Լիզպոնեան հանդիպումներ՝ Զարմանազանի տասնամեակը կը նշուի Կիւլպէնկեանի մէջ
Այս առիթով մօտաւորապէս 50 մասնակից Զարմանազանը արժեւորելու եւ ապագային շուրջ խորհրդակցելու նպատակով Լիզպոն կը մէկտեղուին։ Նաեւ կը կազմակերպուի լեզուի փոխանցման նուիրուած գիտաժողով մը, պարի ներկայացում մը եւ ցուցահանդէս մը։
Զարմանազանը կառուցած է աշխարհի չորս ծագերէն սփիւռքահայ երեխաներու եւ երիտասարդներու ծաւալուն համայնք մը։ Խտացեալ ամառնային ծրագրով եւ այդ միջավայրէն ծնունդ առնող յարակից նախաձեռնութիւններով, Զարմանազանը, Ֆրանսայի մէջ Հազար ու մէկ աշխարհ ընկերակցութեան հետ միասնաբար, ստեղծած է տարածք մը, ուր ստեղծագործական արտայայտութեան, լեզուի իւրացման եւ փորձառութիւններու փոխանցման միջոցով մասնակիցները արեւմտահայերէնը բնականօրէն կ՚ապրին։
Գիտաժողովը կը հիւրընկալէ մանկավարժներ, արուեստագէտներ, այլ մասնակիցներ, ինչպէս նաեւ Զարմանազանի անդամներ, որոնք անցեալ տասը տարիներու ձեռքբերումներուն եւ մարտահրաւէրներուն շուրջ կը խորհրդակցին ու կը քննարկեն ապագայ հնարաւոր քայլերը։ Հանդիպումներուն մէկ մասը ներքին քննարկումներու եւ աշխատանքային նիստերու նուիրուած է, որոնց ընթացքին կը գնահատուի ծրագրին ազդեցութիւնը եւ կը մշակուին ապագայ ռազմավարութիւններ։ Իսկ միւս մասը նպատակ ունի Զարմանազանին պատմութիւնը աւելի լայն հանրութեան ներկայացնելու եւ նման փորձառութիւններու ծանօթանալու, որուն առիթով նաեւ լեզուի, ինքնութեան, ստեղծագործականութեան եւ պատկանելիութեան հարցերը միասնաբար ուսումնասիրելու։
Սփիւռքի մէջ լեզուի փոխանցում եւ կենսունակութիւն
Նոյեմբեր 4-ին, ժամը 14:30-էն 18:30, «Ապրիլ Սփիւռքը՝ լեզուի փոխանցում եւ կենսունակութիւն – փորթուկալական եւ հայկական փորձառութիւններ» խորագիրով հանրային գիտաժողովը տեղի կ՚ունենայ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան «3-րդ լսարան»-ին մէջ։
Լեզուական տարբեր փորձառութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ համախմբելով՝ գիտաժողովը կը քննարկէ լեզուները իրենց բնավայրերէն դուրս, սերունդէ սերունդ փոխանցելու մարտահրաւէրները։
Երկու նիստերու ընթացքին կը քննարկուին փորթուկալերէնի փոխանցումը սփիւռքի մէջ, ինչպէս նաեւ Փորթուկալի մէջ փոքրամասնութիւններու լեզուներու փոխանցումը եւ վերակենդանացումը՝ յատկապէս միրանտերէնը, ուքրաներէնը եւ Քափօ Վերտէի քրէօլերէնը։ Իսկ ներկայացումներու ընթացքին ունկնդիրները կը տեղեկանան Փորթուկալի մէջ լեզուական եւ ներառական հանրային քաղաքականութիւններու մասին։ Առաջին անգամ ըլլալով փորթուկալցի հանրութեան կը ներկայացուի Զարմանազանի փորձառութեամբ արեւմտահայերէնի իւրացումը՝ զատ նիստով մը։
Գիտաժողովին նպատակն է քաջալերել երկխօսութիւնը եւ փորձառութիւններու փոխանցումը այն համայնքներուն միջեւ, որոնք լեզուական զանազան մարտահրաւէրներու եւ ձուլումի հետ դէմ յանդիման կը գտնուին։
Գիտաժողովէն առաջ կը կազմակերպուի յատուկ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Զարմանազանի ծրագիրը կը ներկայացուի Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան անձնակազմին։
Յիշողութեան եւ պատկանելիութեան որոնումներով պարի ներկայացում մը
Նոյեմբեր 3-ին, ժամը 19:30-ին, Պոլսոյ «Չըփլաք Այաքլար» խմբակը կը ներկայացնէ «ՍԱՐ, լերան մը պատմութիւնն է ասիկա» ներկայացումը, որուն մէջ ելոյթ կ՚ունենան Միհրան Թովմասեանը (կատարում) եւ Պերքանթ Քըլըչքափը (երաժշտական կատարում), իսկ լուսաւորումը ստանձնած է Եասին Կիւլթէփէն։
Արմատախիլ եղած ծառի մը եւ անոր ցիրուցան սերունդներուն պատմութեան ընդմէջէն՝ ներկայացումը կ՚արծարծէ տեղահանութեան եւ յիշողութեան թեմաները, մարդոց, վայրերու եւ ինքնութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող տեւական կապերը։
«Զարմանազանը՝ երիտասարդ հայեացքով» ցուցահանդէս
Նոյեմբեր 2-էն 9, ցուցահանդէսը տեղի կ՚ունենայ Հիմնարկութեան «Hall do Bengaleiro» սրահին մէջ, ուր կը ներկայացուին Զարմանազանի մասնակից երեխաներու եւ պատանիներու ստեղծագործական աշխատանքները։
Ցուցահանդէսը կը բացայայտնէ մասնակիցներուն երեւակայական աշխարհը՝ ընդգրկելով Զարմանազանի վերջին տարիներէն գծագրութիւններ, ջրաներկ նկարներ, կաւէ ստեղծագործութիւններ, խամաճիկներ, խաւաքարտէ պզտիկ շինութիւններ, գրաւոր պատմութիւններ եւ տեսերիզներ։
Ամբողջովին արեւմտահայերէնով կազմակերպուած աշխատանոցներու ընթացքին ստեղծուած այս գործերը ցոյց կու տան, թէ լեզուն ինչպէ՛ս կրնայ դառնալ գեղարուեստական արտայայտութեան, համագործակցութեան եւ բացայայտումի միջոց մը։
Հանրային բոլոր ձեռնարկներուն՝ գիտաժողովին, ներկայացումին եւ ցուցահանդէսին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կարելի է գտնել Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան առցանց օրացոյցին վրայ։