Բարի եկա՛ք Զարցանց
«Զարմանազան» ամառնային ծրագիրի առցանց փորձառութենէն ծնունդ առած «Զարցանց» ծրագիրը առցանց հարթակ մըն է, ուր լեզուն բնականօրէն կ՚ապրի՝ հիմնուած նորարարական մանկավարժական ու ընկերային սկզբունքներու վրայ։
Զարցանցը բաց է 3 տարեկանէն սկսեալ բոլոր երեխաներուն, պատանիներուն եւ չափահասներուն, որոնք կ՚ուզեն վայր մը ունենալ, ուր առիթ պիտի ունենան արեւմտահայերէնով արտայայտուելու, միտքեր փոխանակելու, ստեղծելու, յայտնաբերելու, կարդալու, գծելու, գրելու, երգելու, խաղալու, եւ այսպէսով բնականօրէն զարգացնելու իրենց լեզուական կարողութիւնները եւ փորձառութիւնները։
Խմբային աշխատանոցներու մասնակցելով, իւրաքանչիւր մասնակից շաբաթը քանի մը անգամ միջոցը պիտի ունենայ սուզուելու արեւմտահայերէնին մէջ։ Տեղի պիտի ունենան համատարիքային խումբերէ կազմուած լեզուական աշխատանոցներ եւ բազմատարիքային խումբերէ կազմուած զանազան արուեստներու եւ այլ մարզերու շուրջ աշխատանոցներ։ Փորձառու եւ մասնագէտ ուղեկիցներու ներկայութեամբ առիթներ պիտի ստեղծուին լեզուն առօրեային մէջ կիրարկելու եւ բնականաբար միշտ ստեղծագործելու։
Զարցանցը կը կազմակերպուի Լիոնի «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան կողմէ եւ ծրագիրը Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան նախաձեռնութիւնն է։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեան համար կարելի է այցելել կայքէջը։