Լեզու, ինքնութիւն եւ Սփիւռքակեդրոն նպաստատուութիւն

Քննարկումներ Լոս Անճելըսի մէջ

07 Մրտ 2024

2024 փետրուարին Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը երկօրեայ հանդիպում մը ունեցաւ Լոս Անճելըսի հայ համայնքին հետ։ Հիմնարկութիւնն ու համայնքը հիւրընկալուեցան Hero House Glendale-ի կողմէ, ուր ներկայացուեցաւ վերջին տասնամեակի Հիմնարկութեան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցան նպաստատուութեան, լեզուի, մշակոյթի եւ Հայաստանի շուրջ զրոյցներ:

Զանազան մասնագէտներու հետ զրոյցի ընթացքին Ռազմիկ Փանոսեան ներկայացուց Հիմնարկութեան աշխատանքը. Սալբի Ղազարեանի (USC) ու Հուրի Պէրպէրեանի (UC Irvine) հետ ունեցաւ հաստատութենական տեսլականի եւ նպատակային աշխատանքի շուրջ քննարկում մը, անդրադառնալով Բաժանմունքի նախագիծերուն եւ հիմնուելով Բարերարութիւն եւ արդի մարտահրաւէրներ գրքոյկին կէտերուն վրայ:

Հանդիսատեսին եւ տարբեր բանախօսներուն հետաքրքրութեան առանցքը կազմեց Բաժանմունքի սփիւռքակեդրոն մօտեցումը: Լոս Անճելըսի հանրային քննարկումը առիթ էր անդրադառնալու այս իւրայատուկ մօտեցումին եւ ցոյց տալու, որ այդ հեռանկարը Հայաստանին չի հակադրուիր, այլ անոր նկատմամբ փոխլրացուցիչ հանգամանք մը ունի: Նկատի ունենալով որ Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ստանձնած է արեւմտահայերէնի եւ արեւմտահայ մշակոյթի կենսունակութեան հաստատութենական առաջնորդութիւնը, այս մօտեցումը կ՚ենթադրէ ուրեմն արժեւորել Սփիւռքը իր առանձնայատուկ մշակոյթով եւ լեզուով, միաժամանակ եւ բնականաբար ներգրաւուած մնալով Հայաստանի մէջ:

Դկտ. Փանոսեանը նաեւ անդրադարձաւ Բաժանմունքի յանձնառութեան՝ ըլլալու թափանցիկ եւ իր շահառուներուն հետ ներգրաւուած: Նշուեցաւ որ Բաժանմունքը իր տրամադրած կրթաթոշակներու զեկոյցները եւ հովանաւորած նախագիծերու ցանկերը կը հրապարակէ իր երկլեզու կայքէջին վրայ: Բաժանմունքին պիւտճէն եւ ծախսերը շատերու հետաքրքրեցին. այս նախահաշիւը ցոյց կու տայ կեդրոնացած նպաստատուութեան կարեւորութիւնը՝ որպէս դրական ներգործութեան միջոց։ Նշուեցաւ հետեւաբար որ աշխատանքային յստակ ուղեգիծով եւ նպատակային նպաստատուութեամբ հնարաւոր կը դառնան դրական փոփոխութիւններ։

Ցուցադրուեցաւ նաեւ այս առիթով պատրաստուած Բաժանմունքին մասին ամփոփ տեսանիւթ մը։

 

Երկրորդ օրը՝ փետրուար 3-ին, տեղի ունեցան երեք կլոր սեղաններ, որոնք անդրադարձան իրարմէ տարբեր բայց միեւնոյն ժամանակ փոխկապակցուած նիւթերու: «Վերանայելով բարերարութիւնը» առաջին կլոր սեղանին ընթացքին Դկտ. Փանոսեան զրոյց մը վարեց Տոնալտ Միլլըրի (USC), Լենա Սարգիսեանի (ՀԲԸՄ) եւ Աշոտ Արզումանեանի (SmartGate VC) հետ. քննարկուեցան բարեգործական գործունէութեան նորանոր մօտեցումները, ինչ որ զրոյցը օժտեց նպաստատուութեան վերաբերող հետաքրքրական տեսակէտներով։ Հանդիսատեսին յատկապէս կը հետաքրքրէր թէ զրոյցի մասնակիցներուն կողմէ ներկայացուած կազմակերպութիւնները ինչպէ՞ս կ՚ընկալեն իրենց աշխատանքը հայկական աշխարհին մէջ, եւ թէ անոնք ինչպէ՞ս կը տեսնեն իրենց գործունէութեան անմիջական ազդեցութիւնը հայկական համայնքներու մէջ՝ ըլլան տեղական, կամ համաշխարհային: Կլոր սեղանը նաեւ անդրադարձաւ ոչ-հայկական փորձառութիւններուն, փոփոխուող բարեգործութեան աշխարհին մէջ՝ զուգահեռներ ընելու հայկականին հետ, որ նոյնպէս կը փոխուի. այստեղ ալ ներկայացուեցան նոր աշխատելաձեւերը՝ ի տարբերութիւն աւանդական նուիրրատուական սովորութեան: Ընդգծուեցաւ որ բարեգործութիւն մը որ կը միտի յստակ փոփոխութիւններ բերելու, կը տարբերուի զուտ բարեգործական նուիրատուութիւններէն։

