«Gulbenkian Prize for Humanity» մրցանակ 2024

Կայուն գիւղատնտեսութեան ռահվիրաներ կը շահին այս տարուան մրցանակը։
17 Սպտ 2024

Համաշխարհային պարենային անվտանգութեան, կլիմայի դիմակայութեան եւ բնահամակարգի պաշտպանութեան համար իրենց նշանակալից ներդրումը գնահատելով, կայուն գիւղատնտեսութեան (sustainable agriculture) երեք յառաջընթացներ ստացան 2024-ի «Gulbenkian Prize for Humanity» մրցանակը։

  • «Անդհրա Պրադեշ համայնքահեն բնական գիւղատնտեսութիւն»-ը (Հնդկաստան). շրջանային ​​ծրագիր, որ կ՚աջակցի փոքր սեփականատէրերու, գլխաւորաբար կանանց, անցնիլ բնական գիւղատնտեսութեան.
  • Պրոֆեսոր Ռաթթան Լալը (ԱՄՆ/Հնդկաստան), գիտնական, որ գիւղատնտեսութեան մէջ սկզբնաւորած է հողակեդրոն մօտեցում.
  • SEKEM (Եգիպտոս)՝ կենսաուժաբանական (biodynamic) գիւղատնտեսական աշխատանք եւ ցանց, որ հողագործներու հնարաւորութիւն կու տայ անցնիլ կենսաուժաբանական կիրարկութեան:  

Մրցանակի յանձնախումբը, ղեկավարուած Դկտ. Անկելա Մերքէլի կողմէ, առաջադրանքներ ստացաւ 181 երկիրներէ՝ 117 տարբեր ազգութիւն ունեցող թեկնածուներէ։ Անոնցմէ ընտրուեցան երեքը՝ կայուն գիւղատնտեսութեան վերաբերեալ իրենց տարբեր մօտեցումներուն շնորհիւ, որոնք արդիւնաւէտ եղած են բարդ կլիմայական պայմաններու մէջ գտնուող տարբեր աշխարհագրական տարածաշրջաններու մէջ։

Այս տարուան մրցանակը կ՚ընդգծէ, թէ ինչպէս կլիմայի մարտահրաւէրները փոխկապակցուած են եւ կը հանգեցնեն փոխկապակցուած համակարգային ճգնաժամերու: Կենսոլորտի աղէտը կը խորացնէ կենսաբազմազանութեան կորուստը, ծայրայեղ եղանակային պայմանները եւ պաշարներու անկումը՝  համաշխարհային մակարդակի վրայ խաթարելով սնունդի համակարգերը եւ մարդոց առողջութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ, ժամանակավրէպ դարձած գիւղատնտեսական կիրարկումները զգալիօրէն կը նպաստեն կլիմայի փոփոխութեան՝ բնածուխի արտանետումներու, հողի եւ ջուրի աղտոտուածութեան, ինչպէս նաեւ կենսաբազմազանութեան կորուստի:

2024 թուականի յաղթողները ցոյց կու տան թէ կայուն գիւղատնտեսութիւնը ինչպէս կրնայ օգուտ բերել համայնքներու, հողագործներու, տնտեսութիւններու եւ մոլորակին: Անոնց նախաձեռնութիւնները փոխակերպող ազդեցութիւն ունեցած են գիւղատնտեսական արտադրութեան վրայ՝ զայն դարձնելով կենսոլորտի աղէտին դիմակայութեան եւ լուծումի մաս: Յաղթողները մէկ միլիոն Եւրօ արժողութեամբ մրցանակը հաւասարապէս պիտի բաժնեն, եւ կրնան զայն գործածել իրենց ջանքերը ընդլայնելու կամ կայուն գիւղատնտեսական այլ նախագծերու աջակցելու համար:

«Gulbenkian Prize for Humanity»-ն հինգ տարի շարունակ կը գնահատէ կլիմայի պաշտպանութեան աշխատանքներն ու կլիմայի պահպանումի հանգամանալից ներդրումները, որոնք յոյս եւ հնարաւորութիւն կը ներշնչեն մարդկութեան: Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը կայունութիւնը (sustainability) կը նկատէ իր ողջ գործունէութեան հիմքերէն մէկը, եւ այս մրցանակը այդ յանձնառութեան դրսեւորումն է։

Լուսանկար՝ «Իմ անտառ Հայաստան»-ի։ © RD

Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքն ալ կենսոլորտի պաշտպանութեան նախաձեռնութիւններ ներառած է իր գործունէութեան մէջ։ «Gulbenkian Prize for Humanity»-ն միջազգային է, իսկ Հայկական Բաժանմունքը իր բնապահպանական գործունէութիւնը կը կեդրոնացնէ Հայաստանի մէջ: Այս գործունէութիւնը կ՚ենթադրէ հիմնախնդիրը լուծելու ամբողջական մօտեցում մը, եւ կը ներառէ երեք ոլորտներու մէջ նախագիծեր, որոնք կը լրացնեն իրար՝ գործնական կիրարկում, կրթութիւն եւ մշակոյթ:

  • Գործնական քայլերու համար Բաժանմունքը կ՚աջակցի My Forest Armenia/Իմ անտառ Հայաստան բնապահպանական հասարակական կազմակերպութեան՝ որ լայնածաւալ անտառապատում կ՚իրականացնէ, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով կենսաբազմազանութեան, բնիկ ծառատեսակներու պաշտպանութեան եւ անտառներու հսկողութեան:
  • Կրթութեան ոլորտի մէջ, նպաստ կը յատկացուի «OmniPonics» հասարակական կազմակերպութեան՝ STEM (գիտութիւն, թեքնաբանութիւն, ճարտարագիտութիւն եւ թուաբանութիւն) եւ թեքնաբանական ու մասնագիտական ​​կրթութեան եւ ուսուցումի հնարաւորութիւններ մատուցելու համար, որ կ՚ենթադրէ մշակել կրթական ծրագիր OmniPonics համակարգերու եւ ջերմոցներու հետ գործածելու համար, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներու վերապատրաստումի խտացեալ ծրագիր:
  • Մշակոյթի ոլորտին մէջ Բաժանմունքը նպաստ կը յատկացնէ ստեղծագործական վաւերագրական ֆիլմի մը՝ իրականացուող Միրի Չեխանովիչի կողմէ, որ կը վերաբերի Երեւանի բնապահպանական եւ առողջապահական ճգնաժամերուն բարդ եւ խաչմերուկային խճանկարին, եւ կ՚առաջարկէ մաքուր եւ ապահով քաղաքը վերաիմաստաւորելու ուղիներ: Պատումը ուշադրութեան կը հրաւիրէ մեքենաներու արտանետումներու անմիջական ազդեցութեան եւ կ՚ուսումնասիրէ շրջակայ միջավայրի արդիւնահանումի աւելի լայն շրջարկը:

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։