրթանպաստներու զեկոյցները հասանելի են հոս։
Յաւելեալ տեղեկութիւններ
Տարեկան զեկոյցներ
Բովանդակ Հիմնարկութեան տարեկան զեկոյցներուն Հայկական Բաժանմունքին գործունէութեան վերաբերող բաժինները հասանելի են հոս։
Յաւելեալ տեղեկութիւններ