Զրոյց Նոպէլեան մրցանակակիր Դոկտոր Արտեմ Փաթափութեանի հետ

03 Հնս 2025

Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Արտեմ Փաթափութեան մայիս 19, 2025-ին հիւրընկալուեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան մէջ ՝ հանրային յատուկ միջոցառումներու համար: Փաթափութեանի հետ հանրային զրոյցը վարեց Փորթուկալցի գիտական լրագրող Սառա Սան, հանդիսատեսին եզակի հնարաւորութիւն տալով ծանօթանալու Դոկտոր Փաթափութեանի անձնական եւ ակադեմական ուղիին՝ Պէյրութէն մինչեւ Քալիֆորնիա, ու անոր գիտական նուաճումներուն, որ հանգեցաւ 2021 Բնախօսութեան եւ Բժշկագիտութեան Նոպէլեան Մրցանակի տիրացումով:

Լիբանան ծնած ամերիկահայ Քալիֆորնիաբնակ առաջատար միջազգային գիտնականը առաջին անգամ կապ հաստատած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հետ որպէս ուսանող 1985 թուականին՝ կրթաթոշակ ստանալով Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքէն։ Կրթանպաստին շնորհիւ ան իր համալսարանական ուսումը մեկնարկեց հանրայայտ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ: Այդ առաջին քայլը՝ կրթաթոշակի ձեռագիր դիմումնագիրով, մեկնարկեց ուղի մը, որ զինք տարաւ տարբեր մայրցամաքներ եւ վերափոխեց հանրութեան պատկերացումները մարդուն զգայական համակարգին մասին:

Արտեմ Փաթափութեան խօսեցաւ իր կեանքին եւ գիտական հետազօտութիւններուն մասին, անդրադառնալով նաեւ տեղահանութեան ու վերափոխումի մարտահրաւէրներուն: Անոր կեանքի պատմութիւնը դիմակայութեան, հետաքրքրասիրութեան եւ համայնքային կայուն կապերու պատմութիւն է՝ Լիբանանի մէջ հայկական դպրոց յաճախելէն մինչեւ քաղաքացիական պատերազմը, ապա Միացեալ Նահանգներու մէջ UCLA-ի եւ Caltech-ի իր անցած ակադեմական ուղին:

Նոպէլեան մրցանակի արժանացած անոր հետազօտութիւնները կը կենտրոնանան ջերմաստիճան եւ հպում զգացող կենսաբանական ընկալիչներու վրայ: Այս յայտնագործութիւնները լայնածաւալ հետեւանքներ ունին ջղաբանութեան եւ բժշկութեան համար՝ լուսաբանելով թէ մեր մարմինները ինչպէ՛ս կը փոխազդեն ֆիզիկական աշխարհին: Դոկտոր Փաթափութեան ներկայիս ջղաբանութեան դասախօս է Scripps Research հիմնարկին մէջ, եւ հիմնական հետազօտող՝ Howard Hughes Medical Institute-ի մէջ. երկուքն էլ համաշխարհային ճանաչում ունեցող կենսաբանութեան հետազօտական կեդրոններ են:

Լիզպոնի այցի ժամանակ, Դոկտոր Փաթափութեան հանդիպեցաւ նաեւ Հիմնարկութեան նախագահ՝ Փրոֆեսոր Անթոնիօ Ֆէյժոյին եւ հոգաբարձուներու խորհուրդի այլ անդամներու հետ: Ան այցելեց Կիւլպէնկեան թանգարանի ցուցահանդէսները ինչպէս նաեւ Ժամանակակից արուեստի թանգարանը: Յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ գիտութեան ոլորտի ներկայի կրթաթոշակառուներու եւ Փորթուկալի հայ համայնքի որոշ անդամներու հետ: Արտեմ Փաթափութեան կը ներկայացնէ հայկական Սփիւռքի փորձառութեան լաւագոյն օրինակներէն՝ ցեղասպանութիւնը վերապրածներու թոռ, որ կը դիմագրաւէ ինքնութեան մարտահրաւէրներ ու արհաւիրքներ, եւ ամենաբարձր մակարդակով կը նպաստէ համաշխարհային գիտելիքին։

Հարցազրուցավար Սառա Սան հանրային զրոյցը հարստացուց գիտական լրատուութեան իր խոր փորձառութեամբ։ Անոր մտածուած եւ դիպուկ հարցումները օգնեցին կենդանացնել գիտնականին կեանքի պատմութիւնը՝ լուսաբանելով անոր նուաճումները, աշխարհահայեացքը, հիւմորը եւ համեստութիւնը։

Այս միջոցառումները ոչ միայն գիտական եւ ակադեմական գերազանցութեան անդրադարձ էին, այլեւ վառ օրինակներ՝ բարձրագոյն կրթութեան ընծայած հնարաւորութիւններուն երկարաժամկէտ դրական ներգործութեան։ Դոկտոր Փաթափութեան հայազգի երկու Նոպէլեան մրցանակակիրներէն մէկն է, որոնք 1980-ականներուն Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքէն կրթաթոշակ ստացած են։

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը շարունակէ բարձրագոյն կրթութեան կրթաթոշակներ տրամադրել՝ օգնելով հազարաւոր ուսանողներու եւ հետազօտողներու իրացնել իրենց ներուժը։ Ամեն տարի Բաժանմունքը մինչեւ մէկ միլիոն Եւրօ արժողութեամբ կրթաթոշակ կը տրամադրէ։

Դոկտոր Արտեմ Փաթափութեան Լիզպոն այցելեց Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան եւ Շամպալիմօ հիմնադրամի համատեղ հրաւէրով. Շամպալիմոյի մէջ Փաթափութեան ելոյթ ունեցաւ մայիսի 20-ին՝ աւելի մանրամասն բացատրելով իր ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները եւ անոնց արդիականութիւնը բժշկական աշխարհին համար։

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։