Երկու օրուան ընթացքին տեղի ունեցած զանազան քննարկումներն ու ներկայացումները եղան երկլեզու՝ հայերէն եւ անգլերէն: Սակայն երկրորդ կլոր սեղանը՝ «Վերամտածել լեզուն եւ մշակոյթը» բացառապէս հայերէն էր. արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն լեզուաճիւղերով հեզասահ քննարկում մը ընթացաւ՝ Ռազմիկ Փանոսեանի (ԳԿՀ), Շողեր Մարկոսեանի (ԳԿՀ), Յակոբ Կիւլլիւճեանի (UCLA) եւ Շուշան Կարապետեանի (USC) մասնակցութեամբ: Այս քննարկումը նոր եւ թարմ իմաստ մը տուաւ լեզուի ընկալումին: Արեւմտահայերէնը ներկայացաւ որպէս ստեղծագործ, նորարար եւ կենսունակ լեզու եւ մշակոյթ մը, որուն միջոցով կարելի է ժամանակակից աշխարհին հաղորդ դառնալ: Ներկաները յատկապէս գնահատեցին հայերէնով այս բնոյթի քննարկումներ լսելը։ Նշուեցաւ որ ամենօրեայ լեզուն մտածողական կալուածին հետ կամրջելու լուրջ կարիք մը կայ, եւ այս քննարկումը այդ կամուրջներէն մէկն է: Ընդհանուր մտահոգութիւնները կը վերաբերէին լեզուի կենսունակութեան, զայն նոր սերունդներուն փոխանցումին, երիտասարդութեան հետ առնչուելուն, լեզուով ժամանակակից մշակոյթ մը ստեղծելուն եւ տեղեկատուական թեքնաբանութեան հետ քայլ պահելուն։ Հիմնարկութիւնը այս ոլորտներուն մէջ իր դրական փորձերուն անդրադարձաւ եւ վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը հայալեզու ծրագիրներ մշակելու ուղղութեամբ:

Այս քննարկումը նաև շեշտեց այս ոլորտին մէջ օրինակ դառնալու  անհրաժեշտութիւնը՝ թէ՛ լեզուի գործածութեան, թէ՛ ընդհանուր յանձնառութեան տեսակէտէ: Երբ կ՚աշխատինք հայերէն լեզուի ուղղութեամբ, ըլլայ անիկա ակադեմական, հաստատութենական կամ այլ մակարդակի վրայ, պէտք է աշխատինք հայերէնով: Զրուցակիցները նշեցին որ արեւմտահայերէնի բացակայութիւնը մասնագիտական կեանքէն եւ ժամանակակից նիւթերէն բացասական ազդեցութիւն մը ունի նոյնինքն լեզուին վրայ։

«Քննական մտածողութիւն» ամփոփիչ կլոր սեղանը արծարծեց Հայաստանի եւ հայկական աշխարհի քննական մտածողութեան վերաբերող զանազան փորձառութիւններ, որոնք ներկայացուեցան Սալբի Ղազարեանի (USC), Հուրի Պէրպէրեանի (UC Irvine), Աշոտ Արզումանեանի (SmartGate VC) եւ Շանթ Շխրտմեանի (UCLA) կողմէ: Յատուկ հետաքրքրութեան արժանացաւ Հայաստանի մէջ դրական փոփոխութիւններ բերելու վերջերս ի յայտ եկած նոր ձեւաչափերը։ Այստեղ, ի թիւս այլ ոլորտներու, առաջնահերթ նշանակութիւն ունի սփիւռքի մէջ փորձառութիւն ունեցող հայերու ներդրումը թեքնաբանական արդիւնաբերութեան, առողջապահութեան եւ ակադեմական ոլորտներուն մէջ (ի շարս այլ ոլորտներու): Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ ձեւաւորուած ցանցերը, յարաբերութիւնները եւ գործընկերութիւնը խթան կը հանդիսանան նաեւ քննական մտածողութեան զարգացումին: Կլոր սեղանը անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ քննական մտածողութեան զարկ տալուն եւ անոր ուսուցման բացակայութեան պատճառներուն՝ ակադեմական ոլորտէն մինչեւ քաղաքականութեան մշակում: Ընդգծուեցաւ քննական մօտեցումի կարեւորութիւնը եւ փորձագէտներու հետ աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը՝ համակարգի հզօրացման եւ արդիւնաւէտ կառավարումի մը հասնելու համար: Քննարկողները նաեւ ընդգծեցին քննական ներգրաւուածութեան շարունակական հանգամանք մը տալու կարեւորութիւնը: Կլոր սեղանը արծարծեց Սփիւռքը վերաիմաստաւորելու մարտահրաւէրը, մտածելով կրթութեան ոլորտին մասին, ինչպէս նաեւ լայն առումով ղեկավարութեան կամ առաջնորդութեան գաղափարին շուրջ: Նշուեցաւ նաեւ որ քննական մտածողութիւնը կարեւոր է ձեւաւորելու իրազեկ քաղաքացիներ, որոնք կարեւոր մէկ մասն են ժողովրդավար հասարակութիւններու եւ կ՚ապահովեն անոնց կայունութիւնը՝ դիմագրաւելու լուրջ ճգնաժամեր:

Լոս Անճելըսի այս ձեռնարկները հազուագիւտ հնարաւորութիւն մը տուին համախմբելու հայ համայնքը, նպաստատու մարմինները, անհատներն ու մասնագէտները բաց քննարկում մը ունենալու բարեգործութեան, առաջնորդութեան եւ հայ աշխարհի մէջ սփիւռքեան լեզուի եւ մշակոյթի գոյատեւումին ու զարգացումին շուրջ: Լոս Անճելըսը, որպէս հայկական կարեւոր կեդրոն, կը գտնուի Հայկական Բաժանմունքի ուշադրութեան տակ, եւ վայր մըն է ուր Հիմնարկութիւնը յոյս ունի աւելի ներկայ ըլլալ, նպատակային գործունէութեան մը իրականացման համար:

Երկօրեայ այս միջոցառումները կազմակերպուեցան USC Dornsife Institute of Armenian Studies-ի աջակցութեամբ։

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։