Արուեստի վստահութեան ցանցեր

Հաւաքում եւ վաճառք պատերազմի եւ դիւանագիտութեան ժամանակներուն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Արուեստի Պատմութեան Գիտաժողովը իր երկրորդ հրապարակային ձեռնարկով կը ներկայացնէ արուեստի աշխարհին մէջ վստահութեան ցանցերու վերաբերող մտորումներ՝ դիտուած Գալուստ Կիւլպէնկեանի կեանքին եւ անդրազգային գործունէութեան պրիսմակէն։
17 Սպտ 2025

«Արուեստի վստահութեան ցանցեր. հաւաքում եւ վաճառք պատերազմի եւ դիւանագիտութեան ժամանակներուն» գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ 8-էն 10 հոկտեմբերին, Գալուստ Կիւլպէնկեան  Հիմնարկութեան մէջ, Լիզպոն։ Մուտքը ազատ է բայց տեղերը սահմանափակ են։ Գիտաժողովին կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ առցանց։ Գալուստ Կիւլպէնկեանը իբրեւ կեդրոնական դէմք առնելով եւ յատկապէս շեշտելով հայկական ցանցերու դերը՝ ձեռնարկը կը ձգտի լոյս սփռելու ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային այն բարդ շարժիչ ուժերուն վրայ որոնք ձեւաւորած են արուեստի գործերու արտադրութիւնը, շրջանառութիւնը, հաւաքումը եւ ցուցադրութիւնը տասնիններորդ դարու վերջերէն մինչեւ քսաներորդ դարու կէսերը։

Նման անդրազգային ցանցերուն մէջ Գալուստ Կիւլպէնկեան կը յայտնուի իբրեւ բանալի դէմք մը որ կը գործէ որպէս հաւաքող, գործարար, դիւանագէտ եւ հովանաւոր։ Իր գործունէութիւնը սերտօրէն կապուած է յարաբերութիւններու ընդարձակ ցանցի մը հետ – մեծ մասը Հայկական Սփիւռքի մակարդակին – ցոյց տալով թէ ինչպէ՛ս աշխարհաքաղաքական խոր ցնցումներու ժամանակաշրջաններուն անձնական վստահութիւնը, համայնքային միասնութիւնը եւ մշակութային մերձաւորութիւնները կենսական էին արուեստի փոխանակումի պահպանումին։

Խումբ մը գիտաշխատողներ, երեք օր շարունակ պիտի քննեն թէ ինչպէ՛ս վստահութեան այս ցանցերը նեցուկ կանգնած են արուեստի աշխարհին՝ գաղթի, պատերազմի եւ դիւանագիտութեան պարունակին մէջ։ Նոր եւ անտիպ հետազօտութիւններ պիտի ներկայացուին Կիւլպէնկեան Հաւաքածոյ եւ Արխիւներ բաժինին մէջ վերջերս կատարուած խորքային ուսումնասիրութիւններուն հիման վրայ։ Քննարկումները պիտի անդրադառնան լայնածիր նիւթերու, ներառեալ Ղաջարական եւ Օսմանեան Կայսրութիւններու տարածքին արուեստի շուկաներու յայտնութեան, արուեստի գործերու առուծախին եւ հաւաքումին վրայ Առաջին եւ Երկրորդ Աշխարհամարտերու ներգործութեան, իրերու եւ մարդոց տեղափոխութեան մէջ միջազգային ցուցահանդէսներու դերին, նշելով դաշինքներ, ինչպէս նաեւ արուեստի, բարեգործութեան եւ բարերարութեան հատման կէտեր։

Գիտաժողովին ծրագիրը եւ առցանց սփռումին յղումը կարելի է գտնել հոս՝

Արուեստի վստահութեան ցանցեր

 

եւ ամբողջական ծրագիրը հոս՝ Արուեստի վստահութեան ցանցեր գիտաժողովի ծրագիր։

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։