Զրոյց Շողեր Մարկոսեանին եւ Գայիանէ Մածունեանին հետ
Տարբերակ21 հարթակի «Խօսինք ու լսենք» փոտքասթի նոր դրուագին մէջ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի Օգնական Տնօրէն՝ Շողեր Մարկոսեանը եւ ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԷՋ նախագիծի հեղինակ՝ Գայիանէ Մածունեանը կը զրուցեն Վարուժ Թէնպէլեանի հետ՝ INSPARK | ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԷՋ նորարարական ծրագիրին մասին։
Այս նոր ստեղծագործ նախաձեռնութիւնը կը միտի յոյս ներշնչելու եւ երիտասարդութեան կեանքին նկատմամբ լիազօրութիւններ եւ ձայնի իրաւունք տալու. ան կը բխի նաեւ Սփիւռքի տարածքին հայ մշակոյթը, լեզուն եւ ինքնութիւնը ամրապնդելու Հիմնարկութեան ընդհանուր առաքելութենէն։
Լիբանանի մէջ այս նպատակները վերանորոգ նշանակութիւն ստացած են շարունակուող մարտահրաւէրներու դիմաց։ Հայ երիտասարդութիւնը 2025-ին կը դիմագրաւէ դժուար իրականութիւններ եւ կը կերտէ նոր սկիզբներ՝ պահպանելով իր հարուստ ժառանգութիւնը միաժամանակ արձագանգելով շարունակ զարգացող աշխարհի ժամանակակից խնդիրներուն։
Ծրագիրին նպատակն է խրախուսել Լիբանանի մէջ ապրող հայ երիտասարդութեան ստեղծարար արտայայտութիւնը, անոնց միջոցով ամրապնդել համայնքային ինքնութիւնը եւ խթանել ընկերային փոփոխութիւնը, քաջալերել երիտասարդները պեղելու իրենց ստեղծագործական ներուժը՝ արձագանգելով ընկերային եւ մշակութային հիմնական խնդիրներու, եւ զօրակցիլ նոր ձայներու եւ նորարար գաղափարներու որոնք կը հարստացնեն Հայկական Սփիւռքի կեանքն ու մշակոյթը։
Դրուագը հասանելի է հոս. զրոյցը ամբողջութեամբ հայերէնով է։